Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

​Հաւաքականութեան յայտարարուած գագաթնակէտային նպատակը մարդուն բարօրութիւնն ուերջանկութիւնն է, իսկ անոր գաղտնի գործելաոճը շահն է ու հարստանալու անյագութիւնը:

 

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր՝ «Կանանց շարժման ներշնչիչ հայեայցք մը» խորագրին  ներքեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան:

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վստահաբար ընթերցողներէն շատեր լսած ըլլան «չափաւոր հաւատացեալ եմ», «ծայրայեղականութենէ հեռու եմ, որովհետեւ ծայրայեղութիւն եւ հաւատք իրարու հակառակ են», «ես չեմ սիրեր չափազանցութիւններու երթալ հաւատքի կեանքիս մէջ», եւ այլն:

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Մարտ 4-ին Հայաստան տօնեց Դիւանագէտի օրը։ Այս առթիւ Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն առջեւ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է. «Անզէն աչքով ալ նկատելի է, որ նախորդ շրջանը շատ աշխոյժ դիւանագիտական տարի եղած է։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի համալիրէն ներս հանդիսաւոր ու բացառիկ ձեռնարկ մը:
Երեկոյթը զուգադիպեցաւ նահատակ պետական գործիչի ծննդեան տարեդարձի օրուան. իր դերին մէջ է Խորէն Լեւոնեան:

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Չինաստան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ:
Երեւան-Փեքին առանցքին վրայ արժեւորուեցաւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախագիծն ու ենթակառուցուածքային ծրագրեր:

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Երեւան-Թիֆլիզ օրակարգի եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագիրը չէ ստորագրուած, որովհետեւ անոր նախագծին մէջ դեռ կան երկու յօդուածներ, որոնց շուրջ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՚ուզէ արաբ կամ մահմետական բոլորին վրայ յարձակիլ։
Անգլիական «Financial Times» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարար Հաքան Ֆիտան ընդհանուր արժեւորում մը ըրաւ միջազգային օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

«Երեւանեան երկխօսութիւն» Բ. միջազգային համաժողովի ընդառաջ դիւանագիտական խորհրդակցութիւն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու մասնակցութեամբ ծանօթացման հաւաք:

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վերջին տարիներուն ամբողջովին կորսնցուցած ենք կեդրոնանալու մեր ունակութիւնը։ Այլեւս չենք կրնար քանի մը վայրկեանէն աւելի զբաղիլ որեւէ բանով, ուշադրութիւն դարձնել կամ կեդրոնանալ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աստուած որ մեծ ողորմութիւնով, Իր առատ սիրոյն համար որ մեզ սիրեց՝ երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսի հետ կենդանացուց». (ԵՓԵՍ. Բ 4-5)։ Պօղոս առաքեալի այս խօսքերուն համաձայն, ուրեմն, վերստին ծնած հաւատացեալը մանուկ մըն է, որ կը սկսի հոգեւորապէս մեծնալ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ պատիժ բառը ինքնին ոչ-դրական ազդեցութիւն մը կը ձգէ մարդուն վրայ, սակայն, իր մէջ ունի որոշ դրական նպատակներ, որոնք պատիժի գոյութիւնը արդար եւ տանելի կը դարձնեն։

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկութիւնը երկիր մոլորակին վրայ քանի՞ հազարամեակներէ ի վեր կ՚ապրի՝ հարցական է, սակայն, յստակ է, որ մարդկային կեանքին մէջ պատիժի գոյութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025

Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբը վերջին շրջանին ապահոված է յաղթական ընթացք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած է։

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025

«Արաս» հրատարակչութիւնը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ապահովելով, որ գրասէրները նորանոր հետաքրքրական գործեր ունենան իրենց տրամադրութեան տակ։

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025

Հոլանտայէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան գործունէութեան առանցքները կը յստականան:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ժողովներու ընթացքին շեշտը կը դնէ ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերուն վրայ:

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025

Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ բժիշկներու խումբի մը հետ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց խրախուսել ծնելիութիւնը՝ ազգային կենսունակութեան ամրապնդման ու հզօրացման համար:

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ներկայ մարդուն ամենէն տկար եւ զգայուն կէտը՝ իր նկարագիրն է: Այսօրուան մարդը կարծէք կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը եւ մնայուն խարխափումներու եւ թափառումներու մէջ է, ինքզինք գտնելու, ինքզինք ըլլալու: 

Էջեր