Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ լոյս աշխարհ եկած է եւրոպական եղջերու մը։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիին մէջ յունիսի 15-ին ծնած է եւրոպական եղջերուներէն երրորդը՝ Ալիսան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

Բժիշկ Դաւիթ Տօնոյեան անդրադարձած է քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ ձմերուկի եղանակի վտանգներուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

«Դուն ամէն ինչ ես ինծի համար». Քիմ Քարտաշեան շնորհաւորած է իր դստեր տարեդարձը։ Աշխարհահռչակ հայազգի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած է իր դստեր հետ Հայաստանի մէջ լուսանկարուած լուսանկարը եւ շնորհաւորած է զայն ծննդեան կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերպիոյ առաջին փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ ընկերատնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ հրապարակուած վիճակագրական վերջին տուեալները եկան ապացուցանել, որ Թուրքիոյ պարագային վարակի ծաւալման թափը միշտ կը մնայ մտահոգիչ համեմատութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մխիթար Հերացի (1110-1200) հայ բժշկութեան հիմնադիր, հայ մեծ գիտնական եւ ԺԲ դարու մե՛ծ մարդասէր մըն է։ Ծննդեան եւ մահուան թուականներու մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ, թէեւ 1110, բայց 1120, կամ նոյեմբեր 11, 1118։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարը զրկուեցաւ երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ եւ երէկ դարձեալ երկար ժամեր հարցաքննուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ. խորհրդարանի որոշումը հաւանական կը դարձնէ անոր ազատազրկումը: Բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին:
Գագիկ Ծառուկեանի վերաբերեալ իրադարձութիւնները երկրէն ներս եկած են քիչ մը աւելի խորացնել մտահոգիչ հեռանկարները. «Սա շինծու, սարքուած գործ մըն է, հիմնականին մէջ չկայ»:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

ԵՐԱՄ

Երեկոն մօտ էր արդէն։
Զանայի ամբողջ օրն անցեր էր լարուած սպասումով։ Որոշեր էր արդէն ուշ առաւօտուն, որ պիտի երթար, պիտի կանգնէր Խորենացի-Լէօ խաչմերուկի մօտ, ու սպասեր... գուցէ, թերեւս, բախտը բացուէր այսօր ու յայտնուէր ան, աղջիկը շուկայի...

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վաղը ճակատագրական օր է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին համար։ Անցնող ժամերուն տեղի ունեցած զարգացումները արդէն ցոյց տուին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները վճռած են Ծառուկեան-գործօնը «խաղ»էն հանել եւ դանդաղ, սակայն հաստատուն քայլերով զերոյի հաւասարեցնել իր ամէն տեսակի եւ մակարդակի ազդեցութեան յենարանները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Կը յիշեմ, ժողովուրդը ի սկզբանէ չէր ուզեր Սերժ Սարգսեանը։ Սակայն, ի հեճուկս ամէն տեսակ ըմբոստացումներու, ան ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

Հանր. նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի նիստը:
Թուրքիա կը պատրաստուի նոր քաղաքականութիւն մը մշակել 1915-ի դէպքերուն շուրջ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրմի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020

Էսաեան վարժարանի աշակերտութեան ծնողներուն անունով երկու ներկայացուցիչ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի եւ Մոլտովայի Արտաքին գործոց նախարար Օլեք Ցուլիայի հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ Քորոնաժահրի համավարակի շրջանէն վերջ Ճեւատ Զարիֆ եղաւ՝ Թուրքիա այցելած առաջին օտար նախարարը։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վերջին վիճակագրական տուեալները հետզհետէ աւելի անհանգստացուցիչ պատկեր մը կը պարզեն։ Մասնագէտներ արդէն միջոցէ մը ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէին, որ համավարակի տեսակէտէ երկիրը նոր տագնապի մը առջեւ կրնայ յայտնուիլ։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020

Այս առաւօտ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020

Հայաստանի Ազգային ժողովի այս առաւօտեան նիստին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը:
«Ստեղծուած խնդիրները լուծելու փոխարէն իշխանութիւնը կ՚ընթանայ ընդդիմախօսները ահաբեկելու ճանապարհով։ Ես պատրաստ եմ ամէն ինչի։ Մի՛ ընկճուիք, ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր նորակերտ շիրիմը կը բացուի։ Ոմանց համար յարգանքի արտայայտութեան նշան, ոմանց համար հետաքրքրական, ոմանց համար՝ սովորական, ոմանց համար յապաղած արարողութիւն մը ըլլալ կը թուի այս մէկը։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ մեծանուն գրող, փաստաբան եւ քաղաքագէտ Գրիգոր Զօհրապի գլուխգործոցներու մէջ առաձնայատուկ տեղ ունին անոր ստեղծած դիմանկարները:

Էջեր