Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ քառասնորդացը, Պահքը, Ապաշխարանքը։
Պատասխան. Պահք կը նշանակէ որոշ ուտելիքներէ զրկուիլ կամ դադրիլ ճաշակելէ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար։
Մարմարա ծովուն մէջ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.2 սաստկութեամբ։ Երկրաշարժի էփիկեդրոնը կը գտնուէր Թէքիրտաղի Մարմարա Էրէղլիսի գաւառակէն 18.87 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ծովու կողմէն։
Հայաստանի Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը մասնաւոր ծրագիր մը պատրաստած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Այսպէս, վաղը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բացօթեայ մասնաւոր համերգ մը, «Կոմիտասին 151» խորագրին ներքեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Թէպէտ մահը զօրացաւ եւ իշխեց մարդոց վրայ, բայց Աստուած բոլորին աչքերէն արցունքը պիտի սրբէ եւ պիտի ջնջէ այն նախատինքը, որ իր ժողովուրդը կրեց աշխարհի ամբողջ տարածքին։
«Տէրը Ի՛նք խօսեցաւ ասոնք»։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտը դրուեցաւ արեւելեան Միջերկրականի վրայ։
Ապագային եւս անզիջում ձեւով պիտի շարունակուի՝ թուրք ազգի օդի, ցամաքի եւ ծովու իրաւունք ու շահերու պաշտպանութիւնը - Անգարա միշտ կողմնակից երկխօսութեան։
ԵՐԱՄ
Յաջորդ առաւօտ կանուխ կայարան փութաց Զանան։ Գտաւ Վանաձոր մեկնող փոքր հանրակառքը, վճարեց հազար դրամ, նստաւ վարորդի կողքին։ Երբ վստահ էր արդէն, վերցուց հեռախօսը եւ գրեց. «Երկու օրից Պամ. Պէտք է տեսնեմ քեզ. Հիմա՝ դէպի Վանաձոր»։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարի Մատլէն Պալեանը՝ ընկերակցութեամբ տքթ. Արմենակ-Ազնիւ Մեծատուրեան ամոլին։
Պալեան ընտանիքի շառաւիղէն մերօրեայ ժամանակներուն հասած է՝ Մարի Մատլէն Պալեան եւ թոռն է՝ Սարգիս Պալեանի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սլացաւ թռչունը ու ճախրեց ա՛յդ բարձր շէնքին վերեւէն
ակնթարթ մը միայն ու անհետք սլացք մը
ետին թողեց մանկան արտասուալից աչքերը
անցաւ իրեն «ազատ» ձգուած տան պատուհանին ճեղքէն
Համացանցի մէջ յայտնուած են Ֆրանսական Պոլինեզիայի մէջ գտնուող հրաբխային կղզիի՝ Պորա Պորայի շուրջ զբօսաշրջիկները նաւարկութեան տանելու համար նախատեսուած շքեղ «լողացող տան» լուսանկարները։
ELYT Charter Tahiti ընկերութիւնը կը պնդէ, որ քաթամարանի ձեւաւորումը, որ տակաւին կառուցման փուլի մէջ է, ոգեշնչուած է «հին պոլինեզիական լողացող նաւերու ձեւով»։
«Սիւփէր Մարիօ» խաղի ստեղծողները կը վերաթողարկեն 1980-ականներու յայտնի Game & Watch խաղի սարքը։ Այսպէս, ճաբոնական Nintendo խաղային ընկերութիւնը յայտարարած է իր Game & Watch խաղաբարձակի (քոնսոլ) վերադարձի մասին, որ 35 տարի առաջ՝ 1985 թուականին, իսկական հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր խաղային շուկային մէջ։
Ամերիկեան Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը (ՆԱՍԱ) առաջարկած է Լուսնի մակերեսէն հող բերելու համար մասնաւոր ընկերութիւններու միջեւ մրցոյթ կազմակերպել։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն ամերիկեան եւ այլ մասնաւոր ընկերութիւններու առաջարկած է պարգեւատրման փոխարէն մասնակցիլ Լուսնի մակերեսէն ռեկոլիթ նիւթը հաւաքելու եւ Երկիր հասցնելու մրցոյթին:
Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ բնակող հրուշակագործ Տիլիա Քապիլովա մասնագէտ դարձած է սննդային խորհրդապաշտ գեղեցիկ արձանիկներ պատրաստելու գործին մէջ։ Անոնք կը նմանին յախճապակիէ տիկնիկներու:
Բրիտանական Daily Mail պարբերականը ամենամեայ Comedy Wildlife Photography Awards մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն անդրադարձած է՝ ներկայացնելով վայրի բնութեան մէջ ապրող կենդանիներու ամենազուարճալի լուսանկարներու շարքը։
Յայտնի է, որ ամբողջ աշխարհէն տաղանդաւոր լուսանկարիչներ ամէն տարի այս մրցոյթին մասնակցելու համար հազարաւոր լուսանկարներ կ՚ուղակեն՝ յոյս ունենալով յայտնուիլ լաւագոյններու շարքին մէջ։
Չինացիներ «մոծակներու գրոհի պատճառով» կը հրաժարին բնակութիւն հաստատել «ուղղահայեաց պարտէզ»ի նման շէնքին մէջ։ Այսպէս, Չինաստանի Չենկտու քաղաքին մէջ մարդոց կ՚առաջարկեն բնակութիւն հաստատել «ուղղահայեաց ճեմապարտէզ»ի նման բազմաբնակարան շէնքին մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բուսածածկ պատշգամ ունի։
Սփիւռքահայ մամուլի հարուստ աւանդութիւններով օրկաններէն «Հայրենիք» թերթի թուայնացման ծրագիրը աւարտելու վրայ է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հրատարակուի «Հայրենիք»ը, որ ամերիկահայ համայնքի ձեւաւորման ու կազմաւորման վկան դարձած լրատուամիջոց մըն է։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենիա» միջազգային փառատօնի բացումը։ Երէկ երեկոյեան, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ այս փառատօնի բացման առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս երէկ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։
Իտալացի մեծանուն վարպետներու կողմէ պատկերուած Վենետիկի՝ Ս. Մարկոսի հրապարակի դրուագները Երեւանի մէջ։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս շրջանին կ՚իրականացնեն «Կովկաս-220» զօրավարժութիւնները։ Ռազմավարական, հրամանատարաշտապային բնոյթ ունին այս ռազմափորձերը, որոնք տեղի կ՚ունենան «Ալագեազ» զօրավարժարանէն ներս։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ հիւանդներու շարքին թոքի բորբոքումներու համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ։ Ըստ իրեն, առողջապահութեան համակարգի աշխատողները մեծ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն։ «Նախազգուշական միջոցներուն հնազանդելով աջակցինք անոնց», կոչ ուղղեց Ֆահրետտին Քոճա։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իր թախիծովն անսահման
«Աշնան սա Վարդն է նըման
«Սրտի մը մութ։
«Օրէ՜նքն անգութ…
«Կը մեկնի բոլորը վարդէն,
«Կ՚երթայ ժպիտը մարդէն՝
«Որ աւելնայ
«Հողին վրայ՝
«Ա՜փ մըն ալ հող - ուր սակայն
«Նոր - նոր սերմեր կը դողան…»։