Արխիւ
Yerepuni.news լրատուական ցանցի կայքէջին վրայ, Յարութիւն Պէրպէրեանի ստորագրութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ յօդուած մը, ուր կ՚արժեւորուի սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի աշխատանքը։ Այստեղ յատուկ ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի Պըլտեանի «Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972. նոյնէն այլը» գիրքին վրայ։ Ստորեւ որոշ յապաւումներով կը ներկայացնենք այս նիւթը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէ՛ս թանկագին է կեանքը, քանի որ մարդիկ անոր կապուած են սերտօրէն եւ չեն ուզեր բաժնուիլ իրմէ։ Մարդ «անմիտ» եւ անխոհեմ ըլլալու է որ անտարբեր եւ անգիտակ ապրի կեանքի այս ժամանակաւոր շրջանը։ «Անցաւորութիւն» մըն է կեանքը՝ որուն վախճանը անխուսափելի՛ է։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Այս արծաթեայ հին իրերը յաճախ գրաւած են ուշադրութիւնս, Հայկա՛ն, գիտեմ որ հնութիւնը կը սիրես, սակայն ասոնք սովորական իրերու տպաւորութիւնն ունին՝ փորագրութիւն, թուական, կամ որեւէ արժէք ներկայացնող արձանագրութիւն մը չկայ անոնց վրայ: Վստահաբար անոնք իւրայատուկ իմաստ մը կը կրեն քեզի համար:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մնացականեան եւ Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին մօտաւոր ապագային այցելութիւն մը տալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Իր զօրութիւնը տուած է մարդուն գործածելու համար զայն Ի՛ր կամքին համաձայն։ Բայց Աստուծոյ այդ պահանջքը բռնադատեալ պահանջք մը չէ։
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
Տպագիր հայ մամուլը կ՚ապրի տագնապ մը, եւ այդ տագնապին մէկ կարեւոր պատճառը թերեւս նոյնինքն արդիականութեան եւ անցեալէն ժառանգուած իտէալականութեան բախումն է, յաճախ մէկը միւսին զոհելու մօտեցումին կամ անդիմագիծ ներդաշնակումի փորձերուն հետեւանքով։
Նախ պէտք է նշել, որ տպագիր մամուլի տագնապը համաշխարհային տագնապ է յատկապէս համացանցի զարգացումէն ետք մամուլի թուայնացումին եւ բոլորին մատչելի դարձած լրատու կայքէջերուն (որակաւոր, անորակ եւ երբեմն զուտ բամբասանքային տարբերակներով) անհամեմատ տարածումին պատճառով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարկոս աւետարանիչ իր Աւետարանի 2-րդ գլուխին 1-12 համարներուն մէջ կը նկարագրէ դէպք մը, ուր Քրիստոս անդամալոյծ մը կը բժշկէ: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ չորս հոգիներ անդամալոյծ մը շալկելով, բերած են Յիսուսի մօտ, սակայն բազմութեան շատութեան պատճառով չեն կրցած մօտեցնել զինք Յիսուսին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Խմբագիր, ուսուցչուհի, գրող Մառի (Մարի) Պէյլէրեանի ծանօթ ժողովածոն՝ «Դէպի վեր»ը, թուայնացուած է: Թուայնացուած է նաեւ պոլսահայ կին գործիչին հրատարակած «Արտէմիս» անունով ամսահանդէսը, որ, ըստ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի, կանանց խնդիրներուն նուիրուած առաջին հայ թերթն էր:
Ոչ եւս է Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ նուիրեալ դպրապետը:
Կէտիկփաշայի ընտանիքը կը սգայ իր խորհրդանշական դէմքերէն Լեւոն Սրկ. Էօզփենպէի մահը:
Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մենթի-Մենթոր ծրագրի առաջին լսարանը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ, երեքշաբթի, յունուարի 15-ին։ Ծրագիրը կը հովանաւորէր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, իսկ կ՚ատենապետէր Արի Չոլաք։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս դռնփակ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին այս ընդհանուր ժողովով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ որդեգրած դիրքորոշման բերումով ՀՅԴ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։
Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս երէկ վստահութեան քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան համար։ Արդիւնքին, Թերեզա Մէյ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս օրերուն Երուսաղէմի մէջ ըստ Հին տոմարի կը տօնախմբէ Ամանորն ու Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Կը տեղեկանանք, որ Իսթանպուլէն ուխտաւորներու զանազան խումբեր Սուրբ Քաղաք մեկնած են մասնակցելու համար աւանդական արարողութիւններուն։
Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Սուրիայէ դուրսբերման հարցը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը, երէկ Մենպիչի մէջ ամերիկացի զինուորներու դէմ կատարուեցաւ յարձակում մը։ Մենպիչի ճաշարաններէն մէկուն առջեւ պայթեցաւ կենդանի ռումբ մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Զուիցերիա, ուր Տաւոսի ֆորումը նախատեսուած է 22-25 յունուարին։
Արմէն Սարգսեան. «Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, երբ նորարարութիւնները կը կառավարեն աշխարհը»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց պաշտօնական այցը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր Փարիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ մօտեցումները հետզհետէ կը հասուննան Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շատ դրական կը համարէ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցը: