Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գուցէ Նիկոլ Փաշինեան եղաւ Հայաստանի առաջին ղեկավարը, որ 23 օգոստոսին «բաց թեքստ»ով ակնարկեց, թէ այս օրերուն երկրի անկախութիւնը վտանգուած է։
Ի դէպ հարկ է յիշեցնել, որ միայն օրեր առաջ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը նշեցին Անկախութեան հռչակագրի «ծննդոց»ի 32-րդ տարեդարձը, որ կը զուգադիպէր օգոստոսի 23-ին։
Երէկուան հեռախօսազրոյցներով պատրաստուած մթնոլորտով՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ այսօր Միշելի միջնորդութեամբ կը շարունակեն կարգաւորման գործընթացը:
Եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ, ռուսական «Քոմերսանթ»ը գրեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կրնան վճռորոշ դառնալ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան համար՝ մինչ Պրիւքսել կը ձգտի չէզոքացնել Մոսկուան: Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց, որ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան հիմնական գործօնը:
Վերամուտի սեմին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կրթական մշակներու օրհնութեան աւանդական կարգը:
Վեհ. Հայրապետը յորդորեց, որ ուսուցիչները շարունակեն առաքելութիւնը՝ հայորդիներու մէջ իրարու հանդէպ սէր սերմանելով:
Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ այսօր կը սկսի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ գագաթաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 8-ը։ Այս անգամուան համագումարը կազմակերպուած է՝ «Քրիստոսի սէրը կ՚առաջնորդէ աշխարհը» նշանաբանով։
Գնալը կղզիի մէջ Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հոգելոյս Ղազարոս Ունանի յիշատակին ձօնուած վոլէյպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշխարհը կը քարանայ: Կը քարանան նաեւ մարդոց սրտերը: Ազատութեան քօղի տակ կը կորսնցնենք մեր իրական ազատութիւնը: Ջերմութիւնը կը փոխարինենք սառնութեամբ ու անտարբերութեամբ: Խորասուզուած համացանցի մէջ, կը կորսնցնենք ապրելու վայելքը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայատանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր ծնունդով հայկական է։ Ահա թէ ինչու ան անուանուեցաւ Հայաստանեայց։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպիսի՞ն է ամբարիշտներուն վարք ու բարքը:
Պատասխան. Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր: Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ լեզուի մէջ «մահ» բառին ստուգաբանութիւնը, ինչպէս նախապէս ըսուած էր, կը կատարուի. «մարմին առանց հոգիի»՝ առաջին տառերը նկատի ունենալով «Մ», «Ա», «Հ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւանաբար աշխարհի մէջ գրուած ամենէն իմաստալից եւ գեղեցիկ խօսքը հետեւեալն է. «Աշխարհի մէջ առանց վիշտի մարդ չ՚ըլլար. մարդ եթէ վիշտ չունենայ, մա՛րդ չ՚ըլլար». վերջապէս բոլորս ալ տեղ մը համոզուած ենք, որ մարդկային է վիշտ ունենալը՝ առանց դասակարգի խտրականութեան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասն եւ աւելի տարիներ անցած են քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ մեր բաց, համարկուող ու համաշխարհայնացող ու համաշխարհայնացուող մոլորակին մէջ աւելի հրատապ կը դառնայ ինչպէս երկիրներու, այնպէս ալ ժողովուրդներու զարգացած ու ոչ-զարգացած (չզարգացած) ըլլալու նիւթը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խոստովանութենէն ետք, մօտիկ անցեալին կատարած յաւելումի մը արդիւնքով, սկսած է երգուիլ «Տէր ողորմեայ» հոգեւոր երգը, որ ժողովրդական լայն ընդունելութիւն գտած է, այլ խօսքով՝ ժողովուրդը այս հոգեւոր երգին զգացական կապերով արդէն իսկ կապուած է:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ժողովուրդներու պատմութիւնը երբեք չէ ներած ուշացումը: Եւ միշտ պէտք է յիշել ու կրկնել, որ վաղը միշտ ուշ է:
Մեծ կղզիի յունաց պատմական որբանոցի շէնքի վերանորոգութեան վերաբերեալ նոր իրադարձութիւն:
Ընդարձակ համալիրէն ներս՝ որպէս նախակրթարան օգտագործուած կառոյցի բարեկարգման համար արտօնութիւն:
Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Էտուարտ Աղաճանեան եւ Արմէն Գէորգեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Թուրքիա։ Այսպէս, երեսփոխանները Իզմիրի մէջ պիտի մասնակցին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Ընկերային, առողջապահութեան եւ կայուն զարգացման յանձնաժողովի նիստի աշխատանքներուն:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:
Պրիւքսելի վաղուան գագաթաժողովին ընդառաջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի դարադարձն է այս տարի, ինչ որ հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։
ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկի նախաորակաւորման փուլի F խմբաւորման հանդիպումները, որոնք Քոճաէլիի մէջ կազմակերպուած էին, հասան իրենց աւարտին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1891 թուականին Պոլսոյ մէջ մահկանացուն կը կնքէ պոլսահայ անմահ մեծ դերասան, բանաստեղծ, գրող, նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Պետրոս Ադամեան: Անոր մահը կը սգան Պոլսոյ մէջ, կը սգան Ռուսաստանի եւ Կովկասի մէջ եւ բոլոր այն տեղերը, ուր ան խաղացած էր տաղանդաւոր իր խաղը, ուր ճանչցուած էր իբրեւ արուեստագէտ: