Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիրէն.-

«Տեսփերթար» (զարթօնք) անուանումին ներքեւ կ՚արծարծուին օրակարգային հրատապ խնդիրներ:
Ճան Ուստապաշը այս առաւօտ կարեւոր հրապարակումներ ըրաւ առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման հեռանկարներուն շուրջ:
Եւրոպական Միութեան գանձատրումով Իզմիրի մէջ աշխատաժողով՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հարցերուն շուրջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

Հայ Երուսաղէմը, որ ըստ Հին տոմարի կը նշէ Ս. Զատիկը, տօնական շրջանին հիւրընկալեց բազում ուխտաւորներ։ Այս ծիրէն ներս, անցեալ շաբթուայ տեւողութեան Սուրբ Քաղաք այցելեցին հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն երկու յայտնի դէմքեր՝ Փրակի «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան եւ կողակիցը՝ լրագրող Աննա Կարապետեան, որոնք մասնակցեցան Աւագ շաբթուայ աւանդական արարողութիւններուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր երեկոյեան կը մասնակցի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Դամասկոսի խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղերավար Լիւսի Իսքանեանը եւ ընկերակիցները, որոնք Երեւան այցելեցին 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ «Արմէնփրէս» պետական լրատուական գործակալութիւնը փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն նշանակուած է Նարինէ Նազարեանը: Որոշումը կայացուած է՝ հիմք ընդունելով ընկերութեան տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար տեղի ունեցած մրցոյթի յանձնախումբին որոշումը եւ եզրակացութիւնը՝ Նարինէ Նազարեանի՝ յաղթող ճանչցուելուն վերաբերեալ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւնները հերթական պատեհ առիթն է անդրադառնալու Ֆրանսայի թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ իբրեւ քաղաքակրթական արժէք:
Ֆրանսան միջազգային ընտանիքին մէջ իւրայատուկ երկիրներէն կը համարուի իր ամէն ինչով: 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայցնենք Գէորգ Արքեպիսկոպոս Արսլանեանի մէկ գրութիւնը, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշաթառ Յարութեան մասին՝ «ՅԱՐԵԱ՜Ւ» վերնագիրով, որ լոյս տեսած է «Հայ Խօսնակ»ի, Բ. տարի, թիւ 7, ապրիլ, 1926-ի մէջ, էջ՝ 147-149: Յօդուածը ընթերցողներուն կը ներկայացնենք նոյնութեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Փոքր տարիքէն մեր ուղեղներուն մէջ գամեցին ու անջնջելի հետքերով փորագրեցին «պահանջատիրութիւն» բառը, որուն իմաստը առանց հասկնալու ու գիտնալու տակաւին 4-5 տարեկան մեր հասակէն սկսանք «պահանջել» առանց ճշմարտապէս գիտնալու, թէ ի՛նչ կը պահանջենք:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահն է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, թէ նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով գոյացած համաձայնութիւններու կատարման շուրջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Էմմանիւել Մաքրոն եւ Մարին Լը Փեն, որոնք երկու շաբաթ առաջ առաջին երկու տեղը նուաճելով դարձած էին անխուսափելի թեկնածուները, երէկ վերջին անգամ ներկայացան ֆրանսացի ընտրողներուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Ապրիլի 24-ը այս տարի եւս Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին պատճառ դարձաւ լարուածութեան։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ոգեկոչման պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակեց ցեղասպանութիւն, ինչ որ Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ապրիլի 24-ի առթիւ տեւականացուց վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացը՝ հրապարակելով պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Türkiye Ermenileri Patriği
Sayın Sahak Maşalyan,
Ermeni Toplumunun Değerli Üyeleri,
Kıymetli vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum.

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն երկու ամիսէ ընթացքի մէջ է։ Սա միջազգային հրատապ օրակարգ դարձած է թէ՛ մարդասիրական ծանր հետեւանքներով եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան համակարգին հասցուցած լուրջ հարուածներով։ Շաբաթներէ ի վեր խաղաղութեան որոնումները կը շարունակուին, սակայն, ապարդիւն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հանդիսապետեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ քարոզեց։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Մարի Տէյիրմենճեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէ ներս՝ մանաւանդ պոլսահայ կրթական համակարգին մօտ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ապրիլի 24-ի յիշատակութեան առթիւ տուաւ պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

Մեծ եղեռնի 107-րդ տարելիցին Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս ոգեկոչուեցան հայոց սուրբ նահատակները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամը 24 Ապրիլի վերյիշման առթիւ. «Ցեղասպանութենէն դար մը անց՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, հայրենիքի շուրջ ծաւալուող աշխարհաքաղաքական գործընթացները, Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը կը փաստեն, որ վերջացած չեն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի, ի մասնաւորի Արցախի հայորդիներու ապահով ու անվտանգ կեանքի դէմ սպառնալիքները։ Մեր սուրբ նահատակներու յիշատակին առջեւ նուիրական մեր պարտքն է համախմբուիլ եւ պաշտպանել Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, Հայաստան եւ Արցախ մեր աշխարհի անվտանգութիւնը, կանխել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բարբարոսաբար ոչնչացումը, որպէսզի չկրկնուի Նախիջեւանէ ներս իրագործուած մշակութային եղեռնը»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1983 թուականին, Յակոբ Օշականի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ, Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ «Մայրիներու շուքին տակ» խորագրով գիրքը, որ իրականութեան մէջ գիրք-զրոյց է՝ արեւմտահայ յայտնի գրագէտ, գրաքննադատ, ուսուցիչ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի եւ «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր, ուսուցիչ Բենիամին Թաշեանի միջեւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կար ժամանակ երբ կիներ՝ օղերը կը դնէին իրենց ականջներուն վրայ, իսկ ապարանջանները՝ իրենց ձեռքերու դաստակներուն վրայ։ Տարիները թաւալեցան եւ սովորութիւն դարձած այդ երեւոյթները փոխուեցան, դէպի լաւ թէ գէշ՝ չեմ գիտեր, քանի ես պարզապէս կը ներկայացնեմ իրականութիւնը՝ ինչպէս որ կը տեսնեմ։

Էջեր