Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն ազգի պարագային գոյութիւն ունի երկու տեսակի երիտասարդութիւն, որոնք ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ. ամէն ազգ ունի իր լուրջ, սակայն լուրջերու կողքին իր կեանքը անիմաստ վատնող երիտասարդութիւն մը:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, օգոստոսի 3-ը։ Համահայկական այս երիտասարդաց համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
«Հայ երգ ու պար» անուանումով կազմակերպուած երեկոյթը երէկ խանդավառութեան մեծ ալիք մը ստեղծեց Գնալըի բարձունքին։ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շրջապատուած էր բազմաթիւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։
ERVAB-ի երէկուան ժողովին որոշուեցաւ աշխատանքային կառոյցի համար նոր դրուածք մը որդեգրել:
Ստեղծուած յանձնախումբերու ատենապետները կանոնաւոր պարբերականութեամբ տեղեկագրեր պիտի պատրաստեն:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Արցախահայութիւնը անվերջ օրհասական օրեր կ՚ապրի։ Իսկ համայն հայութիւնը՝ մտահոգ ու անճար, կը հետեւի քաղաքական անցուդարձերուն։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքտատը։ Բանակցութիւններէն վերջ Թեհրանէն ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Անգարային։
Անգարա Պաքուի հետ շփումներու ծիրին մէջ միշտ կը պնդէ Զանգեզուրի միջանցքի բացման վրայ:
Էրտողան եւ Ֆիտան հիւրընկալեցին Պայրամովը, որու հետ ծաւալուած քննարկումներու լոյսին տակ հրապարակուեցան յստակ համերաշխութեան պատգամներ. «Լաչինը Ատրպէյճանի տարածք է եւ ան կրնայ ամէն տեսակ գործողութիւն կատարել այնտեղ»:
Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ, առկայ մարդասիրական տագնապի մթնոլորտը շաբաթավերջին քիչ մը եւս խորացաւ Ատրպէյճանի հերթական տմարդի արարքով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Ատրպէյճանի նախագահի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքով ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կը նախատեսուի հեռախօսազրոյց մը։ Իրականութեան մէջ, Էրտողան-Փութին շփումները այնքան յաճախակի էին, որ գրեթէ ընթացիկ բնոյթ ստացած էին, սակայն, վերջին շրջանին Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած մթնոլորտը անոնց դարձեալ տարբեր նշանակութիւն մը տալ սկսած է։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադիրները երէկ ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։ Կղզիի բարձունքին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։
Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ, շաբաթավերջին Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամրան շրջանին Իշխանաց կղզիներու բնակիչ մեր համայնքի անդամներուն համար պարբերաբար կը կազմակերպուին հովուական այցելութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ Հայաստանի մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնը կը սպասէ Կոռնիձորի մէջ, քաղաքական համայնապատկերին վրայ կը յայտնուին նոր տարրեր:
2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ բանալ խաղ մը: Ամերիկեան եւ ռուսական կողմերու լուռ հաւանութեամբ սկսած այս նախաձեռնութիւնը դուռ կը բանայ այն մեկնաբանութեան, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի չկարողանայ ապահովել այն ամէն ինչը, որուն կը ձգտէր Արցախը պաշարման ենթարկելով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ երէկ՝ յուլիսի 30-ին իրենց ճամբորդութիւնը աւարտեցին ճաբոնական տիկնիկները: Հայաստանի մէջ Ճաբոնի դեսպանատունը յուլիսի 7-էն ի վեր Երեւանի Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնին մէջ կազմակերպած էր «Նինկիյօ. ճաբոնական տիկնիկներու արուեստը եւ գեղեցկութիւնը» խորագրով ցուցահանդէսը, որ Հայաստան բերուած էր ուրիշ երկիրներու մէջ ներկայացուելէ ետք:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Յաճախ հիասթափութեան պատճառ կը դառնան մեր ակնկալիքները՝ այլ մարդոցմէ կամ ընդհանրապէս կեանքէն։ Մեզմէ ո՞վ ծանօթ չէ այն բեմագրութեան, թէ անբուժելի մելամաղձոտութեան մէջ մեր բոլոր յոյսերը բեռնենք ակնկալիքի մը վրայ եւ հաւատանք, որ այդ մէկը իրականութիւն դառնայ եւ այս անգամ մեզ երջանկացնէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յարաբերական» կը նշանակէ՝ համեմատական. վերաբերականութեան, առընչականութեան ենթակայ ըլլալ։ Գոյութիւն միայն որպէս առարկայ, կամ յարաբերաբար մտածող միտքի մը. երեւակայութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հասած է տեղ որ սկսած եմ ամչնալ հայ ըլլալէս, որովհետեւ այն հայութիւնը՝ որ սրսկուած է մեր արեան մէջ, տարբեր է այն հայութենէն, որ այսօր մեր դիմաց կը պարզուի: Այն հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը որ անցեալի մտաւորականներուն գործերուն մէջ կը տեսնէինք, կա՛մ առասպելներ են եւ կամ ահաւոր տերեւաթափութիւն մը ապրած է մեր ազգը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զ.- Քաթիպայի թուքը այս անգամ կը հասնի բոլոր ճարտարասացներուն եւ քարոզիչներուն, որոնք բեմ դուրս գալով Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած խօսելու շնորհքը ի գործ կը դնեն, սակայն այդ մէկը չեն ծառայացներ իրենց հայրենիքի բարօրութեան:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կանոնաւոր կերպով տեղի կ՚ունենան առանց տեսանելի յառաջընթացի եւ միջազգային դաշինքներու վերակազմաւորման ենթախորքին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յատկանշական բանաձեւում մը տուած է գործընթացին՝ ըսելով, որ բանակցութիւններու յաջողութեան նշանը անոնց շարունակութիւնն է։
Փեքինի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կ՚ընթանան ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատելու ճանապարհին։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն այցելեց Չինաստան։