Արխիւ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ մարտի 12-ին նախատեսուած ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը այս շրջանին կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար Եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ-Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական շնորհանդէս մը։ Այսպէս, սա գինեձօնն էր «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 42-րդ հատորի երկու գիրքերուն։
Արարատ Միրզոյեան Ժոզէֆ Պոլելի, իսկ Ռուբէն Ռուբինեան Մարիա Պուրիչի հետ հանդիպումներ ունեցան:
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը ջանայ միջազգային դերակատարներու կշիռը ծառայեցնել Լաչինի միջանցքի վերաբացման:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի վաղը երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Սիսի պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Յիրաւի, մենք ունինք ապահով ու գեղեցիկ կեանք, սակայն կոյր ենք զայն գնահատելու համար:
Յիրաւի, մենք կ՚ապրինք շքեղ կեանքով մը: Այո՛, մենք, ոչ թէ մեր դրացին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Շրջափակուած Արցախի մէջ պաշարման բոլոր օրերուն երեխաներ ծնած են»: Այս նախադասութիւնը այս օրերուն կը փորձեն հրամցնել որպէս լաւ եւ ուրախալի լուր եւ կը փորձեն ասով քիչ մը մխիթարել Արցախի ճակատագրով մտահոգ մարդիկը:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ անկիւնադարձային փուլ:
Ընտրողներու ցուցակները այսօր կը կախուին երեք թաղերու մէջ, կը սկսի նաեւ թեկնածութիւններու առաջադրումը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Միշտ հաւատարիմ մնալով էութեանս՝ կրկին ներքին հանդարտութեամբ կու գամ շարել այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը պատկանին մեզի: Արդարեւ, ազգովին կանգնած ենք նոր եւ բազմաշերտ վտանգներու առջեւ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մինչեւ ծնունդը նախապատրաստութիւններ: Պորտը կտրելն ու կապելը: Ի՞նչ է «շապիկով ծնիլը»: Նորածինին գլուխը: Նորածինը լոգցնելը: Նորածինին աչքերուն խնամատարութիւնը: Փաթաթելն ու քնացնելը: Առաջին ծիծ տալը: Մեկոնիոն եւ երեխային դուրս ելլելը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անթերի թէ համեստ մեր բոլոր սեղաններէն անպակաս էր խաղաղութեան կենացը: Թէպէտ մեր երկրի լուսաբացները կը բացուէին խաղաղ, սակայն մեր մեծերը չէին մոռցած խաղաղութեան արժէքը, իսկ պզտիկներուն ալ կը մաղթէին մեծնալ խաղաղ երկինքի տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առձեռն Ընդհանուր ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հին եւ Նոր Տէրութեանց - Վենետիկ, ի տպարանի Մխիթարեան, 1880» գիրքին մէջ «Ազդ» վերտառութեամբ՝ որպէս նախաբան, սապէս կ՚ըսէ Հ. Ներսէս Ճնտոյեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ազգի մը մէջ ամենէն մեծ դժբախտութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ա՛յն ժամանակ, երբ հաւաքական շահը կը սկսի իր տեղը զիջիլ անհատականին ու մարդ հաւաքականութեան շահերով առաջնորդուելու փոխարէն աւելի նախամեծար կը նկատէ իր անձնական շահերը:
Քաղաքիս յոյն համայնքը ներկայ տարեմուտին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն՝ վերակենդանացնելով նաեւ իր աւանդութիւնները։ Այս շրջանակին մէջ յատկանշական էր՝ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած երիտասարդական ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Եըլտըզի «Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ։
Այս ամսավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր համերգ մը՝ նշանաւորումն հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին։ Այս մեծ ձեռնարկը նախատեսուած է մաէսթրոյի ծննդեան օրը՝ յունուարի 27-ին, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
Միրզոյեան մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի երէկուան նիստին:
Լաչինի միջանցքի վերաբացման ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերու յաջողութեան համար անհրաժեշտ է միջազգային ուժեղ ճնշումը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս պահու դրութեամբ, Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնունայն է՝ առանց Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին։ Ո՛չ միայն փոխուած են խաղի կանոնները, այլ իրավիճակը հասած է այնպիսի փուլի մը, ուր կը մատնուի Ռուսաստանի անգործութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գծավէպ մը, որ կը կոչուի «Ծաղկաւոր տետրակը»։ Սա արդէն իր նմաններու շարքին 4-րդն է։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ ուխտագնացութեամբ կը գտնուի Երուսաղէմ, տեղեկանալով Ղալաթիոյ Յիսուս Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծագած հրդեհին, ցաւակցական գիր մը ղրկեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանին։
Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ երէկ երեկոյեան ծագեցաւ սարսափելի հրդեհ մը, որ դժբախտաբար խլեց երկու զոհ։ «Անատոլու» գործակալութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս դէպքին, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ալ խոր ցաւ յառաջացուց։ Իսթանպուլի հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց դէպքին՝ մինչ թրամվայի գծի երթեւեկն ալ ընդհատուեցաւ։