Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արդ, ի՞նչ է խորհուրդը անոնց ոտքերը լուալուն, ըսենք. նախ՝ որովհետեւ առաքեալները ամէն տեղ բոպիկ կը շրջէին, ու անոնց ոտքերը աղտով ներկուած էր, անոնց ոտքերը աղտէն կը լուայ, բայց լոկ աղտի լուացում չէր, այլեւ անոնց հոգիները մեղքերէն կը մաքրէր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրերս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Փարիզի մէջ կայացած գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մահուան 850-րդ տարելիցը եւ Հայաստանի Ազգային շարժանկարային կեդրոնի հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ՝ 2022-2023 երկամեակին համար:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ կ՚ուզէք հայ ժողովուրդի դժբախտ իրականութիւնն ու մտքի փտածութիւնը չտեսնել, հեռո՛ւ մնացէք համացանցէն, ուր մսավաճառն ու կօշկակարը, վարորդն ու այգեգործը, դարբինն ու բանուորը դարձած են քաղաքագէտ, դիւանագէտ ու խորհրդական:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Սոչիի յայտարարութիւնը երեւութապէս կը թուի, որ որեւէ հիմնական նորութիւն չի բովանդակեր: Նոյեմբեր 9-ի եւ յունուար 11-ի յայտարարութիւններու կէտերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող կէտեր են:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Վարդգէս Մահտեսեանը, որ Յունական Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչն է։ Ան վերջերս վերընտրուած է եւ այս առթիւ իր տիկնոջ հետ յատկապէս մեկնած Պէյրութ՝ ստանալու համար Կիլիկեան Աթոռի գահակալին օրհնութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

Հայաշխարհի վառ անհատականութիւններէն Էրիք Իսրայէլեան վերջերս պարգեւատրուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Օգտակարութեան մետայլին արժանացաւ տքթ. Էրիք Իսրայէլեան՝ մարդասիրական իր ծառայութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքին թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ բերած սպասաւորութեան բերումով:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Սոչիի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովի լոյսին տակ կատարուած է այս յայտարարութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ յանկարծամահ եղած է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի նուիրեալներէն՝ վաստակաշատ լրագրող Արա Գալոյեան։ Մասնագիտութեամբ փիլիսոփայ Արա Գալոյեանի անժամանակ կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է՝ մինչ բոլորը կը վկայեն, թէ այդ մասնագիտութեան զուգահեռ՝ ան օժտուած էր կեանքի, մարդոց, ընկերներու եւ շրջանակին նկատմամբ իրեն բնորոշ վերաբերմունքով ու սիրով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովի արձագանգները կը շարունակուին։  Ընդհանրապէս, միջազգային հանրութիւնը դրական կը համարէ այս հանդիպումը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահները շաբաթավերջին տեսակցեցան Աշխապատի մէջ:
Սոչիի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ թէ՛ Էրտողան եւ թէ Ալիեւ խօսեցան Զանգեզուրի միջանցքի մասին:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր անակնկալօրէն ջնջած է Իսթանպուլ ժամանումը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տքթ. Երուանդ Զօրեան. «Ճիշդ է՝ դժուար օրերու մէջ ենք, սակայն, շատ աւելի ծանր օրեր ալ ապրած ենք։ Թեքնոլոժիի ոլորտը մեծ ներուժ ունի Հայաստանի մէջ»:
«Պայմաններուն յարմարուիլը վերապրելու մեր կարողութիւնն է, հիմա ալ պիտի ունենանք, բայց որքան շուտ՝ այնքան լաւ։ Մարդիկ պէտք չէ մտահոգուին՝ իրենց ժամանակը աշխատանքի յատկացնելու համար»:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1947 թուականին «Անահիտ» հանդէսին մէջ հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանի տպագրած մէկ յօդուածը՝ արեւմտահայ լեզուի եւ գրականութեան հարցերու շուրջ, այսօր համահունչ է լեզուական մեր մտահոգութիւններուն: Այսօր ալ հայութեան զանազան շրջանակներու մէջ կը քննարկուին արեւմտահայերէնի պահպանման հարցերը եւ ջանքեր կը գործադրուին՝ զայն պահելու ուղղութեամբ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այն տարիներուն, երբ արհեստական բանականութիւնը նոյնիսկ չէինք կրնար կռահել, միայն երեք հոգի գիտէին համացանցային իրականութեան մասին, ուրեմն կը նշանակէ, թէ «I, Robot» կամ «Neuromancer» գիրքերու հեղինակները իսկապէս եղան կանխատեսներ, գուշակեցին ապագան։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան 4 հազար տարիներ առաջ մարդ արարածը կարիքը զգացած է օրէնքներու եւ կանոններու, աւելի բարեփոխելու համար իր կեանքն ու ապրելաձեւը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այսօր շրջապտոյտի մը ելած է։ Վարչապետը նախ կ՚այցելէ Վատիկան, ապա շատ հաւանաբար մեկնի՝ Անգարա եւ Գահիրէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ղուկասի Աւետարանին 12-րդ գլուխին 13-21 համարներուն մէջ կը կարդանք մեր Տիրոջ պատմած մէկ առակը, որ վերնագրուած է՝ «Անմիտ հարուստին առակը» անունով:
Ժողովուրդէն մէկը դիմելով Տէր Յիսուսի կը խնդրէ, որպէսզի միջնորդ ըլլայ եւ իր եղբօր ըսէ, որպէսզի իր հօրմէն մնացած իր բաժին ժառանգութիւնը տայ իրեն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Տարիներ առաջ Վենեզուելայի ժողովուրդը բողոքի ցոյց բարձրացուց իր բռնապետ Նիքոլա Մատուրոյի եւ իր կնոջ՝ Սիլիայի դէմ, աշխարհահռչակ խոհարար Նուսրէթի (Salt Bae) ճաշարաններէն մէկուն մէջ թանկարժէք միսեր ճաշակելու եւ թանկ սիկառը բերնին զուարճալի պահեր ունենալուն պատճառով:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըն, որ իրեն նուիրեց «Sevan Bıçakcı, The Timekeeper» գեղատիպ հատորէն օրինակ մը։ Այցելութեան ընթացքին յայտնի վարպետին կ՚ընկերանար գործարար Տողան Էրպէք, որ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կը բնակի։

Էջեր