Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վրաստանի հանդէպ Արեւմուտքի նոր մօտեցումներն ու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան մերձեցման փորձերը:
Ուաշինկթըն կը ձգտի Պաքուին հասկացնել, թէ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր որդեգրած առաջնահերթութիւնները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սփիւռքահայ կրթական մշակ, դասախօս, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, հասարակական գործիչ եւ նշանաւոր գրականագէտ Յարութիւն Քիւրքճեանի մահը շաբաթավերջին գուժեցին զանազան լրատուական հարթակներ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կենդանի բոլոր արարածները կ՚ունենան ծնունդ եւ յետոյ՝ մահ։ Մենք այս աշխարհ եկած ենք նախ ապրելու, իսկ յետոյ մեռնելու համար: Բոլորս անխտիր կը մեռնինք, այնուամենայնիւ, մահուան թուականը անակնկալ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իգապաշտպանութիւնը (féminisme), իգական սեռի (լատին. sexus), այսինքն կին-մարդու իրաւունքներու՝ հաւասարութեան եւ ազատութեան պայքարով սկսած շարժում մը՝ ընկերային ընդհանուր հոսանք մըն է։ Այս շարժումը սկսած է 17-րդ դարուն եւ հետզհետէ տարածուած է եւ մանաւանդ սաստկացած՝ 1960-ական թուականներուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գուցէ դուք ալ բազմիցս լսած ըլլաք «ամենամեծ հարստութիւնը բարեկամներ ունենալն է» խօսքը, որ «լոզունգ» ըլլալէ աւելի իր մէջ ճշմարտութիւն մը ունի, որովհետեւ մարդ արարածը ընկերային արարած մըն է եւ անոր գոյատեւումը կախեալ է ընկերային կապեր ձեւաւորելու եւ ստեղծելու իր կարողութենէն:
Փարիզի Ողիմպիականները արդէն եզրափակուեցան։ Շուրջ երկու շաբթուան համաշխարհային մրցակցութեան աւարտին, Հայաստանի հաւաքականը՝ մետայլ նուաճած 91 երկիրներու շարքին զբաղեցուց 66-րդ կարգը։
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլը, որու ընթացքին պոլսահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները ապրեցան ոգեւորութեան նոր ալիք մը։
Երեւան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ռազմական համագործակցութիւնը տակաւ կ՚ամրապնդուի:
Հայաստան տարեվերջին կը դառնայ Հնդկաստանի արտադրած «Akash-1S» համակարգերու առաջին օտարերկրեայ գնորդը:
Միջազգային օրակարգի վրայ միշտ արդիական հարցում մը. «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան»:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու զեկոյցներուն մէջ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին Պաքուի սիստեմաթիք քայլերը:
Իսրայէլ արդէն երրորդ անգամ կը քալէ Խան Եունիս քաղաքին վրայ - Կարմիր ծովու մէջ ալ նոր դէպքեր:
Պայտըն, Սիսի եւ Ալ Սանի համատեղ յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղեցին բանակցութիւններու վերսկսման համար:
Պաքուի կողմէ տեղեկացուեցաւ, թէ Երեւանի հետ խաղաղութեան ենթադրեալ համաձայնագրի նախագծէն դուրս թողուած է՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապաշրջափակման խնդրի քննարկման յետաձգման որոշումին կ՚արձագանգեն տարածաշրջանի միւս դերակատարները՝ մանաւանդ Իրանը, որ լուրջ վերապահութիւն կը դրսեւորէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուրջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները ներկայ շաբթուան սկիզբին իրենց հերթական, աւանդական հանդիպումը ունեցան՝ այս անգամ Մոնրէալի մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատերու նման դուք ալ նկատած էք, թէ այս օրերուն, մեզմէ շատերու դէմքերուն վրայ չորցած է ժպիտ ըսուածը: Չկայ: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի տագնապ. մեծ պատերազմ չկա՞յ։ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութենէն վերջ, այժմ կը սպասուի «Համաս»ի եւ Իրանի հաւանական քայլերուն Իսրայէլի դէմ։ Ինչպիսի՞ վրէժ մը պիտի լուծուի։ Խորապէս մտահոգիչ կանխատեսումներու առընթեր, միջազգային լրահոսին մէջ աչքի կը զառնեն տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Իսրայէլի դէմ յարուածը կրնայ չըլլալ Իրանի վրայով, մինչ «Համաս» յայտարարած է, որ առանց Իրանին ալ կրնայ լուծել իր վրէժը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ Դ. դարուն քրիստոնէութիւնը «քաղաքական կրօնք» դարձաւ, այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ սկսան եկեղեցիներ կառուցուիլ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռքով, եւ կամ հին մեհենական շինութիւններ եկեղեցիներու վերածուեցան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարձեալ կը կրկտեմ մամուլի հին էջերը. ձեռքիս մէջ ունիմ մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 10 դեկտեմբեր 1904 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած «Կոչնակ»ը (Դ. տարի, թիւ 209):
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայազգի նկարիչ Էտկար Շահին ծնած է 31 հոկտեմբեր 1974 թուականին Վիեննա: Փորագրանկարչութեան աշխարհառչակ վարպետ մը եղած է: Անոր ստեղծագործութիւնները հայ մշակոյթի եւ 20-րդ դարու սկիզբին եւրոպական կերպարուեստին նշանակի երեւոյթներէն են:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բազում անգամներ հարցուցած ենք, թէ ի՞նչ է կամ ո՞րն է դժուարը, ի՞նչ է կեանքը։
Կեանքը յաճախ կ՚ընթանայ մեր կամքին համաձայն։ Յամենայնդէպս, կեանքի սահմանումը համաձայնեցուած չէ եւ չունի յստակ բացատրութիւն։ Կեանքը նկարագրելը կը նմանի առարկայի մը անուանման, որու գործառոյթը չենք գիտեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քննեցէ՛ք Գիրքերը, քանի որ կը կարծէք թէ անոնցմէ յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք։ Բայց ասոնք իսկ են որ կը վկայեն ինծի համար, որովհետեւ դուք կը կարծէք կեանք ունենալ…». (ՅՈՎՀ. Ե 39)։