Արխիւ
Reddit կայքէջի եւ Initialized Capital ընկերութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի վարէ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համագումարը (The World Congress on Information Technology [WCIT]): Այս մասին Դիմագիրքով տեղեկացուցած է WCIT 2019-ը:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքացիներու ճամբորդութեան պարագային յառաջիկայ շրջանին պիտի ջնջուի մուտքի արտօնութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Պաքուէն դիւանագիտական աղբիւր մը տեղեկացուցած է, որ գործադրութիւնը պիտի սկսի սեպտեմբերի 1-ին։
CNN-ի ցուցակը. Եւրոպայի 20 լաւագոյն քաղաքները, որոնք չունին բաւարար զբօսաշրջիկ:
Հեռուստակայանը խորհուրդ կու տայ ծանօթանալ եկեղեցիներուն եւ «Էրեբունի» թանգարանին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Փարիզի մէջ տեսակցեցաւ Քահանայապետական պատուիրակ Զեքիեան Գերապայծառի հետ:
Մխիթարեան միաբանութեան Սեւրի «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանի շէնքի ճակատագիրը փրկելու նպատակով կը ստեղծուի շարժում մը՝ համայն հայաշխարհէ ներս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ճի՞շդ է, թէ մարդը մարմինէ ու հոգիէ բաղկացած է։
Պատասխան. Այո, մարդը բաղկացած է ֆիզիքական մարմինէ եւ անմահ հոգիէ։ Մարդը շնչաւոր, միանգամայն՝ հոգեւոր էակ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ողջախոհ անձը գիտէ իր մէջ պահել ամբողջականութիւնը կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն, որոնք զետեղուած են իր մէջ։ Այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ «ներքին միութիւն»ը անձին, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ֆրանսա։ Փարիզի մէջ ան հանդիպումներ կ՚ունենայ ֆրանսական շարք մը խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Արցախի ղեկավարութիւնը երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։
Անգլիոյ մէջ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար ընտրուած Պորիս Ճանսըն երէկ ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը։ Պաքինկըմի պալատին մէջ ան ընդունուեցաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ խումբ մը խորհրդարանականներու հետ քննարկած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու խնդիրը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ ծերակուտականները ընդհանրապէս պաշտպանած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը՝ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին բերումով։
Մայրաքաղաքի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Այսպէս, Անգարայի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ դեսպանութեան պաշտօնատարներէն Ալեքսանտր Փոկանշեւ զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ Չանգայա թաղամասի իր բնակարանի մուտքին։
Արտաքին գործոց նախարարը ազդարարեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Թուրքիոյ համբերութիւնը կը հատնի։
Ճեֆրի եւ Քալըն ընդգծեցին, որ անվտանգ գօտի ստեղծելու ուղղեալ ծրագիրը պէտք է գոհացնէ Անգարայի ակնկալութիւնները։
Հայաստան եւ Վրաստան յանձնառու են իրենց յարաբերութիւնները յառաջ տանիլ՝ ի շահ տարածքաշրջանային գործակցութեան եւ անվտանգութեան։
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Թիֆլիզի մէջ քննարկումներ ծաւալեց վարչապետ Մամուքա Պախթածէի եւ իր պաշտօնակցին՝ Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։
Սփիւռքահայ չորս տասնեակ ուսուցիչներ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց մանկավարժներու կարեւոր պատասխանատուութիւնը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հայերէն բառախաղի աւանդական մրցոյթը։ Միջնակարգերու եւ լիսէներու դասաւորման մէջ ընդհանուր առմամբ 18 խումբ մասնակցեցաւ այս տարուան «բառ-խաղ»ին, որ կազմակերպուեցաւ չորրորդ անգամ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Ահաւասիկ, կը մօտենայ իմ կայանը։
-Սակայն դուք տակաւին նոր նստաք հանրաշարժ։
-Զաւակս, ես ի նկատի ունիմ իմ կեանքի տեւողութիւնը։- Բարի ժպիտը դէմքին, իր կողքի նստարանին նստած երիտասարդին պարզաբանեց ալեւոր ծերունին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ, Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, ամէն օր տեղի կ՚ունենան հետաքրքրական ձեռնարկներ: Յայտնի է, որ իր կեանքին ընթացքին Կոմիտաս Հայաստանի մէջ չարժանացաւ այն գնահատանքին եւ ընդունելութեան, որուն արժանի էր իր տաղանդով եւ մեծութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ ոգեկոչման յուզումնախառն արարողութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ դիւանագէտ ու պատմաբան Արման Կիրակոսեան յետ մահու պարգեւատրուեցաւ պետական բարձր կոչումով:
Թոփգաբուի պալատէն ներս, Այա Իրինի տաճարի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը կոչուի՝ «Աղթամար. Սուրբ Խաչ եկեղեցի»։ Անատոլուի թաքնուած յուշարձաններու յայտնաբերման, ծանօթացման նպատակով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ թէեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին միջազգային բեմահարթակի վրայ ունի մեծ ճանաչում։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։