Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին մի քանի օրեր առաջ՝ 17 օգոստոսին աշխարհ նշեց Անտուն կենդանիներու պաշտպանութեան միջազգային օրը եւ երէկ՝ երկու օրեր ետք, 19 օգոստոսին աշխարհ նշեց Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օրը: Կենդանիներու եւ մարդոց օգնութեան համաշխարհային օրը իրարու մօտիկ թուականներու նշուիլը զուգադիպութիւն է թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ մերօրեայ մարդը աւելի կենդանասէր է՝ քան մարդասէր:
Երէկ, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տաղաւարին առթիւ ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Տօնակատարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ հաւատացեալներուն առատօրէն բաշխեց իր օրհնութիւնը։
Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տաղաւարին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն:
Մուսա լերան գողտրիկ սրբավայրը օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ երկրաշարժի պատճառած վնասներէն վերջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր պետական այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցած էին, թէ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցեր։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի տօնը։ Վերափոխման տաղաւարի նախօրէին՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած էր՝ բարեզարդման աշխատանքներէ վերջ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ես ամէն օր նամակ կը գրէի ծնողքիս։ Ընկերներս կը հարցնէին. «Ամէն օր ի՞նչ կը գրես»։
«Այնքա՜ն գրելիք կայ» կ՚ըսէի։
Կեանքը կ՚եռար շուրջս, միշտ նորութիւններ կային, յետոյ գրական վերլուծումներ կ՚ընէի, ծնողքս իրենց կարծիքը կ՚արտայայտէին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր սեղաններուն է արդէն այս տարուան առաջնաբերք խաղողը՝ բոլոր պտուղներու ամենէն օրհնուածը:
Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին օրհնուած խաղողը, յիրաւի, փառաւոր տեսք կը ստանայ արարողութենէն ետք, իսկ անոր օրհնութեամբ կ՚օրհնուին նաեւ տարուան ողջ բերքն ու բարիքը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդը մէկ մասն է աշխարհին, ուր կ՚ապրի եւ կապուած է անոր: Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր իրադարձութիւն բնականաբար կ՚ազդէ անոր վրայ։ Որպէս ընկերային էակ՝ մարդը զանազան ձեւերով արտացոլած է իր անհատական կամ հաւաքական բոլոր զգացումները կամ ծրագիրները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ միշտ խորհած են մահուան մասին, բայց մահուան վրայ մտածել դժուար եղած է միշտ։ Կեանքին անխուսափելի ճշմարտութիւնն է մահը. ծնունդը պատահական է, բայց մահը՝ վճռակա՛ն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին չորս յօդուած գրեցինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին, մանաւանդ Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասէն Էջմիածին գալուն եւ նոր Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան մասին:
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը։ Աշխարհասփիւռ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներու հոգեւոր միասնականութիւնը ամրապնդուեցաւ՝ խաղողօրհնէքի խորհուրդով։
Գնալըի բարձունքին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը այս տարի եւս հոգեւոր ցնծութեան առիթ դարձաւ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ մինչ հոծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուեցան օրուան խորհուրդին շուրջ։
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին ընդառաջ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր միջոցէ մը ի վեր վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներ կը կատարուէին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարուան Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը կը բնորոշուի Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնով։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Մայր Սուրբ սքանչելի լուսոյն,
որ զԱստուած ամենայն յաւիտեանց
յորովայնի քում կրեցեր.
եւ ցնծութիւն աշխարհի ծնար զԲանն Աստուած»
(Ժամագիրք)
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս առիթ կ՚ընձեռէ անդրադառնալու եւ ինչու չէ նաեւ վերյիշելու «Տիրոջ աղախին»ը, որուն արտասանած մեծ «Եղիցի»ին կը պարտինք Հօր Աստուծոյ մշակած փրկագործութեան ծրագրին՝ մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին յայտնութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, 18 օգոստոս 2024-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ իր տաղաւար տօներէն՝ չորրորդը, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխումին յիշատակը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մայր» եզրը ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ սկիզբը, աղբիւրը, գլխաւորը էութեան, քանի որ ան Աստուծոյ իրեն գործարար, գործակատար կարգած է երկրի վրայ՝ Իր արարչագործութեան գործին։ Աստուած մարդը ստեղծեց եւ «մայր»ը շարունակեց այդ «գործ»ը երկրի վրայ՝ ծնունդ տալով «մարդ»ուն։ Արդարեւ, ծնունդը եղաւ մայրենի գործ՝ աստուածային տնօրինութեամբ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլտաիմիր Փութին այս շաբաթավերջին պետական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութիւնը կը սկսի վաղը։
Թուրքիա հարաւային սահմաններուն երկայնքով անվտանգութիւնը ամբողջապէս երաշխաւորելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ յառաջ կը տանի՝ մասնաւորապէս համագործակցութիւնը խտացնելով Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից երիտասարդները։ Խումբին ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ հանդիպման սկիզբին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։