Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան ըսած է, թէ ժպիտը, մաքուր սրտի մը եւ հանգիստ խղճի մը արտայայտութիւնն է։ Ուրեմն, մարդուս կարելի չափով ժպտերես ըլլալը կարեւոր է, քանի որ ժպիտը մարդուս տրամադրութիւնը միշտ բա՛րձր կը բռնէ եւ բարձր տրամադրութեան միջավայր մը կը ստեղծէ։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատկերացուցէք անձ մը, որուն դէմքը գրեթէ ծանօ՛թ է բոլորին, սակայն ոչ ոք գիտէ անոր ո՛վ ըլլալը։ Անոր նկարը Պրազիլէն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսայէն՝ Իտալիա կը տարածուի, սակայն անոր իսկական ինքնութիւնը կը շարունակէ մնալ անյայտ:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան՝ իր պաշտօնակցին՝ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու վարչապետներու հանդիպման առիթ կը դառնայ Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ հետզհետէ կը շեշտուին Արեւմուտքի դէմ տրամադրութիւնները:
Անգարա-Թեհրան վերջին բանակցութիւններուն արդիւնքով համագործակցութեան նոր էջ մը կը սկզբնաւորուի:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Արդիւնաւէտութիւնը եւ համագործակցութիւնը կարեւոր ցուցանիշներ են ժամանակակից մարդուն համար։ Մարդիկ կը հետեւին զանազան աւանդութիւններու հետքերուն՝ աւելի երջանիկ երեւալու, աւելի յաջող ըլլալու, աւելի շատ վաստակելու եւ աւելի լաւ կեանք ապրելու համար:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կա՞յ արդեօք մէկը, որ կեանքին ընթացքին վիշտի զգացումը զգացած չըլլայ։ Թեթեւ կամ ծանր, տանելի կամ անտանելի՝ ամէնքս ալ ապրած ենք վշտալի շրջաններ՝ երկար կամ կարճ ժամանակ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կար ժամանակ, որ ժողովուրդը ինք կ՚ընտրէր ու կը «ստեղծէր» իր գրողը, բանաստեղծը, քննադատը, վիպասանն ու յօդուածագիրը եւ այդ մէկը սեփական որոշում ըլլալէ անդին հասարակաց կարծիքին վրայ հիմնուած իրողութիւն մըն էր։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն Արի Նուպար Պոյաճըօղլուի ջանքերով ստեղծուած է արեւմտահայերէն-անգլերէն թուային թարգմանիչը, որ կառուցուած է Մեթայի (Դիմատետրի) «No Language Left Behind» տիպարի հիման վրայ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Տեմակոժիի մէջ ընդունուած հնարքներէն մին հետեւեալն է. դիտմամբ խեղաթիւրել ընդդիմախօսիդ ըսածը կամ այդ մէկէն ընել «հեռու գացող հետեւութիւն», որ ըսածէն բացարձակապէս չի բխիր, իսկ այնուհետեւ ջախջախել այդ հնարած թեզը:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Երեւանի Նկարիչներու տան մէջ երէկ բացուեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս այս տարեմուտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական եզակի ձեռնարկ մը, որու ծրագրին մէջ երաժշտութիւնն ու ստեղծագործական գեղարուեստական այլ ճիւղերը միահիւսուած էին։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «The World Press Photo 2023» ցուցահանդէսը, որ բացուած է Ճարտարապետութեան ազգային թանգարանի երդիքին տակ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոխորհրդարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արցախի վերաբերեալ համաժողով մը։ «Պահպանելով Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը» խորագրեալ հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանի նախաձեռնութեամբ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024

Թուրքիա կը թիրախաւորէ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու անոնց շառաւիղները:
Անգարա միջազգային իրաւունքի հիմունքով յամառ պայքար կը մղէ՝ անկախ ժամանակի կամ վայրի պարագաներէն:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որոշեց պատժամիջոց մը սահմանել Ատրպէյճանի դէմ։ Այսպէս, քուէարկութեան արդիւնքով որոշուեցաւ չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը Հայաստանին չի վերաբերիր, սա իր երկրի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ է։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024

Ազգային մեծ ժողովին կողմէ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան համար տրուած հաւանութիւնը անմիջապէս կ՚անդրադառնայ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024

Էրտողան եւ Ռայիսի վճռական պատգամներ տուին ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի համար:
Անգարա-Թեհրան երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Կովկասի առկայ իրադրութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024

Ձիւնածածկ Երեւանէն դրուագներ… Մայրաքաղաքի կեդրոնին նոյն սպիտակ քօղին տակ են՝ հայոց պատմութեան վառ դէմքերու արձաններն ու մերօրեայ քաղաքացիները։ Համահարթեցո՞ւմ…

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը կը հաստատեն, թէ ժողովուրդը թիւրիմացաբար Առաջաւորաց պահքը կը կոչէ Սուրբ Սարգիսի պահք:
Այս սխալմունքը յառաջացած է այն պատճառով, որ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիսի տօնը: 

Էջեր