Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բանն մարմին եղաւ» (ՅՈՎՀ. Ա 14) աւետարանական ճշմարտութեան համաձայն՝ Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւն առաւ, որպէսզի անով կատարէ մարդուն փրկութիւնը։ Քրիստոս ունայնացուց Ինքզինք ծառայի կերպարանք առնելով եւ մարդոց նման ըլլալով։
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, վերջերս, այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին։ Տքթ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց դեսպանլ Աթաբէկեանը իր նշանակումին համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անշուշտ հաճելի չէ խօսիլ մահուան վրայ, քանի որ ան ի վերջոյ կորուստ կը նշանակէ, եւ ոչ ոք կ՚ախորժի անոր ենթարկուելէ։ Բայց որքան տհաճ նո՛յնքան անխուսափելի իրականութիւն մըն է մահը, քանի որ կեանքի ամենէն յայտնի ճշմարտութիւնն է, այնքան ճշմարիտ, որ երբ ծնի որեւէ էակ, արդէն իր ծնունդով դատապարտուած կ՚ըլլայ մահուա՛ն։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ տղաս մտաւ տուն: Հասկնալի է: Երիտասարդ է, եւ շաբաթավերջերը ընկերներով դուրսը անցընելը բնական է, սակայն իբրեւ ծնող՝ նաեւ բնական է մտահոգուիլը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Տարին՝ 1918: Ա. Աշխարհամարտի մեծ զինադադարը, որուն հարիւրերորդ տարեդարձն է այս տարի՝ 2018: Այս իմաստով, անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցան շատ մը յիշատակութիւններ՝ սկսելով Ֆրանսայէն ու տակաւին շատ մը երկիրներու մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ համաշխարհային հանրութիւնը ցնցել: Այս տեսանկիւնէն, Թրամփի նախագահութեան երկրորդ տարին բաւական «արգասաբեր» էր:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գարակէօզեանցիներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հաստատութեան սաները շաբաթ առաւօտ նախ համախմբուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր ոգեկոչուեցաւ դպրոցի հիմնադիրը՝ բարեյիշատակ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան։
-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առկայ վիճակը։
-Պոլսոյ համայնքը մեր հայ իրականութեան կարեւորագոյն հաւաքականութիւններէն մին է։
-Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի դէմ սանձազերծուած տխուր ցոյցերուն մասին։
-Կանխաւ ըսեմ, որ այդ բոլորը անընդունելի են։ Բնականաբար, մարդիկ իրաւունք ունին հարցեր ներկայացնելու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգայացունց յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Թուրքիոյ մասին։ Ան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա հարուած հասցնէ Սուրիոյ քիւրտերուն, ապա ԱՄՆ տնտեսական փլուզում մը պիտի պատճառէ անոր։
Արեւմտեան Եւրոպայի նորանշանակ Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ Հռոմի մէջ՝ բացատրելով իր առաքելութեան առաջնահերթութիւնները եւ մանրամասնօրէն մեկնաբանելով առկայ համայնապատկերը. «Կառոյցները պէտք է գործեն ընդհանրական մօտեցումներով»:
«Այսօր եւրոպահայ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դժբախտաբար կը տիրէ քաոս, անհրաժեշտ է լծուիլ կազմակերպչական մեծ աշխատանքի մը։ Ունինք նաեւ նոր հաստատուած համայնքներ եւ այժմէն լաւ հիմքեր պէտք է դրուին՝ յառաջիկայ տասնամեակներու ընդհանուր արդիւնաւէտութիւնը երաշխաւորելու նպատակով»:
Նորին սրբազնութեան համոզմամբ, մենք բոլոր ճշմարտութիւնները հաշուի առնելով պէտք է դաստիարակենք մեր երիտասարդութիւնը, որպէսզի հպարտ զգայ եւ ըլլայ ինքնավստահ։ Այլապէս, վախը մեզ կը դատապարտէ կեթթոյի միջավայրերու։ Միայն ինքնավստահ անհատը կրնայ բաց ըլլալ իր շուրջիններուն։ Միւս կողմէ, կանոնադրութիւններն ալ կ՚ապահովեն կենսունակութիւն եւ թափանցիկութիւն, ինչ որ կը նպաստէ ինքնութեան պահպանման հարցերու լուծման, իսկ հաշուետուութիւնները կենսունակութեան նախադրեալ կը համարուին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մանուկ կամ պատանի հասակով, երբ դպրութեան շապիկ կը կրէինք՝ առանց խորաթափանց գիտակցելու անոր իմաստը, խորհուրդը, մեզի կը պատմէին, թէ եկեղեցին անժամանակ հաստատութիւն մըն է։ Ժամանակի եւ տարածութեան մասին մեր պատկերացումները տակաւին շատ սահմանափակ էին, երբ դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտը մե՛ծ էր մեր աչքին, իսկ կեանքի, ըսենք, հինգ տասնամեակը աւարտած անձ մը ծերութեան եզրին վաղուց հասած կը համարուէր։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վնարժարանի չորրորդ դասարանի սաները վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Աշակերտներու խումբը գլխաւորեցին վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչուհի Մելիսա Թուրաչ Պալչըք։
ԽԱՉԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Ինքնակրթութիւնն ու ինքնազարգացումը ուսուցիչին համար առանձին եւ կենսական նշանակութիւն ունին։ Ուսուցողական եւ դաստիարակչական գործը որպէս կեանքի նպատակ եւ կոչում ընտրելով ան ոչ միայն ինքզինք, այլ նաեւ ուրիշներ պէտք է դաստիարակէ եւ կատարելութեան հասցնէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, շատ անգամ կը գործածեն բառեր՝ որոնք բոլորովին հականիշ են իրարու, բայց առանց անդրադառնալու որ անոնք հակառակ իմաստներ ունին, կ՚օգտագործեն զանոնք որպէս՝ մերձիմաստ կամ հոմանիշ ըլլային։ Այս տեսակ գործածութեան որպէս օրինակ կարելի է տալ՝ «ճշմարիտ» եւ «իրական» բառերը՝ «ճշմարտութիւն»ը (=verité) եւ «իրականութիւն»ը (=realité), որոնք տարբեր իմաստներ ունին ըստ էութեան։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Խորագիրը կրնայ զարմանք պատճառել: Սնապարծութեան որոնում չէ:
Ֆրանսայի «դեղին բաճկոններ»ու շարժման պատճառներէն մին ուշադրութեան չարժանացաւ, քանի որ պատկերները այլապէս հետաքրքրական էին եւ տեղ չէին ձգեր խորքային հարցեր տեսնելու եւ քննելու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս եօթներրորդ տարին է, որ Նոր տարին կը դիմաւորեմ Երեւանի մէջ։
Անցնող տարիներուն միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ չկան, բացի անկէ, որ Ամանորի գիշերը ընթացք առած նախատօնական սթրէսը, նոյն կերպով իր թեւերը պիտի երկարէ եւ տարածուի նոր տարուան առաջին օրերուն վրայ։
Փարիզի մէջ եզակի խարիսխ մը՝ հայկական ստեղծագործական պտուղներուն հաղորդ դառնալու համար:
«Անաքօ» տափանաւու գործունէութեան ուղղութիւն կու տայ Սարվէն Էօզալթընի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց աշխատակազմի նուիրեալ ծառայութիւնը, որով կը պայծառանայ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Որպէս ուղեւորները 2019 տարւոյն, մեր ճամբուն վրայ, թող բոլորս միասնաբար մտնենք պարտէզները մեր կեանքին մնացորդաց, պարտէզները մեր երկրին գեղեցիկ, մրգաստանները մեր անմահ սիրոյ, բայց չկոտրենք ոչ մէկ սիրտ, չճզմենք ոչ մէկ երազ, չմարենք ոչ մէկ կրակ: