Արխիւ
Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Նոր կիրակիի արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Պուշ-տիւ-Ռոն տեփարթմանի խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան երկրորդ գլուխին մէջ կը խօսի Ադամի եւ Եւայի դրախտէն դուրս դրուելու մասին. այդ մէկը պատիժ էր տրուած մարդուն, սակայն այդ պատիժի կողքին Աստուած մարդուն տուած էր այլ երանութիւններ. անոնց տուած էր երկրի բոլոր կենդանիներուն վրայ իշխելու հրամանը, ինչպէս նաեւ զանոնք պսակած էր՝ հրամայելով «աճեցէ՛ք... ու լցէք երկիրը»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ շաբաթավերջին ալ լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ապրիլի 6-7-ի գիշերը, ժամը 22.45-էն սկսեալ, մինչեւ ժամը 00.25-ը՝ թիրախաւորեցին սահմանի զանազան հայկական դիրքերը։
Ատրպէյճանի բանակը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ հերթական յարձակումը գործեց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը 15.05-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղը ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակման։
Երեւանին յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերուի առկայ ռիսքերու մեղմացման նպատակով:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եռակողմանի յայտարարութիւն Պրիւքսէլի մէջ:
Յայտնի դերասան Ժերար Տեփարտիէօ վերջերս հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է. «Կը խոստովանիմ, որ ինծի համար դժուար է այս դարուն ապրիլ»։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի այնքան համակրելի երիտասարդներէն Սեւան-Անէթ Մեծատուրեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝
ԼԻՆՏԱ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին երկու օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու ուշադրութեան։ Համայնքային տասնմէկ վարժարաններու մասնակցութեամբ, այս տարի դարձեալ կազմակերպուեցաւ հոգելոյս Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը, որ ութերորդն էր իր տեսակին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մոնս. Մասսիլմիլիանօ Փալինուրոն, որ Պատրիարքարան փութացած էր՝ Ս. Զատկի շնորհաւորութեան համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ինչպէս Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող շրջանը Եկեղեցին պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը կ՚անցընէ, որ ծանօթ է Մեծ պահք կամ Քառասնորդացի պահեցողութիւն անուանումով, այդպէս ալ, Սուրբ Յարութեան յաջորդողը ուրախութեան եւ ցնծութեան շրջան է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կոխելով եւ Իր յարութեամբ մարդոց կեանք պարգեւելով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճակատագրապաշտութիւն», «fatalisme» կը նշանակէ՝ անհատներու կեանքի ճշդորոշում՝ նախքան ծնունդը, յղութեան օրէն սկսեալ՝ նախասահմանուած՝ որոշադրուած, որ է՝ «déterminisme»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը կը սկսի խօսելով պսակադրութեան Սուրբ Խորհուրդին մասին. հակառակ իր փիլիսոփայական խառնուածքին, Խրիմեան Հայրիկ պսակի խորհուրդը կը բացատրէ շատ պարզ ու հասկնալի լեզուով մը՝ մանուկներու համար գրուած հեքիաթի մը նմանութեամբ՝ առանց մտնելու Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական բացատրութիւններու մէջ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծնած է 1869-ին Իզմիտի (Նիկոմեդիա) Ասլանպէկ գիւղին մէջ: Աւազանի անունով Արտաշէս: Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, փոքր հասակէն յարած է ֆետայական շարժումնին, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան միջոցով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփ բաց աչքերով կը հետեւի Կազզէի պատերազմին ու կը ձգտի օգտուիլ ժամանակի սլաքներէն:
Միջին Արեւելքի պարագային ԱՄՆ-ի ձախողած քաղաքականութիւնը կ՚ազդէ նախագահական ընտրութեան հաշուարկներուն վրայ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այն պահուն, երբ մարդիկ համաճարակներու, պատերազմներու եւ տնտեսական ծանր տագնապներով մթնոլորտին մէջ երջանկութիւն կ՚երազեն, հրապարակուեցաւ երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցը, ուր երիտասարդութեան կեանքին մասին ահազանգ կայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ իրենց շրջապատին հետ հաղորդակցելու համար կ՚օգտագործեն շարք մը խորհրդանշաններ, որոնք կ՚անուանենք լեզու: Մինչ մարդիկ կը շփուին լեզուով, միւս կենդանի էակները ունին հաղորդակցութեան աւելի պարզ միջոցներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն յիշատակներու մէջ թաղուիլ, հիները վերյիշել աղօթքի չափ մխիթարական եւ խորհուրդի մը չափ տպաւորիչ կ՚ըլլայ։ Աղօթքի կարգին, ես ալ յաճախ կը թաղուիմ յուշերու խորհրդաւոր անհո՜ւն ծովին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր յօդուածով խօսեցանք հայրենիքի մարգարէին՝ Խրիմեան Հայրիկի մասին, որուն ծննդեան 204-ամեակն էր: Այս գրութիւնը պատճառ եղաւ, որպէսզի դարձեալ մեր ձեռքը առնենք Խրիմեան Հայրիկի երկերը: