Արխիւ
Մեր աշխատակից Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիթէն.-
Շիշլի մարմնամարզական ակումբը Թուրքիան կը ներկայացնէ ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկին մէջ:
Իզմիթի «Կազանֆէր Պիլկէ» մարզադահլիճը այս օրերուն խանդավառ մրցապայքարի մը դատերաբեմը կը հանդիսանայ:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աստուածաշնչային ընկերութեան նախագահ Ամին Խուրին եւ Պէյրութի «Սուրբ Յովսէփ» համալսարանի վերատեսուչ Հայր Սելիմ Տաքաշը։
Ըստ Չավուշօղլուի, կասկած չկայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ձգտումներու անկեղծութեան ուղղութեամբ:
«Եթէ Հայաստան կ՚ուզէ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն, ապա պէտք է յարմարի իր իսկ ստորագրած համաձայնագիրներուն»:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ կը շարունակէ մշտական քննարկման նիւթ մնալ երկրի այժմու ղեկավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու առկայ ընթացքը։ Այսօր «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է գրութիւն մը, որով հերթական անգամ անդրադարձ կը կատարուի այս խնդրին։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք երգենք եւ պարենք» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս կազմակերպուած 5-րդ համերգը։ Մինչ նախորդ ձեռնարկները տեղի ունեցած էին բացօթեայ, այս անգամուանը ուղղակի արդէն եկեղեցւոյ մէջ էր։ Երէկուան երեկոյթը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուի այս համերգաշարը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինքզինքս յոռետես չեմ համարեր, թէպէտ շատերու կը թուի, թէ ես այս օրերուն կը տառապիմ յոռետեսութեամբ: Իրատես եմ: Իսկ իրականութիւնը գորշ է ու մռայլ: Իրականութեան մէջ ոչինչ կայ ուրախալի, պանծալի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ազգի կրօնական կեանքի արտայայտումը եւ ձեւակերպումը որոշ սկզբունքներու եւ արտաքին նշաններու մէջ՝ նոյն ազգի եկեղեցին կը կազմէ։ Եկեղեցին՝ իբրեւ ժողովուրդի կրօնային կեանքի ամփոփումը, անփոփոխական տարրեր ունենալով հանդերձ՝ զարգացման այլ եւ այլ շրջաններ, պէսպէս անցումներ կը ներկայացնէ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, պասքեթպոլի առասպելներէն Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը Գնալը կղզիի մէջ հասաւ իր աւարտին։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ եզրափակիչ փուլը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ ակումբի նախկին պասքեթպոլի աստղերը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ մարդիկ հարց կու տան, թէ յօդուածներուս մէջ ինչո՞ւ անցեալէն շատ մէջբերում կը կատարեմ կամ ինչո՞ւ ներկան կը փորձեմ համեմատել անցեալին հետ. չէ՞ որ կարեւորը ներկան եւ ապագան է։ Այս հարցին կ՚ուզեմ պատասխանել ո՛չ թէ իմ, այլ գրող եւ մտաւորական Շահան Շահնուրի բառերով. «Որքան որ մտածումներս ետեւ տանիմ, հայերը կը տեսնեմ միշտ այնպէս, ինչպէս որ են այսօր...»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպիսի՞ն է Աստուծոյ վերաբերմունքը արդարներուն, խոնարհներուն, իմաստուններուն, ծուռ մարդոց, ամբարիշտներուն, ծաղր ընողներուն եւ յիմարներուն հետ:
Պատասխան. Վասն զի ծուռ մարդը Տիրոջը առջեւ պիղծ է, բայց Անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է:
Եւրոմիութեան եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի խրախուսանքով կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
Զարգացման որոնումներ՝ արհեստավարժներու եւ հաստատութիւններու կատարելագործման ուղղեալ քննարկումներով:
Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգման խորհուրդը վերջին օրերուն ժողով մը գումարած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիի երդիքին տակ տեղի ունեցած է նիստը, որու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ համահայկական լրագրողներու յաջորդ համաժողովը որոշուած է կազմակերպել 2023 թուականի գարնան։
Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ իր երկիրը ինքնուրոյն կ՚որոշէ, թէ ինչ ճանապարհով պիտի վերադարձնէ Խրիմը։ Ան այս առումով բացառեց Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու հաւանականութիւնը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
«Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն գծով առնուած քայլերը կը նպաստեն նաեւ Պաղեստինի հարցին»:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Մահմուտ Ապպասը:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներուն հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ, Մոսկուայի մէջ։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ այս պահուն որոշուած չէ ձեւաւորուած հարցերու առանձին օրակարգը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մամհուտ Ապպասը։ Յետմիջօրէի ժամերուն Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ վերջ Էրտողան եւ Ապպաս կ՚ունենան առանձնազրոյց մը։
Ներկայացումները նախատեսուած են նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնի (ՆՓԱԿ) երդիքին տակ:
«Եոլճու» թատերախումբը եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը երկու ելոյթով հանդէս կու գան Հայաստանի մէջ:
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ թրքերէնով հրատարակուած ծաւալուն յօդուածին կապակցութեամբ կապ հաստատեց խմբագրութեանս հետ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի գործունէութեան առջեւ փայլուն հորիզոններ:
Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ այս շաբաթավերջին Քոմոթինիի մէջ, Յունաստան, տեղի կ՚ունենայ երկու համերգ: