Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Մարդկութեան տեսակէտէ իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մը շաբաթավերջին համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջին անգամ անջրպետ ուղարկուեցաւ տիեզերանաւ մը, որու մէջ կը գտնուէր երկու տիեզերագնաց։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի նոր վարակումները կ՚ընթանան կանխատեսուած մակարդակին վրայ։ Կը նուազի թիւը այն հիւանդներուն, որոնք արհեստական շնչառութեան կարիքը կը զգան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկուքուկէս ամիսէ ի վեր կ՚աշխատէր Իսթանպուլի մէջ, այսօր կը վերադառնայ մայրաքաղաք Անգարա։ Առօրեայի բնականոնացման զուգահեռ ան աշխատանքի կը վերաձեռնարկէ կարեւոր ժողովներու նախագահելով։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ փակուեցաւ Ամմանի «Եիւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը։ Սա յորդանանահայութեան միակ հայկական կրթօճախն էր եւ դժբախտաբար կը դադրեցնէ իր առաքելութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մուտքի խաչի պոկման դէպքը եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին ուղղուած սպառնալիքները Թուրքիոյ օրակարգին վրայ:
Երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր յստակ պատգամներով արձագանգեցին՝ վերջին օրերուն մեր համայնքը մտահոգած իրադարձութիւններուն:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՛նչ ոգիով կը հաւաքուէին եւ ինչ էր ի վերջոյ այն ուժը, որ մերոնց մէջ դարի՜ւ-դարի՜ւ հաւաքուած էր ու կը սպասէր առիթի, որպէսզի զուլալ ձայնով դուրս գար ու ժայթքէր։
Առիթը միայն կտոր մը հաց, լաւ սեղան մը, բուրաւէտ ճաշերով «սեղան» մը բանալը չէր։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք պատասխանններ գտնելը բոլորս հետաքրքրող հարցումին: Այս գրութեամբ մէջբերումներ պիտի կատարենք դարձեալ Նոր կտակարանէն:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գոհութի՜ւն քեզի, Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս, անհաշուելի, անիմանալի եւ անպատմելի պարգեւներուդ համար, որոնք տուիր եւ միշտ կու տաս մեզի՝ մեր կամեցածէն եւ մեր գիտցածէն աւելի։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Մարիոթ-Արմէնիա» պանդոկի բացօթեայ սրճարանը Երեւան այցելած սփիւռքահայերու հիմնական ժամադրավայրերէն մին է։ Մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակի տեսադաշտով մարդիկ զիրար կը վերագտնեն այնտեղ՝ անկախ այդ նոյն պանդոկին մէջ իջեւանելու պարագայէն։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչը պոկած յանցագործը երէկ ոստիկանութեան կողմէ յանձնուեցաւ դատական իշխանութիւններուն։ CNN Türk-ի հաղորդումներով՝ Մազլում Տ. (26), կասկածեալի կարգավիճակով ոստիկանութեան կողմէ երէկ ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի Անատոլուի ափի արդարադատական ատեանը, որ կը գտնուի Գարթալի մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ կարեւոր նշանակումներ ըրաւ Ստեփանակերտի ղեկավարութեան շարքերէն ներս։ Այսպէս, Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն զուգահեռ քաղաքական դաշտէն ներս տեղի կ՚ունենան լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ եւ զուգահեռաբար Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն մէջ տեղի կ՚ունենան շարք մը փոփոխութիւններ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Երէկ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որով զգայացունց տեղեկութիւններ փոխանցուեցան հանրային կարծիքին։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ կատարուած հաղորդման մէջ նշուած է, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին ելեկտրոնիկ նամակներու միջոցաւ, գրաւոր ձեւով մահուան սպառնալիքներ ուղղուած են հիմնարկին։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Աշխարհատարած մասնաճիւղերը մատակարարումներով կը դիմագրաւեն սննդամթերքի տագնապը:
ՀԲԸՄ համակարգուած ճիգեր կը գործադրէ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մինչեւ քորոնաժահրի համաճարակի աւարտը պիտի մնայ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին փափաք յայտնեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ յաւելեալ տարածքներ տրամադրուին իր երկրին համար։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին հրահանգ տուած է՝ Սուրիայէ ներս ռուսական բանակին համար յաւելեալ կալուածներու եւ ջրային տարածքի ապահովման ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը նոր բառամթերքով ճոխացուց անգլերէն լեզուն։ Օրինակ՝ live streaming, առցանց սփռում եւ social distancing, ընկերային հեռաւորութիւն։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

-Ո՞ւր էք…, ի՞նչ կ՚ընէք…, ձայներնիդ չկայ…, ելէ՛ք, եկէ՛ք…, հայտէ՛…, կը սպասենք…, դիմակ-միմակ պէտք չկայ… օտար չենք…, բան մը չկայ…, վախկոտներ…, նայեցէ՛ք, նոյնիսկ նախագահը առանց դիմակի կը պտտի…:
Եւ որպէսզի այս անսովոր եւ հետզհետէ ճապաղող խրատականը կարճի կապեմ, կ՚որոշեմ ընդառաջել:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

«Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը». յառաջատար հրատարակչատուներու հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի մէջ շարք մը յառաջատար հրատարակչատուներ ընկերային ցանցերու մէջ հանդէս եկած են «Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը» նախաձեռնութեամբ, որու նպատակն է համատեղ ուժերով պայքարիլ գիրքերու անօրինական տարածումներու դէմ՝ հանրութիւնը հեղինակային իրաւունքի մասին իրազեկելու արշաւի միջոցով։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Աշխարհահռչակ իտալացի գեղագէտ ջութակահար, կիթառահար եւ յօրինող Նիքոլօ Փականինի ծնած է 27 հոկտեմբեր 1782 թուականին, Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ: Ան Անթոնիօ եւ Թերեզա Փականինիներու վեց երեխաններէն երրորդն է։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Լուսինէ Զաքարեան ծնած է 1 յունիս 1937 թուականին, Ախալցխա, Ջաւախք, Վրաստան, իսկ 30 դեկտեմբեր 1992 թուականին մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան 55 տարեկան էր, երբ մահացաւ անողոք հիւանդութենէ։ Լուսինէ Զաքարեան եղած է Կոմիտաս Վարդապետի, հայ հոգեւոր երգերու ու տաղերու մեկնաբան։

Էջեր