Արխիւ
Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն մօտ Վատիկանի դեսպան Իւժէն Արք. Նիւճենթի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն տասնիններորդ հաւաքը:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան մասնակցեցան՝ Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուած աստուածաբանական երկխօսութեան հերթական փուլին: Ժողովականները ընդունուեցան նաեւ Տ.Տ. Թաւատրոս Ղպտի Ուղղափառ Պատրիարքին կողմէ:
«Արցախի ինքնորոշման հարցը ժամանակավրէպ չէ, բայց տրամաբանութիւնը պէտք է ըլլայ աւելի մտածուած, պէտք է աւելի ճիշդ դիրքաւորուիլ ժամանակակից աշխարհին մէջ»:
«Վրէժխնդրութիւնը իրական լուծման չի տանիր։ Կողմերու շահերը այնպէս մը պէտք է համընկնին եւ միահիւսուին, որ փակ ճանապարհներու կամ սահմաններու մասին խօսիլը անիմաստ դառնայ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ նախընթաց օր ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ Սինան Աքսու նշանակուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Կովկասի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմէն յետոյ խաղաղութեան ու կայունութեան համար կարեւոր հնարաւորութիւն մը ի յայտ եկած է։ Նախարարի խօսքով՝ Թուրքիոյ նպատակն է, որ Հարաւային Կովկասը եւս ըլլայ խաղաղութեան ու կայունութեան տարածաշրջան մը։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր վերջին օրերուն անձնական առիթով մը այցելեց Մոսկուա։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախի շրջափակման ու այնտեղ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ կարծիքը շօշափեցինք Արցախի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի դասախօս, Որակի ապահովման տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ամալիա Գրիգորեանի, որու հետ մեր ունեցած հարցազրոյցին սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ֆ. Նիչէ երբ կ՚ըսէր. «Աստուած մեռաւ», ասիկա շատեր կը հասկնան որպէս «Աստուած գոյութիւն չունի» իմաստով եւ կը մեղադրեն զայն որպէս աստուածամերժ եւ անաստուած։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 63.7-18:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակէն 3.1-12:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 6.22-32:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ, Գրիգոր Զօհրապ ենթադրելով իր մօտակայ դժբախտ մահը, իր բանտի խուցէն հինգշաբթի, 15 յուլիս 1915 թուակիր նամակով կ՚ուզէ իր կնոջ եւ զաւակներուն փոխանցել իր կտակը՝ «մի՛ յուզուիք» մը աւելցնելով կտակի սկզբնատողին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր դարու ցաւալի իրողութիւններէն մին է, որ մարդոց այլեւս գրականութեան՝ գրելու կամ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը նուազի ու գրեթէ ոչնչացած է։ Այս հանգամանքը պէտք է նկատի ունենանք․ մենք հիմա թեւակոխած ենք թուային դարաշրջանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն հաստատութիւն կը ներշնչուի, նոյնիսկ լռելեայն, մարդուն եւ անոր ճակատագրին մասին տեսութենէ մը, որմէ կը քաղէ իր դատումին բաղդատութեան եզրերը, իր արժէքներուն դասաւորումը եւ իր ուղեգիծը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տէմիրճիպաշեանի նամակներէն կարելի չէ վերջնականօրէն հասկնալ խենթի՞ թէ իմաստունի մը հետ գործ ունինք. անոր նամակներուն մէջ պիտի գտնենք իմաստուն ու զարգացած մարդ մը՝ ծանօթ համաշխարհային գրականութեան. մարդ մը՝ որ լաւագոյնս կը տիրապետէ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն՝ մինչեւ իսկ բառարանի աշխատութիւն մը կատարելու աստիճան:
Սարըքամըշի «Ձմեռ-2023» զօրավարժութիւններուն 17 երկիրներէ զինուորներ մասնակցեցան՝ խստաշունչ ձմրան պայմաններով:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար խօսեցաւ Զանգեզուրի միջանցքի բացման մասին՝ եզրափակիչ արժեւորումներուն ընթացքին:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն՝ Կովկասի բանակցային հարցերով աւագ խորհրդական նշանակեց Լուիզ Պոնոն։
Գանատայի «The Hill Times» թերթը ծաւալուն յօդուած մը հրատարակեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ այդ պաշարման հետեւանքով այնտեղ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Այս ամբողջին մէջ տեղ տրուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի յայտարարութիւններուն։
Երեւանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Եոէլ Լիոն արձագանգեց Երուսաղէմի մէջ Հայոց Պատրիարքարանին եւ Հին Քաղաքի բնակիչ կարգ մը հայերուն դէմ գործուած յարձակումներուն։ Ծանօթ է, որ այս դէպքերը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էին ամբողջ հայաշխարհէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակած էր յայտարարութիւն մը։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապի խորացումը զգայուն հարց մըն է Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն տեսակէտէ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Ռուսաստան Հայաստանի առանցքային գործընկերն է, բայց, դժբախտաբար, մեր մօտ անվտանգային իրավիճակը այդքան ալ լաւ չէ»:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ Եուսուֆ Թապաշն ու Սապինա Թապաշը։