Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

«Շե­հիր» հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քը որ­պէս մա­գիստ­րո­սա­կան դա­սըն­թացք այս տա­րեշր­ջա­նին կ՚ա­ւան­դէ «Գրա­կա­նու­թիւն եւ ա­ղէտ» խո­րագ­րեալ դա­սըն­թաց­քը, ո­րուն ա­ռանց­քը կը կազ­մէ Մեծ Ե­ղեռ­նին ըն­կա­լումն ու փո­խան­ցու­մը գրա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցով։ Դա­սըն­թաց­քը կը վա­րէ Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու, ո­րու հրա­ւէ­րով ե­րէկ դա­սա­խօ­սեց բա­նա­սէր ու ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբգիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան՝ նիւթ ու­նե­նա­լով Յա­կոբ Օ­շա­կա­նին գրա­կա­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Սե­լի­նա Տո­ղա­նը, որ փու­թա­ցած էր քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տա­լու եւ ստա­նա­լու իր օրհ­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիր։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ այս փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ ԱՄՆ-ի Ա­ռեւ­տու­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի տե­ղա­կալ Տէն Մու­լան։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ խիստ յայտարարութեամբ եւ դեսպանը ետ կանչուեցաւ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ քննադատեց Ապտուլլահ Կիւլի Երեւան կատարած այցն ու մթնոլորտը մեղմացնելու փորձերը:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

​Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան համար աղօթք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ հայկական հարցին հանդէպ ԱՄՆ-ի վերաբերմունքին:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը պատ­րաս­տած է ան­մահ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցեալ թրքե­րէն ժո­ղո­վա­ծոյ մը։ Այս գիր­քը, որ ձօ­նուած է Զահ­րա­տի ծննդեան 91-րդ տա­րե­դար­ձին, կ՚ընդգր­կէ ա­նոր ա­ռա­ջին ան­գամ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նուած շարք մը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին 11-րդ ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէկ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ տօ­նախմ­բու­թեան մը, քա­նի որ այս­պի­սի մրցա­շար­քի մը շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը մեր հա­մայն­քի պայ­ման­նե­րով կը նկա­տուի լուրջ ձեռք­բե­րում մը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ի՛նչ բան որ ա­ղօթ­քով կը խնդրէք, հա­ւա­տա­ցէք թէ պի­տի՛ առ­նէք ու պի­տի կա­տա­րուի ձե­զի» (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։­

Այս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, բայց այս խոս­տու­մը պայ­ման մը ու­նի։ Այն է՝ թէ Աս­տու­ծոյ կամ­քը անհ­րա­ժե՛շտ է խնդրան­քին կա­տար­ման հա­մար։ Ուս­տի մար­դուն խնդրան­քը պէ՛տք է Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մե­մատ ու հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լայ։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի գի­տա­կան ա­կում­բը լուրջ թա­փով յա­ռաջ կը տա­նի իր աշ­խա­տանք­նե­րը։ Վար­ժա­րա­նի բնա­գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ Օս­ման Քը­լը­չէ­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րա­կանա­ցուած է ծրա­գիր մը, ո­րով դպրե­վանք­ցի­նե­րը սար­քած են ե­լեկտ­րա­գործ ինք­նա­շարժ մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Սա­յաթ Նո­վա երգ­չա­խում­բը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հան­դէս պի­տի գայ հա­մեր­գով մը։ «Կռունկ» խո­րագ­րեալ ձեռ­նար­կը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ, որ կը գոր­ծէ տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եգիպտահայ ականաւոր գործիչը Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Վահրամ Բրուտեան քաջածանօթ է հայութեան հարցերուն, կը հրճուի իւրաքանչիւր յաջողութեամբ եւ ցաւ կ՚ապրի անարդարութիւններուն համար:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս դժգոհ են ի­րենց դիր­քէն կամ վի­ճա­կէն եւ տե­ւա­պէս տրտունջք կը յայտ­նեն՝ միշտ ձգտե­լով ա­ւե­լիին։ Մար­դիկ չեն գո­հա­նար ի­րենց ու­նե­ցա­ծով, նկա­տե­լով եւ կար­ծե­լով, թէ ա­ւե­լի շատ բա­նե­րու տի­րա­նա­լու ի­րա­ւուն­քը ու­նին, ա­ւե­լին վա­յե­լե­լու ար­ժա­նի են։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով իւ­րա­ցուց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­գի­ծը խորհր­դա­րան ներ­կա­յա­ցուած էր երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր Քրիս­տո­նեայ  սո­ցիալ-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րէն Լո­րէն Մո­զա­րի կող­մէ։vv

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ այցելեցին Հոլոքոստի թանգարան եւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարան:
Սերժ Սարգսեան. «Մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներուն ձօնուած թանգարանները ո՛չ միայն զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցելու համար են, ո՛չ միայն վերապրածներու յիշողութիւններու խտացեալ ամփոփումներն են, այլ նաեւ յստակ պատգամ են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, որպէսզի միշտ վառ պահեն անցեալի դառն յիշողութիւնները՝ դասեր քաղելու համար անոնցմէ եւ անոնց սերունդէ սերունդ փոխանցման համար»:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մա­յիս 5-ին ժա­մա­նեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մը՝ Ու­շինկ­թը­նի մէջ նա­խա­գա­հե­լու հա­մար 2015-ի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի, Թե­մի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Վի­գէն Արք. Այ­գա­զեա­նի, Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ս. Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յով­սէփ Քհնյ. Կա­րա­պե­տեա­նի եւ ա­մե­րի­կա­հայ ազ­գա­յին­նե­րու կող­մէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան մէջ վեր­ջերս գու­մա­րուած է հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ար­դիւն­քին հի­ման վրայ կազ­մուած է մի­ու­թեան նոր վար­չու­թիւ­նը։ 15-րդ հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քին ստեղ­ծուած վար­չու­թեան մաս կը կազ­մեն հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեան հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Ան այս ա­ռա­ւօտ մեր մա­մու­լը տե­ղեակ պա­հեց այս ի­րա­դար­ձու­թեան շուրջ։ Մո­նիք Եր­կա­նեան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կ՚ար­տա­յայ­տուէր նման մտադ­րու­թեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

Եւ­րո­պա­կան միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր, որ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած է ե­րես­փո­խա­նու­թեան թեկ­նա­ծու, յա­ռա­ջի­կայ խորհրդա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Սկիւ­տա­րի շրջա­նի փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ հա­մախմ­բուե­ցաւ նա­խա­ճա­շի սե­ղան­նե­րու շուրջ։ Սկիւ­տա­րի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան զբօ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս նա­խա­ճա­շը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Սկիւ­տա­րի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Հա­լիտ Հը­զըր եւ նոյն մաս­նա­ճիւ­ղի փոք­րա­մաս­նու­թեանց գծով պա­տաս­խա­նա­տու Նուր­ճան Ալ­թըն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

Ահ­մէտ Համ­տի Թան­փը­նա­րի ա­նու­նը կրող Իս­թան­պու­լի գրա­կան փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի կը կա­յա­նայ 4-8 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ՝ «Քա­ղաք եւ սահ­ման­ներ» կար­գա­խօ­սով։ Ի շարս բազ­մա­թիւ գրող­նե­րու, այս տա­րի փա­ռա­տօ­նին կը մաս­նակ­ցի նաեւ Ե­րե­ւա­նէն Յով­հան­նէս Թէք­կէօ­զեան, ո­րու «Փախ­չող քա­ղաք» վէ­պը թրքե­րէ­նով ալ տպագրուած էր «Այ­րըն­թը» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի «Սիւ­րէյ­յա» օ­փե­րա­յին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս նուա­գուե­ցաւ յայտ­նի գրող Եա­հեա Քե­մալ Պէ­յաթ­լըի ձօ­նուած օ­րա­թո­րիոն, ո­րու հե­ղի­նակն է Այ­տըն Քար­լը­պէլ։

Էջեր