Արխիւ
Հայաստան-Անգլիա մշակութային համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի նշանաւորուի վառ նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Բրիտանական թանգարանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Երեւանի մէջ ցուցադրուի Անահիտ դիցուհիի արձանը։
Հարաւային Կովկասի գծով ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէ Քոլոմինա յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի հիմքին դրուած ցարդ համաձայնեցուած սկզբունքները այս փուլին պէտք չէ փոխուին։
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին տարիներուն կուտակուած տարաձայնութիւններուն կարեւոր մասը կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ յուսախաբութիւններուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Թուրքիա շատ աւելի շինիչ դեր մը կրնայ խաղալ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս երէկ տեղի ունեցան հերթական բանակցութիւնները։ Սահմանազատման յանձնաժողովներու 6-րդ հանդիպումն էր այս մէկը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ միշտ եղած են թշնամութիւններ, քանի որ մարդ միշտ եղած է եսամոլ եւ շահասէր։ Մարդ բնութեամբ շահի համար կրնայ խղճի եւ արդարութեան ընդդէմ շատ բաներ ընել։
Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու ներկայ ժամանակներուն երէկ դարակազմիկ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արհեստական բանականութեան հեռանկարներուն զուգահեռ՝ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ էր մարդկային ուղեղին միջամտելու նիւթը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներուն հերթական հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Սա կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ 6-րդ շփումը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան վերանշանակուեցաւ իր պաշտօնին։ Վերջերս աւարտած էր պայմանագիրով սահմանուած իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը վերջերս մտահոգութեամբ արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ յայտարարութեան։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ուղեւորութեան ձեռնարկած է Պալքանեան երկիրներ:
Թուրքիա կը շարունակէ նախանձախնդրութեամբ հաւատարիմ մնալ Մոնթրէօյի համաձայնութեան գործադրութեան:
Երուսաղէմի օտարերկրեայ դիւանագէտները իրերայաջորդ կ՚այցելեն Ս. Յակոբեանց հայոց վանքը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը «Կովերու պարտէզ»ի տագնապը քննարկեց ԱՄՆ-ի դեսպանատան ներկայացուցիչին հետ:
Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան հիւրընկալեց քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը:
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր ու հոգեպարար էքիւմենիք աղօթք:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիի հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարուստներն ու աղքատները, դատաւորներն ու յանցագործները, պահակները, աւազակները եւ գինովները, բոլորը կ՚ըսեն ինծի.
-Այս հայրենիքի երկինքին տակ մազերդ ճերմակելէն եւ անոր մայթերուն վրայ կռնակդ կորանալէ ետք այլեւս ի՞նչ կ՚ընես այստեղ. ի՞նչ կը սպասես անկէ, երբ քաղաքականութեան մէջ թէ՛ քու եւ թէ ուրիշներու ապագան որոշուած է, ինչպէս որոշուեցաւ Մուհամմատ Ամինի1 ապագան՝ արուեստի աշխարհին մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր գրութեան մէջ «Կը վախնան քեզմէ, բռնակալ Ալլահ» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք Մինաս Պետրոսեանի «Բողոք առ Աստուած» բանաստեղծութեան մասին, ուր բանաստեղծը հայ ժողովուրդին դժբախտութեան հիմնական պատճառ կը նկատէր զԱստուած:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, Կլենտէյլէն երիտասարդ Արեգ Բոյներեան եզակի զօրակցութեան ծրագիր մը կեանքի կոչած է՝ ի նպաստ Արցախէն տեղահանուած հայերուն։
Սրբազան Պապը եղբայրական ողջոյններ յղեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գահակալներուն:
Հռոմի Սուրբ Պօղոս պատմական տաճարին մէջ Քրիստոնէից միութեան համար աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւնը:
2018 թուականէն ի վեր կը հնչէ այն հարցը, թէ ո՞վ իշխանութեան գլուխ բերաւ Նիկոլ Փաշինեանը։ Եթէ մինչեւ 2020 այդ հարցը կը բարձրաձայնուէր՝ հասկնալու համար, թէ Հայաստանի մէջ ի՞նչ գործընթաց սկսած է եւ ինչի՞ կը սպասուի յետագային, ապա 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն եւ, յատկապէս, Արցախը ամբողջովին հայազրկելէ յետոյ հարցը հնչեց առաւել սպառնալից շեշտադրմամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցային գործընթացէն ներս յետընթաց:
Երեւան եւ Պաքու հրապարակաւ պատգամներ կը փոխանակեն՝ յստակ բարձրաձայնելով առկայ յուսախաբութիւնները: