Արխիւ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ՝ իր նախընտրական հանդիպումներու ծիրէն ներս։ Նորին սրբազնութիւնը հաւաքոյթի մասնակիցներուն հետ զրուցեց մեր համայնքի ներկայ առաջնահերթ օրակարգի հարցերուն շուրջ։
Յայտնի բարերարը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ դիտարկումներուն շուրջ:
Արէտ Երկանեան. «Ոչ մէկ ատեն այսքան ճնշող ներկայութիւն մը չէ ունեցած Նախաձեռնարկ մարմինը, որ պարզապէս կազմակերպչական աշխատանք պէտք է տանի»:
Սրտի դառն կսկիծով վերահասու եղանք, որ երէկ գիշեր մեզմէ անդարձ բաժնուած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն Արութ Քէօսէ, որու կորուստը խոր ցաւ պատճառած է իր սիրելիներու շրջանակին։ Ան հայրն էր մեր համայնքային շրջանակներու յայտնի դէմքերէն՝ հասարակական գործիչ Ժագլին Քէօսէի եւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախկին ատենապետներէն Յովհաննէս Քէօսէի, որոնք ներկայիս կը սգան իրենց սիրեցեալ հօր կորուստը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ գիշեր իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի երախտաշատ ու յայտնի ներկայացուցիչներէն Կարպիս Մասկաֆեան։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մասկաֆեանի անզուգական հայրն էր ան, որ երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած է 89 տարեկան հասակին։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի վիճարկումները կը շարունակուին դատական իշխանութիւններու մօտ։ Կը տեղեկանանք, որ երէկ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան դատ մը բացած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի այժմու երթին դէմ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
BBC-ի ճամբորդական բաժնի վերջին անդրադարձներէն մէկը, որ նուիրուած էր հայերու եւ պասքերու նմանութիւններուն, քննարկուեցաւ նաեւ հայկական մամուլին մէջ: Յօդուածագիր Ճասթին Քալթերոն անդրադարձած է հայերու ու պասքերու մշակոյթին, լեզուին եւ եղած նմանութիւններուն:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագէն վերջ նորին սրբազնութիւնը կ՚երեւի մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Էֆրիմ Պաղի եւ Գէորգ Օքճուի հետ, որոնց գրեթէ բոլորն ալ իր կողմէ առաջադրուած են պատգամաւորի թեկնածու՝ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան համար:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Անձնասպանութիւնները՝ յատկապէս երիտասարդներու եւ բանակային զինուորներու մօտ, բազմապատկուած են վերջերս։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք ճնշուած կեանք մը կ՚ապրին եւ տքնաջան կ՚աշխատին՝ որպէսզի կարենան պարզ օրապահիկ մը ճարել եւ իրենց ապրուստը ապահովել։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ բռնկած ցոյցերուն մեծամասնութիւնը առերեւոյթ առաջնորդ մը չունի, սակայն անշուշտ կայ մղող-համակարգող ուժ մը, որ Հոնկ Քոնկէն մինչեւ Լիբանան առաւելագոյնս կ՚օգտագործէ ընկերային ցանցերը, մանաւանդ՝ երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ, իշխանութիւններէն աւելի արագ շարժելու եւ աւելի առաջ անցնելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած նախ քաղաքացիական բնոյթ ունեցող ու ապա տարբեր պայքարներու ձեւափոխուած պատերազմը այսօր փոխադրուած է այլ հարթակ։
Խօսքը երկրին պաշարուած ըլլալու մասին է, որուն հետեւանքով ալ Սուրիան մտած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Երկաթէ կրունկ»ը ամերիկացի նշանաւոր ու աշխարհահռչակ գրող Ճեք Լանտընի հակաիւթոփիական վէպն է։ Առաջին անգամ 1908 թուականին լոյս տեսաւ գիրքը, որ կը նկատուի արդիական հակաիւթոփիական վէպերու ամենահինը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քաղցրախօս՝ անուշ լեզուով խօսուած խօսքը կը նմանի փեթակի մը բջիջներէն հոսող մեղրի կաթիլներու։ Արդարեւ, մեղրախորիսխ, այսինքն մեղրով լեցուն բջիջներ ինչպէս որ մեղրածոր են, քաղցր՝ անուշ խօսք մըն ալ նո՛յնպէս մեղրի նման քաղցր է եւ կարծես «բերնէն մեղր կը հոսի», ինչպէս՝ փեթակին մեղրաբջիջներէն մե՛ղր։
Իսթանպուլի Համագումարներու դահլիճին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանէն յայտնի մեներգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանի համերգը։ «Լոյս մետիա»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը վերջին օրերուն ամբողջ Եւրոպայի մէջ կազմակերպեց հանգանակութիւն մը։ Այս մասին Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահը մեկնաբանեց Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնները:
Ըստ Իկոր Փոփովի փոխանցած տուեալներուն, Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը ժամանակի կը կարօտէր հասկնալու համար Լեռնային Ղարաբաղի հինմախնդրի կարգաւորման բարդ գործընթացի բոլոր մանրամասնութիւնները եւ այս նիւթը քննարկուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան ընթացքին:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ժամացոյցը կը բանի՝ կանոնադրութեան հիմքով:
Մեր եկեղեցիներու ընտրացուցակները երկու շաբթուան վերանայումէ մը վերջ յանձնուեցան Նախաձեռնարկ մարմնին:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան մշակութային հարստութիւնները պահպանելու բաժնի վարիչ Մահիր Փոլատ ու ընկերակիցները, հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Լիբանանահայ ծանօթ առեւտրական Սեդրակ Քիւրէճեան, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
Իսթանպուլահայ հասարակութեան ծանօթ երգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ան նորին սրբազնութեան նուիրեց նմոյշ մը իր սկաւառակէն, որ «Լոյս» կոչուած է, կը պարունակէ հոգեւոր երգեր, տաղեր եւ մեղեդիներ։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լետա Պոյաճըի «Իքի շեքերլի» գիրքի ծանօթացման երեկոյթը։ Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս շնորհանդէսը արժանացաւ գրասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։