Արխիւ
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երբ մենք, բժիշկներս, կը զգուշացնենք մարդոց հիւանդութիւններուն դէմ, միշտ նոյն պատասխանը կը ստանանք.
-Հապա ինչո՞ւ այս ինչը չհիւանդացաւ. ինչո՞ւ այս ինչը չվարակուեցաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս անձ մը իր անբարոյական եւ միասեռականութեան հանդէպ հակումները քօղարկելու համար սիրտնեղած կ՚ըսէր, թէ «այս ընկերութիւնը որուն մէջ կ՚ապրինք, «օփըն մայնտըտ» (open-minded) չէ. բոլորն ալ հին գլուխներ են»: Հիացմունքով կը խօսէր այն բացմտութեան մասին, որ ունէին եւրոպացիք եւ ամերիկացիք (կարեւորութիւն չունի անշուշտ, որ ինք երբեւէ այցելած չէ այդ երկիրները). ինչպէ՞ս չսքանչանար երբ աջէն-ձախէն լսած էր, որ այդտեղ նոյնիսկ... փողոցներուն վրայ կ՚ընեն:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կիրակի, մայիս 22-ի Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումէն ետք, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը ակնյայտ ձեւով կը խուսափի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին արտայայտուելէ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր առաւօտեան ժամերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Սերկէյ Լաւրով երէկ յետմիջօրէի ժամերուն հասաւ Երեւան՝ Անգարայի շփումներէն անմիջապէս վերջ։
Սուրիոյ պարագային Մոսկուա կը կարեւորէ Անգարայի՝ սահմանային անվտանգութեան զգայնութիւնները:
Ռուսաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ աշխատելու, սակայն Ուքրայնայի նաւահանգիստները պէտք է ականազերծուին:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը:
Աշխարհահռչակ «Կոմիտաս» լարաւոր նուագարաններու ազգային քառեակը քաղաքիս մէջ՝ պատմական շարժառիթով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ժամադրուած են Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի վարդապետական թեզի պաշտպանութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն հայր սուրբը բարձրագոյն ուսումը կատարելագործելու համար Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանէն ներս ծրագրի մը կը հետեւէր։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Սա ամբողջ աշխարհին կողմէ հետաքրքրութեամբ սպասուած ժամադրութիւն մըն է։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը:
«Կոմիտաս» ազգային քառեակը, որ այս առաւօտ ուղիղ թռիչքով ժամանեց Երեւանէն, վաղը երեկոյեան համերգով մը հանդէս պիտի գայ CRR-ի երդիքին տակ: Յայտագրին պիտի մասնակցին նաեւ յայտնի դաշնակահարուհիներ Սելէն Կիւլիւն եւ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու:
Սահակ Սարգսեան կը հիւրընկալէ Իսթանպուլի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու բազմաթիւ ղեկավարներ կամ պաշտօնատարներ՝ ներառեալ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ դեսպան Սալիհ Մուրատ Թամէրը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութեան գիր մը տուած է այս կարեւոր ձեռնարկին առթիւ, որուն կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան:
Կարգադիր յանձնախումբը բծախնդրութեամբ յառաջ տարած է նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք թեւակոխած են այլեւս վերջին փուլը: Համայնքային շրջանակներէն մեծ հետաքրքրութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց մեր վարժարաններէն խումբ մը սաներ։ Այսպէս, «Բարեկամ» խումբի պատասխանատուներու նախաձեռնութեամբ Գումգաբու փութացին Էսաեան, Սահակեան-Նունեան եւ Մէրամէթճեան վարժարաններէն աշակերտներ։
Շիշլի մարզակումբի յաջող ներկայացուցիչներէն Արտա Արատ վերջերս մասնակցեցաւ կարեւոր մրցաշարքի մը։ Մարմնամարզութեան ճիւղին մէջ, Իսթանպուլի Եւրոպական ափի՝ 2009 թուականին ծնած արական սեռէ մարզիկներու շարքին ան նուճեց առաջնութիւն՝ դասուելով «Թուրքիոյ ամենաարագը»։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Քրիստոնեայ տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Չոլաքեանի։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Փողոց մը վեր գինիի փառատօն էր, իսկ փողոց մը վար՝ հայը կը թափէր հայու արիւնը: Այսպիսին էր արիւնոտ յունիսի 3-ը: Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Երեւանի կեդրոնին մէջ կը շարունակուին Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ ձեռնարկուած «Դիմադրութիւն» բողոքի շարժման դրսեւորումները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գրելու նկատմամբ ձեւով մը բոլորը սկսած են հետաքրքրութիւն ցուցաբերել, եւ սկսած են բոլորը ձեւով մը «գրիչ շարժել», թուղթի վրայ «մրոտել»: Այդպիսիները շատ յաճախ սակայն, կը մոռնան, որ գրելը արուեստ է, իսկ արուեստին պէտք է զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտենալ, որպէսզի արուեստը քեզի տայ իր բարիքները, որպէսզի մարդ կարենայ վայելել այդ արուեստը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրականութիւնը ապերախտ ասպարէզ մը եղած է միշտ եւ հաւանաբար յաւիտենապէս շարունակէ մնալ այդպէս: Ապերախտ, որովհետեւ յանկարծ տասը բանաստեղծութիւն գրողը կրնայ «գրող» նկատուիլ, իսկ ամբողջ կեանք մը հայ գրականութեան նուիրուած անձնաւորութիւն մը կրնայ մոռցուիլ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան մասին մեր կատարած խորհրդածութիւնը:
Քահանան խաչակնքելով ներկայ ժողովուրդին վրայ, կ՚ըսէ. «Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին շնորհը, սէրը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը թող ձեր բոլորին հետ ըլլայ».
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ բարեկամներ հարց կու տան, թէ ո՞ր երկիրը կ՚ուզէիր ապրիլ. պատասխանս մի՛շտ նոյնը կ՚ըլլայ. Հնդկաստան: Ի դիմաց անոնց զարմացած հայեացքներուն կը պատասխանեմ, թէ Հնդկաստանը կարծիքովս աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրներէն մէկն է՝ եթէ ո՛չ ամենէն հարուստը:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ տարեկան շրջանաւարտից արարողութիւնը։ Հաստատութեան արդէն 62-րդ ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ մասնակցեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) ժողովին, ելոյթով մը հանդէս եկաւ նիստի բացման։ Պատրիարքարանի դիւանը հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ելոյթի թրքերէն բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։