Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըն, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր դարու ցաւալի իրողութիւններէն մին է, որ մարդոց այլեւս գրականութեան՝ գրելու կամ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը նուազի ու գրեթէ ոչնչացած է։ Այս հանգամանքը պէտք է նկատի ունենանք․ մենք հիմա թեւակոխած ենք թուային դարաշրջանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն հաստատութիւն կը ներշնչուի, նոյնիսկ լռելեայն, մարդուն եւ անոր ճակատագրին մասին տեսութենէ մը, որմէ կը քաղէ իր դատումին բաղդատութեան եզրերը, իր արժէքներուն դասաւորումը եւ իր ուղեգիծը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տէմիրճիպաշեանի նամակներէն կարելի չէ վերջնականօրէն հասկնալ խենթի՞ թէ իմաստունի մը հետ գործ ունինք. անոր նամակներուն մէջ պիտի գտնենք իմաստուն ու զարգացած մարդ մը՝ ծանօթ համաշխարհային գրականութեան. մարդ մը՝ որ լաւագոյնս կը տիրապետէ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն՝ մինչեւ իսկ բառարանի աշխատութիւն մը կատարելու աստիճան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նոր տարին նորութիւններու շրջան է, եւ ո՛չ միայն անհատներու պարագային, այլ նաեւ՝ հաստատութիւններու:
Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունին զանազան հաստատութիւններ, կառոյցներ ու մարմիններ, որոնք մշակութային, ազգային, հոգեւոր եւ այլ ծառայութիւններ կատարելու կողքին, կը զբաղին նաեւ հայապահպանութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
1953 տարւոյ Հայ թերթերու մէջ «Հարաւային ամերիկահայ կեանք» վերտառութեամբ կը կարդանք հետեւեալ լուրերը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տէմիրճիպաշեանի իմաստուն կամ խելառ ըլլալը քննարկման նիւթ է, սակայն անկասկած կրնանք ըսել, որ ան ունէր լուրջ հոգեկան տագնապներ ու խնդիրներ եւ այդ բոլորին աւելիով ծանօթ դառնալու համար անհրաժեշտ է կարդալ անոր անհատական նամակները:
«Միջազգային ճգնաժամային խումբ» (International Crisis Group) վերլուծական կեդրոնը, որ կը հետազօտէ համաշխարհային տագնապները, վերջերս անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր պատերազմի կանխումը» խորագրեալ զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այս երկու երկիրներուն միջեւ նոր պատերազմի մը ծագման սպառնալիքը չափազանց իրական է։
Ռուբէն Ռուբինեանի ծաւալուն հարցազրոյցը. «Երեւանի վրայ ընդհանրապէս կան ճնշումներ եւ Լաչինի միջանցքին փակումը այդ համատեսքին մաս կազմէ»:
«Հրադադարի յայտարարութեան տակ ստորագրութիւն դրած են Փաշինեանը, Ալիեւը եւ Փութինը։ Հիմա այդ յայտարարութիւնը խախտուած է. խախտուած է ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ»:
-Հասցնենք նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւներու հաւանական կարգաւորման անդրադառնալ ձեզի հետ՝ որպէս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ։ Արդէն կը գործե՞ն ուղիղ բեռնափոխադրումները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար նախատեսուած ժամանակացոյցը կը բանի՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, որ Հայաստան ապագային կը ներգրաւուի «Անդրկովկաս» նախագծին։
Թալլինի մէջ, Էսթոնիայի իր պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ նախարար Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Իրան կը ծրագրեն օգտագործել տարածաշրջանի հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները՝ ձեւաւորելով եռակողմանի կամ քառակողմանի համագործակցութեան դրութիւններ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այս օրերուն շատեր ինծի պէս կը փափաքին ապրիլ Արցախի մէջ:
Կեանքի ճանապարհը աւելի քան յիսուն օրէ ի վեր փակ է: Ճանապարհի գոց ըլլալը բնաւ չի խաթարեր արցախահայոց անդորրը, պարզապէս թեթեւ անյարմարութիւն մը կը պատճառէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր փորձեր կը կատարուին կեղծելու Արցախի պատմութիւնը: Աւելին՝ խոշոր ջանքեր ուղղուած են հայաթափելու հայոց հնամենի բնակավայրը, քաղաքական խաղացողներ երազներ ունին Արցախը տեսնելու առանց հայերու...
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Եգիպտոսի նախագահին Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութիւնը, որուն արձագանգները կը շարունակուին, իսկապէս շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Այս այցին նշանակութիւը անկարելի է սահմանափակել միայն Երեւան-Գահիրէ առանցքով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տալլաս քաղաքի Հիւսիսային Քարոլթըն արուարձանի Ս. Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հռչակուեցաւ երկրի՝ 2022 թուականի լաւագոյն շինութիւնը։ «world-architects.com» կայքէջի հաղորդումներով, եկեղեցին լաւագոյն շինութիւնը ճանչցուած է անոր կողմէ կազմակերպուած հարցախոյզի արդիւնքով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանէն նկարիչ Լեւոն Լաճիկեանը, որ մեր գեղարուեստասէրներուն ծանօթ անուն մըն է եւ այս շրջանին դարձեալ կ՚այցելէ քաղաքս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց յայտնի նկարչուհի Վերժին Շապճըն։ Զրոյցի տեւողութեան համակրելի արուեստագիտուհին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծաւալած գործունէութեան եւ մօտաւոր ապագային համար նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Որքան դիւրին է ըսել՝ ամիս մը, նոյնքան խրթին է ամիս մը զատուիլ զաւակէդ, ամուսինէդ: Զաւէնը համեմատաբար դիւրութեամբ ձգեցի մէկամսեայ ճանապարհորդութեան: Անհամբերութեամբ կը սպասեմ վերադարձին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
-Այս տարի, ձեր հօրը տարեդարձին, ճաշարան-մաշարան մէջտեղ չհանէ՛ք, գացող չկայ եւ ոչ ալ շապիկ-մապիկ բերէ՛ք… կը հասկնա՛ք, այս բոլորին տեղ ականջի լսողական գործիք մը նուիրեցէ՛ք. հայրերնիդ երթալէն չի լսել կոր…: