Արխիւ
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ մեզի.-
Երէկ յետմիջօրէին երկու ահաբեկչական պայթումներ գրանցուեցան Պէյրութի մէջ: Անձնասպանական պայթումներու միջոցաւ եղած ահաբեկչութեան զոհ գացին 43 քաղաքացիներ, մինչ վիրաւորեալներուն թիւը անցաւ 230-ը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Երուանդ Զօրեան կ՚անդրադառնայ Համացանցային համալսարանի գործունէութեան։
«Այսօր ունինք անկախ Հայաստան մը, որ կը հանդիսանայ սփիւռքի երիտասարդները մօտեցնող կեդրոն մը, ուր կ՚իրականացնենք նոր սերունդին ուղղեալ ծրագրեր»։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին տարիներուն համացանցի վրայ ստեղծած է հայկական համալսարան մը՝ www.avc-agbu.org։ Երբ հայոց ամբողջ Սփիւռքը ձուլման լուրջ վտանգի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, այս համացանցային համալսարանը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այդ հոսանքին դէմ պայքարելու եւ հայոց նոր սերունդին համար իր արմատներուն, ազգային ժառանգութեան հետ շփման հնարաւորութիւններ ընձեռելու տեսանկիւնէն։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւն մը։ Մշակոյթի շաբթուան շարժառիթով կազմակերպուած հանդէսը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը ունի երեք երեսակներ՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Բայց մարդ կ՚ապրի միշտ ներկան, քանի որ անցեալը այլեւս իրը չէ՛, անցեալի վրայ որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար գործել, չի կրնար ապրիլ զայն, քանի որ անցած է ան։ Իսկ ապագան՝ ան ալ իրը չէ՜, քանի որ ապագան անորոշ է՝ անծանօթ եւ անստո՛յգ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը առաջնահերթ ուշադրութեան կ՚արժանանայ հայ իրականութեան մօտ:
Անցեալ տարուան դրութեամբ այս բարձրագոյն ուսման հաստատութեան շրջանաւարտներուն թիւը արդէն հասած է 3200-ի:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 10-ին կ՚ոգեկոչենք 108-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդին «Երկաթէ Շերեփ» պատգամած անմոռանալի ՀԱՅՐԻԿին՝ վանեցի Խրիմեան Մկրտիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1820-1907) վախճանման։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը կը պատրաստուի իրականացնել լայնածաւալ ու սաստիկ օդային նոր գործողութիւններ։ Վերջին օրերուն ցամաքային գործողութիւններու վերաբերեալ պնդումները հերքուեցան պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ, սակայն ներկայիս արդէն օրակարգի վրայ են զանազան լուրեր, ըստ որոնց բաւական հասունցած է օդային լայնածաւալ գործողութեան մը պատրաստութիւնը։
Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի նախագահ Սատի Կիւվէն այս առաւօտ պաշտօնապէս հրապարակեց Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքը։ Այսպէս, նոր խորհրդարանին ԱՔ կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 317 աթոռ։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ն պիտի ունենայ 134 տեղ։
Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահը երէկ բարձր մակարդակի շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Ֆրանց Թիմմերմանսը հիւրընկալեց Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ: Թրքական կողմը կրկնեց իր փափաքը՝ որպէսզի անդամակցութեան բանակցութիւններուն շրջագծով քննարկման բացուին նոր գլուխներ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ տեսակցեցան Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ:
Ռիչըրտ Միլս. «Անընդունելի է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջագծով լարուածութեան առկայ մակարդակը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» տարեկան մրցոյթի 2015 թուականի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան ջանքերով, որոնց կը միանայ նաեւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը։
Որպէս ծառայութիւն հայ երգի ու երաժշտութեան, Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հաստատուեցաւ նոր մատենաշար մը՝ «Համբարձումեան մատենաշար» եւ հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Մեղեդի»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր համեստ խորհրդածութիւններուն մէջ յաճախ կ՚անդրադառնանք անկեղծութեան եզրին կարեւորութեան մարդկային յարաբերութիւններու լաւ մշակման համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։ Իրեն ուղեկցեցան այս կեդրոնի հիմնադիր եւ «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախագահ Սեմ Սիմոնեան եւ կեդրոնի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն Բեկոր Փափազեան։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ծանօթացաւ կեդրոնի պայմաններուն եւ ուսումնական ծրագրերուն։
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Թուրքիա։ Նոյեմբերի 17-ին ան պիտի հիւրընկալուի Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդէս եկաւ տնօրինութիւնով մը՝ որպէսզի իր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուի Կովկասի հաւաքական անվտանգութեան տարածքաշրջանէն ներս հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ տարածքաշրջանային համակարգ մը ստեղծուի։ Ռուս ղեկավարին այս կարգադրութիւնը այսօր պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Մոսկուայի համապատասխան լծակներուն կողմէ։
Եւրոպական միութիւնը երէկ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան յառաջընթացի տեղեկագիրը։ 2015 թուականի այս տեղեկագիրը ընտրութիւններուն պատճառով հրապարակուեցաւ սովորականէն քիչ մը աւելի ուշ։
Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր բանակցութիւնները պաշտօնապէս պիտի սկսին յաջորդ ամիս:
Կարէն Նազարեան. «Անցեալի մէջ կուտակուած փորձառութիւնն ու գիտելիքները ամբողջովին կ՚օգտագործուին ապագային»:
Վարչապետը TRT-էն կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նոր սահմանադրութեան հեռանկարին առընչութեամբ:
Ըստ Ահմէտ Տավուտօղլուի, իրենք համոզուած են լաւ սահմանուած նախագահական դրութեան մը ուղղութեամբ, սակայն առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն ընդհանուր լարուածութեան նուազեցման համար, վերջին տարիներուն Թուրքիա յոգնեցաւ բաւականաչափ, հետեւաբար պէտք է հեռանալ առկայ բեւեռացումներէն։
