Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սիրոյ արտայայտութիւնները հիներուն մէջ: Անոր դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ: Հաճոյանալու բաղձանքը, իբրեւ բնազդային զգացմունք: Արդի հասարակութեան հայեացքը սիրոյ վրայ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ծնողք իր ձեռքին մէջ ունի կաւ մը, որով Աստուծոյ օրհնութեամբ իր նմանը պատրաստելու կոչուած է: Հմտութիւնը այդ կաւով քանի հատ «նման»ներ պատրաստելու մէջ չէ. երեք կամ չորս զաւակ ունեցող ծնողքը աւելի «յաջող» կարելի չէ նկատել, քան միազաւակ ծնողք մը, որովհետեւ գուցէ ամենէն շատ այդտեղ որակը պէտք է շեշտել եւ ոչ քանակը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ռուսաստան յաղթա՞ծ… Շատ մը վերլուծաբաններ, որոնք աւելի  ռուսամէտ են կամ հարցերն ու եղելութիւնները կ՚ընկալեն ըստ Ռուսաստանի ղեկավարութեան տեսանկիւններուն, կը համարեն, որ Ռուսաստան յաղթած է կամ նուազագոյնը չէ պարտուած իր ներկայ միջազգային ռազմական, տնտեսական, մշակութային... եւ այլն դիրքերով:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Աղքատութիւնը ամօ՞թ է:
Պատասխան.
Դժբախտաբար ներկայի մեր ընկերութեան համար շատերու կողմէ աղքատութիւնը ամօթ կը համարուի եւ նոյնիսկ անարգանք:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վրացահայ անուանի նկարիչ Ճոտտոյի՝ Գէորգ Գրիգորեանի թանգարանը Երեւանի մէջ հիմնադրուած է տակաւին 1977 թուականին եւ կը նկատուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մէկ մասնաճիւղը, որ կը գործէ Մաշտոց պողոտայի վրայ՝ շէնքի մը մէջ: Այդ արուեստանոց-թանգարանին մէջ ներկայացուած են նկարիչի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, յուշային ձեռագրային նիւթեր, անձնական իրեր:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Սաղիմահայութիւնը կը ջանայ իր սահմանափակ ներուժով տէր կանգնիլ Սուրբ Քաղաքի իրաւունքներուն:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան զօրակցելու հետամուտ շրջանակները նպատակայարմար կը գտնեն այս փուլին՝ «Կովերու պարտէզ»ի վարաձակալութեան չեղարկեալ պայմանագրի բնագրին հրապարակումը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

«Սապահ» օրաթերթի առցանց տարբերակին մէջ երէկ արձագանգ գտան՝ Գատըգիւղի ընտանիքին իսկապէս մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն պատճառած՝ շուրջ մէկուկէս տարուան վաղեմութեամբ իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պարագային խնդրոյ առարկայ դարձած է դրամաշորթութիւն մը, որ թէ՛ թաղեցիներուն եւ թէ համայնքային շրջանակներուն արդէն ծանօթ էր, սակայն մամուլին մէջ արձագանգ չէր գտած։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններ վերջերս այցելեցին Մատենադարան, ուր կատարեցին շրջայց մը, որու ընթացքին ծանօթացան մշտական ու ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։ Օտարերկրեայ դիւանագէտները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մատենադարանի վերականգնման բաժինն ու արխիւային վաւերագրերու պահոցը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

«The Armenian Mirror-Spectator» անգլիատառ շաբաթաթերթը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Պոստոնի մէջ կազմակերպուած փայլուն ձեռնարկը համախմբեց ամերիկահայ շրջանակներէն բազմաթիւ հեղինակաւոր դէմքեր: Հանգանակութիւն ալ կատարուեցաւ՝ Արցախէն տարհանեալներու կարիքներու դիմագրաւման ֆոնտին համար:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ թէեւ բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ըստ վերջին իրադարձութիւններուն, դժուար թէ կարողանայ այդպէս շարունակել։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Օկիւն Սամաստ բանտէն դուրս գալով պահ մը կարծած է, թէ այլեւս փրկուած է, սակայն ներկայիս նոր մեղադրանքներու, հետեւաբար նաեւ նոր դատավարութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարեց, որ Հայաստանի տարածքով որեւէ ճանապարհ պէտք է վերահսկուի նոյնինքն Հայաստանի կողմէ։
Եւրոպացի պաշտօնատարը «Արմէնփրէս»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարներուն։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթի երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ընկերային ցանցերու վրայ ան գրառումով մը ուրախութիւն յայտնեց՝ դէպի Հարաւային Կովկաս իր ուղեւորութեան մեկնարկին կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կովկասէ ներս նոր խաղերու հետամուտ են անոնք, որոնք ջանացին Կիպրոսի թուրքերը շրջափակումներով ետ կասեցնել իրենց արդար դատէն։
Նախագահ Էրտողան երէկ, Անգարայի մէջ գլխաւորեց կառավարութեան ժողովը, որու աւարտին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ներողամտութիւնը առաքինութիւն է եւ նաեւ՝ վեհանձնութիւն, եւ ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին, եւ ո՛չ մէկ առարկութիւն անշուշտ, բայց…
Բայց, երբ արարքը մոռցուի, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ զայն ներելը։ Եւ եթէ մոռցուի, ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ պիտի չկրկնուի նոյն արարքը։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սունկերը կը նկատուին Երկիր մոլորակի վրայ ամենահին օրկանիզմներէն: Միաժամանակ անոնք մեր մոլորակի ամենաբազմազան օրկանիզմներն են՝ պտուղներու հետ միասին:
Սունկերու ամենահին գտածոներէն պարզուած է անոնց հաւանական տարիքը՝ մօտաւորապէս 900 միլիոն տարեկան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ նորեկ մայրեր հարց կու տան, թէ մեր զաւակներուն ամենէն դժուար ժամանակաշրջանը ո՞րն է. իրականութեան մէջ բոլոր ժամանակաշրջանները դժուար են, որովհետեւ իւրաքանչիւրին մարտահրաւէրը տարբեր է միւսէն եւ իւրաքանչիւրը իր կարգին կարեւոր հանգրուան մըն է մարդկային կեանքին մէջ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ընկճուածութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ կեանքի զանազան մարտահրաւէրները կրնան ժամանակ առ ժամանակ ազդել իւրաքանչիւրիս վրայ: Մեզմէ շատեր կրնան սպառել սեփական ներքին «աղբիւրները»՝ նման մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ հանապազօրեայ պայքար մղել՝ առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքը Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասին տեսակէտէ ընդհանրական սպառնալիքի մը վերածուած է։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023

Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթի այսօր տարածաշրջանային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ուղեւորութեան առաջին կանգառը կը հանդիսանայ Երեւան, ուր ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Էջեր