Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

45 տարիներ անցած են այս պատմութենէն..
45 երկար տարիներ...
45 տարիներու գաղտնիք մըն է անուշիկ սիրոյ այս անուշիկ պատմութիւնը...

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածեմ գիտնալու եւ չգիտնալու մասին։ Երկընտրանքներու համակարգի վրայ կառուցուած աշխարհի հակասութիւններէն մին ալ գիտնալն ու չգիտնալն է։ Իմ կարծիքով, պատմութիւնը գետի մը նման անցեալէն մինչեւ այսօր իր հետ բերած է որոշ գիտելիքներ։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այո՛,- հրեշտակային երգեցողութիւն մըն է, որով դպրաց դասեր եւ երգչախումբեր, հոգեւոր եւ ոգեւորուած պարակցութեամբ, կը փառաբանեն Մեծ Երաժշտապետն ու աննման Երգահանը՝ Աստուած։ Բիւր բիւր կտուցներ թռչուններուն, սոխակներու եւ սարեակններու առաջնորդութեամբ, չեն կարող մրցիլ խումբ մը երգիչներու բերաններուն հետ, երբ անոնք կը բացուին լուսեղէն մատներու հպումովը Ամենակալին։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դաստիարակութեան ամենէն ազդու միջոցը կենդանի օրինակ դառնալն է. նոյնն է պարագան գրեթէ ամէ՛ն տեղ. օրինակի համար, Քրիստոսը որպէս Տէր պիտի չընդունէինք, եթէ խօսէր ողորմութեան մասին՝ սակայն ինք ողորմած չըլլար, խօսէր ներողամտութեան մասին՝ սակայն ինք չի ներեր. նոյնպէս մանուկի մը համար մօր բարի վարքը շատ աւելի ազդու դաստիարակութեան միջոց մըն է՝ քան ըսուած խօսքերն ու յորդորները, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ երանի՜ կու տայ այնպիսի ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան սիրոյն կը հսկեն իրենց անձին վրայ. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Երանի՜, հազար երանի այն ծնողաց, որ միշտ արթուն լինելով կը հսկեն իրենց կեանքին եւ անձին վերայ. որպէսզի երբեք գայթակղութիւն եւ չար օրինակ չտան իրենց զաւակներուն»:

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Պարսելոնայի, Սպանիա, աշխարհահռչակ Սակրատա Ֆամիլիա տաճարի կառուցումը կ՚աւարտի 2026 թուականին՝ կառուցման մեկնարկէն 144 տարի վերջ:
Սպանացի ճարտարապետ Անթոնի Կաուտիի գլուխգործոցը աւարտին հասցնելու նպատակով ստեղծուած կազմակերպութեան նախագահ Էսթիւ Քամփս յայտարարած է, որ կառուցման աւարտը կը համընկնի ճարտարապետի մահուան 100-ամեակին։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Վանաձորի «Յովհաննէս Աբելեան» պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պրետ Պէօրտի բեմագրութեան վրայ հիմնուած «Ռաթաթույ» ներկայացման առաջին ցուցադրութիւնը: Հայաստանի մէջ ներկայացումը արժանացաւ ինչպէս կրտսեր, այնպէս ալ մեծահասակ հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան:

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Յովհաննէս Այվազովսքիի «Հարաւային ափին» նկարը, որ նախապէս գնահատուած էր 400-600 հազար սթերլին, աճուրդի ընթացքին վաճառուած է 514 հազար սթերլինով։ Աճուրդը կազմակերպած է «MacDougall՚s» աճուրդատունը։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած վերջին զեկոյցին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ՝ Հայաստանի պարագային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ենթարկուած ճնշումներուն վրայ։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը (USCIRF) 2024 թուականի տարեկան զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ հայաթափուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետը՝ Էօզկիւր Էօզէլը։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններու արդիւնքներով պայմանաւորուած քաղաքական կլիմային մէջ անոնք զրուցեցին աւելի քան մէկուկէս ժամ։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Երէկ, Գալֆաեան տան մէջ ուրախ մթնոլորտով հիւրընկալւեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տեսակցեցաւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ վաստակաւոր կրթական մշակ Արուսեակ Մկրտիչեանի հետ։ Այցելութեան ընթացքին հայր սուրբը դպրոցի գրադարանին համար նուիրեց՝ իր վարդապետական թեզին հիման վրայ հրատարակուած գիրքէն մակագրուած օրինակ մը։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Փրոֆ. Թորոս Ալճանի գլխաւորած համախոհներու խումբը կը պատրաստուի ներկայանալ համայնքին:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութիւններուն կապակցութեամբ թրքահայ կեանքէն ներս նոր խմորումներ: Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցութեան մասնակցեցան թեկնածուները՝ մինչ կը սպասուի պետական պատկան իշխանութիւններուն կողմէ ընտրական կանոնադրութեան պաշտօնապէս հրապարակման:

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախընթաց օր իր մահկանացուն կնքած է՝ Անգարայի փոքրաթիւ հայ համայնքի երիցագոյն դէմքերէն Կարապետ Սէօքելի։ Յառաջացած տարիքին բերումով ան կը տառապէր առողջական խնդիրներէ, իսկ շուրջ երկու տարիէ ի վեր, դժբախտաբար, անկողնոյ կը ծառայէր:

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաջին դասարանի ընթերցման տօնին առթիւ։
Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն հանդէսը, որու ընթացքին անոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեսակցեցաւ պոլսահայ դպրոցներու տնօրէններուն կամ ներկայացուցիչներուն հետ:
Համայնքային վարժարաններէ ներս կրօնագիտութեան առարկայի դասաւանդման արդիւնաւէտութեան շուրջ քննարկում:

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներու միջավայրին մէջ երբեք անուշադրութեան չի մատնուիր հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը, որ ունի երկրի տարածաշրջանային կշիռը պայմանաւորելու ներուժը։ Հայաստանի պարագային այս բնագաւառի ամենախորհրդանշական կառոյցն է Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանը։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայաստանի առաջին դէմք հանդիսացողին գոհար միտքերէն մէկն է այսօրուան մեր գրութեան վերնագիրը: Միտք մը, որ իւրաքանչիւր տրամաբանութիւն ունեցող անձի համար յիմարութիւն կը թուի, որովհետեւ տրամաբանական ո՛չ մէկ հենք ունի:

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Եւ մենք, Քրիստոսի միացածներս, համարձակօրէն եւ ամենայն վստահութեամբ կը կանգնինք Աստուծոյ ներկայութեան, քանի Քրիստոսի հաւատացինք». (ԵՓԵՍ. Գ 12)։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախորդ գլուխին մէջ Հայրիկ խօսեցաւ զաւակին եւ մօր միջեւ տեղ գտած սկզբնական կապին մասին. հիմա արդէն կու գայ «Ընտանեկան դաստիարակութիւն զաւակաց» խորագրին տակ խօսելու Հայրիկին համար ամենէն կարեւոր նիւթերէն մէկուն՝ դաստիարակութեան մասին:

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

Համայնքային շրջանակներէ ներս սպասումները կը շարունակուին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կազմի վերանորոգման համար։ Մինչ պաշտօնական մարմիններու կողմէ տակաւին ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը չէ հրապարակուած, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ միշտ ուշադրութիւն կը գրաւեն խմորումները՝ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ղեկը յառաջիկայ շրջանին ստանձնելու համար։

Էջեր