Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը։

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025

Հանրապետութեան նախագահը այսօր Հայաստանի վարչապետը հիւրընկալելու ընդառաջ երէկ Ատրպէյճանի պաշտօնակցին հետ էր:
Անգարայի կշիռը հետզհետէ զգալի կը դառնայ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացէն ներս: Թուրքիա հաշուի կ՚առնէ հարեւան տարածաշրջաններու հրատապ եւ անկիւնադարձային իրադարձութիւնները՝ առանց էական փոփոխութեան ենթարկելու Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ խօսոյթը:

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Գանատացի երիտասարդ բեմադրիչ Քայլ Էտուարտ Պալլի «Skinamarink» (2022) ժապաւէնը, ժամանակակից սարսափ ժանրի սահմաններէն անդին քալող, գեղարուեստական եւ յուզական խորիմաստ աշխատանք մըն է։

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ յիշատակեց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետն ու Սուրբ Աթանագինէ Եպիսկոպոսը։ Այս վերջիններուն յիշատակութեան տօնը, միեւնոյն ժամանակ, Վաղարշապատի Սուրբ Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր շատ ոգեւոր պայմաններով հիւրընկալուեցաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան համալիրէն ներս։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան յատկանշական փուլերէն մին սահմանեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ կազմակերպուած երեկոյթը։

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ճգնութիւնը արդի միտքին առհասարակ խորթ է եւ անհաղորդ եւ անըմբռնելի։ Մրցումներու, հսկայական մեքենական կոյր ուժերու անորոշ ընթացքով՝ գերզբաղած, արագընթաց եւ խճողեալ կեանք կ՚ապրինք ընդհանրապէս։

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մենք որպէս հայ ժողովուրդ մեր անցեալէն՝ անցած ճամբայէն դասեր չկրցանք քաղել. գուցէ աշխարհի վրայ ուրիշ ո՛չ մէկ ազգ չէ՛ ունեցած այնքան մտաւորականութիւն՝ ինչքան մենք, չէ՛ ունեցած այնքան գրականութեան ճամբով փոխանցուող խրատներ՝ ինչքան մենք, սակայն, միւս կողմէ եւս գոյութիւն չէ ունեցած նաեւ ազգ մը՝ որ այդ խրատները այնքան ոտնակոխած ըլլայ՝ ինչքան մենք:

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Զանազան առիթներով խօսած ենք դպրոցին կարեւոր դերին եւ արժէքին մասին, հաւատալով, որ դպրոցը՝ ընտանեկան դաստիարակութեան կողքին կարեւորագոյն ազդակներէն մէկն է ապագայ սերունդը հայ պահելու եւ անոնց մէջ հայու դաստիարակութիւն ու արժէքներ սերմանելու համար. առ այդ հաւատացա՛ծ ենք ու կը շարունակենք հաւատալ, որ մեր դպրոցները՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին մէջ շահութաբեր միջոցներու չե՛ն կրնար վերածուիլ.

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նոր սերունդի շառաւիղներէն Թալիա Մելքոնեան ծափահարելի յաջողութիւն մը արձանագրած է Լոս Անճելըսի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ թիրախաւորումը ունի քաղաքական հաշուարկներով մեկնակէտ:
«Որքան կը գահավիժի կառավարութեան հեղինակութիւնը, այնքան կը բարձրանայ եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը։ Հանրութեան զգալի հատուածը անտարբեր չէ այս հարցին շուրջ եւ պատրաստ է գործողութիւններու։ Անոնք գաղափարական հակառակորդներ են՝ ազգային արժեհամակարգի դէմ կամ կողմնակից ըլլալու առումով»:

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

Գալֆաեան տան տարեվերջի հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան վարժարանի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին շրջանաւարտները։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

Կեդրոնականի ընտանիքը 2024-2025 տարեշրջանի աւարտին իրականացուց իր աւանդական դաշտագնացութիւնը։ Աշակերտները, կրթական մշակներ, դպրոցի պաշտօնէութիւնը, կամաւորները, հիւրեր եւ վարիչները միասնաբար ուղեւորուեցան դէպի Քիլիոս։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ստացան իրենց վկայականները։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակիցջ «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը, որուն ներկայ էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

​Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «ՀայMUN»ը, որուն մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու սաները։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը հիւրընկալուի թէ՛ բարձր արարողակարգով եւ թէ մարդկային ջերմութեամբ՝ հոգեւոր առաջնորդի մը պարագային անհրաժեշտ բոլոր պատշաճութիւններով։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ Արարատեան շաբաթ է․ տօնական շաբաթը մեկնարկելով այս երկուշաբթի օր՝ Սուրբ Հռիփիսմեանց կոյսերու տօնով, վերջ պիտի գտնէ կիրակի օր՝ Սուրբ Էջմիածնի տօնով։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւնները կատաղի կերպով սկսած են յարձակում գործել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին դէմ: Իրենց յարձակումը արդարացնելու համար, պատրուակ բռնած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ ըսելով, թէ ան զաւակ ունի եւ խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը:

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կը գրէ. «Ուստի համբերո՛ղ եղէք, եղբայրնե՛ր, մինչեւ Տիրոջ գալուստը։ Տեսէք թէ ի՛նչպէս մշակը համբերութեամբ կը սպասէ, միչեւ որ աշնան եւ գարնան անձրեւները իջնեն եւ հողը իր թանկագին բերքը տայ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 18, 2025

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ռումբերու պայթումները կ՚որոտան Միջին Արեւելքի մէջ՝ տարածաշրջանային ու նոյնիսկ համաշխարհային պատերազմի բռնկման սպառնալիք ստեղծելով։ Իսրայէլ-Իրան գոյամարտը ուղղակի կը խառնէ տեղական ուժերու բարդ աշխարհագրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 18, 2025

Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են թիրախաւորել նաեւ եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնած շրջանակները:
Ընկերային ցանցերու վրայ իշխանաւորները՝ հայհոյախառն ոճով նոր հարթութեան մը վրայ դրած են հակաեկեղեցական արշաւը:

Էջեր