Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ հայր՝ Զմիւռնիացի (Իզմիր) եպիսկոպոս, Յովհաննէս առաքեալի աշակերտ՝ համաքրիստոնէական սուրբ։ Ա. դարու այս մեծ եկեղեցական Հայրապետի մասին շատ քիչ ծանօթութիւններ հասած են մեզի։

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գուշակներու եւ մոգերու ամենէն հիմնական ճարտարութիւններէն մէկը երազներու մեկնութիւնն է. երազները մեկնելու սովորութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը: Պատմութիւնը կը փաստէ, որ մեր թուականէն արդէն իսկ հազարաւոր տարիներ առաջ Սումերներն ու այլ քաղաքակրթութիւններ երազներու մասին կը գրէին:

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025

Յունիսի 27-ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու ուժեր՝ մուտք գործելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ վեհարանի տարածք, փորձեցին ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ Մայր Աթոռ ժամանած էր քահանայից տարեկան ժողովի առթիւ՝ իբրեւ հաւաքի համակարգող։

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025

27 յունիս 2025 ուրբաթը վիթխարի ամօթի օր. դաւադիր հարուած հայոց հնագոյն ազգային հաստատութեան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ:
Հայաստանի իշխանութիւնները դիմակաւորուած մեծածաւալ ուժերով արգելափակեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մուտքերը եւ խափանեցին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի բնականոն կեանքն ու անդորրը: Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցին դէմ անպատկերացնելի հակաեկեղեցական քայլեր, որոնք նոյնիսկ չեն առնուած երբեմնի օտար տիրապետողներու կողմէ:

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերով Հայաստան այցելած էին։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն հակադրութիւնը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնեաները այս առաւօտ ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ձերբակալելու համար Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ նախօրէին երկրէն ներս ռազմական յեղաշրջման մը անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր եւ այս պատճառով իրեն դէմ հարցաքննութիւն սկսած էր։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին տեղի ունեցաւ հայերէնի փառատօն մը, որ դարձած է աւանդական։ Հայերէնի առընթեր այլ առարկաներ ալ կ՚ընդգրկէ այս փառատօնին ծրագիրը։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Ս. Խաչ դպրեվանքի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները։ Վարժարանէն ներս կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց ամբողջ Սկիւտարի շրջանի մեր հաստատութիւններու վարիչները, որոնք փութացած էին ուրախակից ըլլալու Դպրեվանքի ընտանիքին՝ մանաւանդ այս տարուան շրջանաւարտներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ հրաժեշտ տուաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն:

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանի մէջ բացառիկ ոգեւորութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն երեկոյթով մը։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Կը տեղեկանանք, որ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնէն ներս յառաջիկայ կրթական շրջանին հերթի փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ տնօրէնի պարագային։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլուին պիտի յաջորդէ Ալին Եիւճէլ, որ վերջին տարիներուն նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնը կը վարէր։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Նիւ Եորքի առաջնորդարանին մէջ էքիւմենիք ճաշասեղան՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ:
Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ այցելեց Մենհեթթընի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր նահատակուած էր երջանկայիշատակ Դուրեան սրբազանը:

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

Դէպի Փեքին այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի կողմէ։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 30)։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

20-րդ դարու սկիզբը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, վառ ու խոստմնալից ապագայ մը կը բացուէր նորաստեղծ ճառագայթային արդիւնաբերութեան։ Մատչելի եւ նորարարական ապրանքներու շուկան կը ծաղկէր եւ յատկապէս ժամացոյցներու թանկարժէք թելերը՝ լուսարձակ ռատիումով ներկուած, մեծ պահանջ ունէին։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարած իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին մի՛շտ ալ փնտռած է իմաստ, ուժ եւ ճշմարտութիւն եւ գուցէ այդ փնտռտուքին լոյսին տակ է, որ հազարաւոր տարիներ առաջ ծնունդ առած է «Մոգական գիտութիւն»ը, որ մարդուն կատարած փորձն է անտեսանելին տեսնելու:

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուծոյ լոյսովը միայն կը պայծառանայ արդարեւ կեանքը. ուստի, անսուտ եւ ճշմարիտ է աստուածաշնչական պատգամը. «Լուսով երեսաց քոց տեսանեմք զլոյս»։ Առանց աչքի անկարելի՛ է տեսնել լոյսը, եւ հոգիին աչքը Աստուծոյ մտածումն է. այդ մտածումովն է, որ պիտի կարենանք ըմբռնել կեանքին իմաստը։

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դարեր շարունակ բազմաթի՜ւ փիլիսոփաներ, պատմաբաններ, գրողներ ու մտաւորականներ սքանչացումով ու հիացմունքով արտայայտուած են հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքին, տոկունութեան եւ նոյնիսկ ամենէն դժուարին պայմաններուն մէջ ապրելու բնազդին եւ յամառութեան մասին. ազգ՝ որ բազմաթիւ փորձութիւններու մէջէն անցնելով շարունակած է պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը, ինքնութիւնը: Սակայն, վստահաբար այս բոլորը ունի իր պատճառները: 

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

​Սամաթիոյ ընտանիքը թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդէսին առթիւ ապրեցաւ մեծ խանդավառութիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ պայմաններու ներքեւ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ 11 շրջանաւարտներուն համար դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուեցաւ փայլուն հանդէս մը, որուն ներկայ էին Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները։

Էջեր