Արխիւ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Իսթանպուլի համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Պիւլենտ Զիւլֆիքեարը, որուն կ՚ընկերանային համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէի ենթակայ հիւանդանոցի բժշկապետը՝ փրոֆ. Մուսթաֆա Էօզչեթին եւ փոխ-բժշկապետը՝ տոց. Քեամուրան Իպիշ։
Գումգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան ընթացաւարտներուն։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի պատուոյ հիւրերն էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն կ՚անցնի Արեւելեան թեմ:
Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, ուր Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան իրեն լանջախաչ մը նուիրեց:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը համակուած է տխրութեամբ։ Սա, բառին բուն իմաստով, համատարած տխրութիւն մըն է, քանի կարելի չէ անմիջապէս թօթափել ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի անժամանակ կորուստին պատճառած ցնցումը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վաղը պիտի մեկնի Փեքին։
Սուրիոյ մայրաքաղաքը Դամասկոսի մէջ երէկ շատ ցաւալի ու նոյնքան մտահոգիչ դէպք մը պատահեցաւ։ Տեղւոյն Ս. Եղիա (Մար Էլիաս) Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին ենթարկուեցաւ ահաբեկչական յարձակման։
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը շաբաթավերջին ա՛լ աւելի ծանրակշիռ փուլ մը թեւակոխեց։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ ներգրաւուեցաւ պատերազմին։ ԱՄՆ, որ առաջին իսկ օրէն Իսրայէլի կողքին դիրք գրաւած էր, ռմբակոծեց Իրանը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Սա հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի հաստատման յիշատակութեան տօնն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յունիսի 15-ին Երեւանի մէջ նշուեցաւ հայ արձանագործութեան եւ գեղանկարչութեան սիւներէն մէկուն՝ Երուանդ Քոչարի (Երուանդ Սիմոնի Քոչարեան) ծննդեան օրը։ Անոր անունը կրող թանգարանին առջեւ համերգ մը կազմակերպուեցաւ, իսկ թանգարանին ներսը վարակիչ տրամադրութիւն էր, որ փարիզեան ելեւէջներ ունէր…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային բնոյթին կարեւոր յատկանիշներէն մէկը պատասխանատուութիւն ստանձնելու դժուարութիւնն է։ Շատ յաճախ, երբ կեանքին մէջ վատ բաներ կու գան մեր գլխուն՝ ձախողութիւն, դժբախտութիւն, սխալ որոշումներ կամ կորուստներ, մենք կը սկսինք մեղադրել ուրիշները կամ արտաքին ուժերը՝ փոխանակ դիտելու մենք մեզ, մեր որոշումները եւ մեր ընթացքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատալու շարժառիթը՝ յայտնեալ ճշմարտութիւններուն մարդկային բանականութեան լոյսին ներքին մարդուն ճշմարիտ եւ իմանալի երեւումը չէ՛։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի ներկայ քաղաքական վիճակը տեսնելով կ՚անդրադառնանք, որ ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ արմատացած է պետական մարմիններու հանդէպ վախ մը: Կը նկատենք, որ շատեր կ՚ապրին ա՛յն հոգեբանութեամբ, որ պետութիւնը գերիշխող ուժ մըն է՝ որուն հսկողութեան եւ ինչու չէ շատ անգամ քմահաճոյքին տակ կը գտնուին բոլոր բնագաւառները՝ մոռնալով, որ պետութիւն մը իր ուժն ու գոյութիւնը կը պարտի նոյնինքն ժողովուրդին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ գաղափարին նուիրուած տօն մըն է՝ Տօն Կաթողիկէ Սրբոյ Էջմիածնի։ Տօն մը՝ որուն մէջ թէպէտեւ իբրեւ դէպք Հայ ազգային հոգեւոր կեանքի պատմական յիշատակն է, որ կը հանդիսաւորուի, բայց անոր մէջէն կ՚ոգեկոչուի «քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցի»ին խորհուրդը՝ անոր ամենէն հարազատ պատկերը տեսնելով Հայ Եկեղեցիին մէջ։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
- Ճշմարտութիւն է՝ եթէ Աստուած մեզի հետ է, ոչ ոք կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ: Մենք մեր ազգային կեանքին յաղթանակները կերտած ենք Աստուծո՛յ հետ, մենք յաղթանակած ժողովուրդ եղած ենք Աստուծո՛յ հետ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կ՚աւարտէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղերութեան առաջին փուլը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս իր կեցութեան ծրագիրը պիտի եզրափակէ եւ Լոս Անճելըսէն պիտի անցնի Նիւ Եորք՝ Արեւելեան թեմ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ցնցիչ կորուստ մը, որ բոլորը սուգի մատնած է ներկայ ամառնամուտին. ոչ եւս է ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ:
Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետը համայնքի սիւներէն էր, կայունութեան իսկական գործօն, որ կ՚առաջնորդուէր վարչական կամքով, մշտական ձեռքբերումներու հետամուտ, զօրակցութեան ոգիով եւ զոհողութեան պատրաստակամութեամբ:
Անմոռանալի եւ երախտաշատ գործիչի անունը ոսկէ տառերով քանդակուած կը մնայ պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ՝ իր հեղինակութեամբ արժանացած համատարած յարգանքով:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման բարդ գործընթացէն ներս հերթական գագաթնային շփումով պայմանաւորուած նոր ու կարեւոր փուլ մը:
Ուղիղ կապեր եւ երկխօսութիւն:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձան Հարաւային Կովկասէ ներս հաշտութեան ուղղեալ ջանքերուն եւ տարածաշրջանային ամենավերջին իրադարձութիւններուն: Այժմու իրադրութեան պայմաններով Թուրքիա կը կարեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցուած ըլլալը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
«Ինչպէ՞ս ապրիլ» թէ՛ անհատական ու թէ պետական մակարդակներով, անշուշտ, ներկայ բաց ու գերգովազդուած աշխարհին մէջ կան հրամցուած ու այսպէս կոչեցեալ կերտուած ոճեր, որոնք ակամայ հետեւելի են մարդոց զանազան խաւերուն կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ կին մը իր ամուսինէն նոր հագուստ կը խնդրէ: Ամուսինը, անշուշտ, իր կինը անսահման սիրելով կը յօժարի այդ նոր հագուստը գնել, սակայն, կ՚ուզէ այդ մէկը «շահաւէտ» առիթի մը վերածել եւ հետեւեալ պայմանը առաջ կը քաշէ. հագուստը կ՚առնեմ, պայմանով, որ հարցումիս ճիշդ պիտի պատասխանես. կինը կը խոստանայ ճիշդ պատասխանել՝ պայմանով, որ ամուսինը հաստատ մնայ հագուստը գնելու իր որոշումին մէջ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Բնականաբար, ես յոյս ունիմ, թէ Փաշինեան չի յաջողիր յեղաշրջում իրականացնել Մայր Աթոռի մէջ։ Ես սա բացարձակապէս անընդունելի կը համարեմ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ չեմ տեսներ մեր եպիսկոպոսներու եւ ընդհանրապէս հոգեւորականներու թերութիւնները։