Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Սպանիոյ մէջ վերստին սահմանափակումներ բերած են եւ փակած՝ լողափները քորոնաժահրի համավարակի պատճառով։ Այսպէս, Սպանիոյ իշխանութիւնները ժողովուրդի կողմէ սիրուած տասնեակ լողափներ փակած են «COVID-19»ի տարածման երկիւղներու պատճառով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ 85 հազար տոլար արժէքով մետաղադրամ թողարկած են Էլթըն Ճոնի ի պատիւ։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորական դրամահատարանը (Royal Mint) որոշած է բրիտանացի երաժիշտ Էլթըն Ճոնի աւելի քան կէսդարեայ ստեղծագործութիւնը նշանաւորել հազար փաունտ սթերլին (1247 տոլար) ոսկեայ յուշամետաղադրամով, որու աճուրդային արժէքը, փորձագէտներու գնահատումներով, կը գերազանցէ 68 հազար փաունտ սթերլինը (աւելի քան 85 հազար տոլար):

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Համավարակը բացայայտեց, որ երկիրները պատրաստ չեն դիմագրաւելու կենսաահաբեկչութիւնը։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակը ցոյց տուաւ, որ երկիրները պատրաստ չեն դիմագրաւելու ահաբեկիչներու կողմէ կենսաբանական զէնքի հնարաւոր կիրառումը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Համացանցի վրայ առաջին անգամ կը ներկայացուի Միքայէլ Նալպանտեանի ամբողջական գրական ժառանգութիւնը։ Այսպէս, «Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարան»ը՝ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մշակութային դրամաշնորհային ծրագրերու «Գրականութեան հանրահռչակման ուղղուած նախագծեր եւ միջոցառումներ» անուանակարգին մէջ իրականացուող ծրագրով կ՚ապահովէ գրող, հրապարակախօս, քննադատ, յեղափոխական Նալպանտեանի ամբողջ գրական ժառանգութեան մատչելիութիւնն ու հասանելիութիւնը համացանցի վրայ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Քանյէ Ուեսթ յայտարարած է, թէ նպատակ ունի մասնակցելու 2020 թուականի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն։ Այսպէս, յայտնի ռեփըր, Քիմ Քարտաշեանի ամուսինը՝ Քանյէ Ուեսթ, ԱՄՆ-ի անկախութեան օրը՝ յուլիսի 4-ին յայտարարած է, թէ մտադրութիւն ունի մասնակցելու երկրի 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն տակաւին յստակ չէ, որ արդեօք երաժիշտը ձեռնամուխ եղա՞ծ է քուէաթերթիկներու մէջ յայտնուելու աշխատանքին, թէ՞ ոչ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ վերջերս 49 սփիւռքահայ ուսուցիչ մրցանակի արժանացաւ՝ հայերէնով առցանց դասաւանդութիւններու համար։ Հարկ է յիշեցնել, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը անցեալ ապրիլին սփիւռքի ուսուցիչներուն համար կազմակերպած էր մրցանակ մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հիմնական թէզն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, իսկ ո՞վ ըսաւ»:
Ատրպէյճանի նախագահը միջնորդները կը քննադատէ՝ բանակցութիւններու ձեւաչափը փոխելու ուղղեալ հայկական կողմի ջանքերուն չարձագանգելու համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերջին շրջանի զանգուածային ցոյցերու ընթացքին Քոլորատոյի նահանգէն ներս Տենվըր քաղաքի հայկական յուշարձանը վնաս կրած էր։ Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի ՄաքԷնէնի նախընթաց օրուայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ այս մասին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուէրինին։ Այս այցելութեան ժամկէտը ուշագրաւ է՝ Լիպիոյ բախտորոշ իրադարձութիւններուն տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 50 հազար 545 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1053 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 19 հոգի զոհ գացած է համաճարակի եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղած է 2297։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Ռուսական նշանաւոր «Քալաշնիքով» ինքնաձիգ հրացանները սկսան արտադրուիլ նաեւ Հայաստանի մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելեց գործարան, ուր իրեն ներկայացուեցան մանրամասն տեղեկութիւններ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

ԵՐԱՄ

Սարեան-Լէօ խաչմերուկի վրայ բարձրացող շէնքի վերջնայարկի դուռը բացաւ, ելաւ դուրս։ Բանալին սողացուց կղպանքէն ներս, դարձուց երկու անգամ։ Առաւ երկու քայլ դէպի վերելակ, սեմղեց կոճակը եւ քանի մը քայլ դէպի միւս կողմ երթալով ձեռքի կապոցը նետեց աղբատար խողովակին մէջ։ Այսօր իր կարգն էր. այդպէս որոշած էին իրեն պէս վանաձորցի ուսանողուհիին հետ, որ իր հետ այդ վարձով տունը կը բաժնէր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս երէկ կարեւոր քննարկում մը տեղի ունեցաւ՝ դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններու հարցին շուրջ։ 2014 թուականին Անվտանգութեան խորհուրդը որդեգրած էր դրութիւն մը, որով կը կարգաւորուէին դէպի Սուրիա միջսահմանային միջազգային օժանդակութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ահաւասիկ, սկսաւ Հայասատանի նորընտիր նախագահի երկար սպասուած ելոյթը: Ազգաբնակչութիւնը շունչը բռնած գամուած էր հեռուստացոյցի դիմաց: Մինչ այդ, ամէն պատէ ներս լսելի էին քչփչոցներ, փսփսուքներ. ամէն մարդ կը փորձէր կանխագուշակել այս պատմական ելոյթի բովանդակութիւնը.

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020

Երէկ, Երուսաղէմի «Հրէական արուեստի» թանգարանէն չորս շաբթուայ համար Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան փոխառութեան տրուեցաւ հայերէն ձեռագիր խորհրդատետր մը՝ ուսումնասիրութեան համար: Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներուն, այդ ձեռագիրը մեր օրերուն հասած է 1674 թուականէն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան նշումներուն առիթով, իբրեւ հրատապութիւն ներկայացնող հարց, առաջին հերթին լուսարձակ կը խլէ սահմանադրական վիճարկելի փոփոխութիւններու գործընթացը, որուն ձեռնարկեցին իշխանութիւնները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020

Հայաստանի դատական իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ վերստին պիտի դատուի երկրի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնապահներէն Աղամալ Յարութիւնեան։ 24-25 սեպտեմբեր 2001 թուականին Երեւանի «Առագաստ» սրճարանին մէջ գիշերուան ժամերուն սպաննուած էր Պօղոս Պօղոսեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակումներու նոր դէպքերը կը նուազին, սակայն պէտք է ըլլալ զգոյշ։ Արդարեւ, նուազումները դանդաղ, իսկ բարձրացումները արագ թափով կ՚իրականանան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020

«Արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնը դարձած է Եւրոպական միութեան ամենակարեւոր խնդիրը»:
Ըստ Ժոզէֆ Պորելի, Արեւելեան Միջերկրականը առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ պէտք է աշխատիլ երկխօսութեամբ եւ համագործակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020

ԹՎՄ-ի (ERVAB) կողմէ զանազան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին մեր կրթական համակարգին համար:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի երէկուան ժողովը գլխաւորեց Տիգրան Կիւլմէզկիլ:

Էջեր