Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, որ Թուրքիա այցելեց՝ բնական աղէտով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ զօրակցութիւն յայտնելու համար։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Հաթայի մէջ իրերայաջորդ երկու երկրաշարժ պատահեցաւ։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Տեֆնէ գաւառակին մէջ, որ Սամանտաղի շրջանին մէջ է։ Երեք վայրկեան տարբերութիւնով քաղաքը ցնցուեցաւ երկու անգամ՝ ըստ ռիխթերեան չափանիշի 6.4 եւ 5.8 սաստկութեամբ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մեծ պահքի շրջանի սկիզբին առթիւ երէկ հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կարդալ ստորեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 2-րդ օրն է:
Այսօրուան Աստուածաշնչական ընթերցումին մէջ կը կարդանք.
«Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի: Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ մեծ շուքով ամէն տարի փետրուարին կը նշուի Ամենայն հայոց բանաստեղծ հռչակուած Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը: Անոր ծնած օրը՝ 19 փետրուարը, 2008 թուականէն ի վեր հռչակուած է իբրեւ Գիրք նուիրելու օր, որ տօնի կը վերածուի:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մեր յօդուածը կը շարունակենք արեւմտահայերէնի դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման հեռանկարներու շուրջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կայ արդարութեան ճամբուն մէջ:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ» (Առ 12.28):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վաղեմի քրիստոնեաները անզիջող դիրք բռնած էին եւ չէին ուզեր գործ ունենալ բազմաթիւ չաստուածներու հետ եւ ո՛չ ալ բազմաթիւ տէրերու հետ։ «Որովհետեւ թէպէտ անուանապէս կան երկնաւոր եւ երկրաւոր աստուածներ, ինչպէս որ մեր շուրջը կը տեսնենք, թէ կան բազմաթիւ -աստուած-ներ եւ բազմաթիւ -տէր-եր, բայց մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան եւ մենք իրեն համար կանք. եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք անոր միջոցաւ կանք». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ը 5-6)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 75 տարիներ առաջ`1948-ին, հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան խօսելով իր ժամանակի նոր սերունդին եւ մանաւանդ անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող մտաւորական դասին մասին, թախիծով կը բարձրաձայնէր. «Կը նօսրանան, կը նօսրանան սրընթաց...» եւ այս նօսրացման իբր հետեւանք փշրանքներն են, որոնք մենք ունինք:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի նախատեսուած հունին մէջ։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ համապատասխան ժամանակացոյցը կը բանի եւ, ինչպէս ծանօթ է, քուէարկութիւնը նախատեսուած է մարտի 12-ին։
Միւնիխի 59-րդ անվտանգութեան համաժողովի շրջանակէն ներս անդրադարձ՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն:
Փաշինեան, Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ խօսեցան «Շարժե՞լ սարերը. անվտանգութեան կառուցումը Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթին շուրջ:
Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս շաբաթավերջին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ:
Ըստ Ուաշինկթընի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջին շրջանին զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է խաղաղութեան համաձայնութեան ուղղութեամբ: Շարլ Միշելն ալ առաջարկած է երկու ղեկավարները յառաջիկային հիւրընկալել Պրիւքսելի մէջ:
ԱՄՆ հերթական անգամ ընդգծեց Լաչինի միջանցքի վերաբացման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ կոչ ուղղեց տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման համար:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, շաբաթավերջին Նիւ Ճըրզիի մէջ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ «Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վանական-դպրեվանական կեանքը» նիւթին շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները շաբաթավերջին աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան այս առթիւ հիւրընկալեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի առաջին օրն է:
Օրուան Աստուածաշնչական ընթերցումը Եսայիի մարգարէութեան 1-ին գլուխին 16-20 համարներն են, ուր կը կարդանք.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անգարա, յետոյ ալ Ատըեաման տուած այցելութեան մասին քննարկումները կը շարունակուին։ Մեծ հաշուով, մինչեւ այս պահը հնչած քննադատութիւնները լուրջ ազդեցութիւն մը ունենալու իրական ներուժը չունին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեան մամուլը հեղեղուած է Անիի պատմական կամուրջը նորոգելու մասին օրերս Անգարայի մէջ կատարուած յայտարարութեան քննարկումներով:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան Անգարայի մէջ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ խօսեցան Անիի միջնադարեան կամուրջի վերանորոգման մասին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդ կը կարծէ, որ իր ետին կը թողէ ամբողջ կեանք մը, երբ կը մահանայ: Ան այնքան կը հաւատայ «ես» կոչուածին, թէ աշխարհէն հեռանալու ժամանակ կ՚ափսոսայ կեանքի կարճութեան համար։ Ան կը կարծէ, թէ ժամանակը կ՚անցնի-կ՚երթայ անդառնալիօրէն։