Արխիւ
Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցերը միշտ օրակարգի վրայ:
Հայց. Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնները նոր բովանդակութիւն կը ստանան՝ գործակցութեան արդի օրակարգով:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի կողմէ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Զաւակներ մեծցնելը, անոնց դաստիարակութեամբ եւ ուսումով զբաղիլը գիտակից ծնողներու համար միշտ հիմնական եղած է: Մարդիկ փնտռած են մանկավարժական ճիշդ մօտեցումներ՝ լաւագոյն արդիւնքը ստանալու համար:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն, ի տես մեր հայրենիքէն ներս կատարուած ամէնօրեայ տեսանելի իրադարձութիւններուն, հաւանաբար ինծի նման շատերն ալ ունին հեւքոտ ու նոյնքան ալ տառապող սրտի յարատեւ զարկեր: Որովհետեւ բոլորս ալ, մեր կարգին շատ մօտէն կը հետեւինք Երեւանի հրապարակներուն վրայ կատարուող ցոյցերուն եւ անոնցմէ հասնող արձագանգին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աւելի մեծ է՞ր կորուստը քան շահը, կամ թէ եղած ցոյցերը առհասարակ չկարողացան ոչինչ փոխել Լիբանանի համար, երկրի երիտասարդութեան համար, որ երկար ատենէ ի վեր հաւատքով ու մեծ նուիրումով գիշերը ցերեկին խառնեց, շատ բաներէ ինքզինք զրկեց՝ հասնելու համար մէկ ու միակ նպատակի մը, որ կարծես թէ անհնար է երկրի մը մէջ, որուն հիմնական մղիչ ուժը, ապրելու եւ կեանքի առանցքը համայնքային դրութիւնն է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• «Մենք՝ հայերս ընդունելով չենք ընդունում: Այնքան որ, նոյնիսկ նախընտրում ենք խաբել մեզ: Ստել մեր երկիրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի Ե. կիրակին «Դատաւորին» կիրակի կը կոչուի՝ Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿ. ԺԸ) մէջ յիշուած դէպքով, որուն մասին Յիսուս Քրիստոս կը պատմէ առակ մը։
Այրի կին մը, անօգնական եւ անոք հարցի մը շուրջ կը դիմէ քաղաքի դատաւորին։ Դատաւորը սակայն կը մերժէ խեղճ կինը եւ անտարբեր կը մնայ անոր խնդրանքին նկատմամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քառասուն մանուկներ, բոլորն ալ կանխաւ քրիստոնեայ եղած, զանազան քաղաքներէ, Սեբաստիա գտնուած միջոցին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը (=duc), հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ, քննել թէ կա՞ն քրիստոնեաներ բանակին մէջ։
Բրիտանացի զոյգը երկյարկանի հանրաշարժը վերածած է «շքեղ բնակարանի» մը։ Այսպէս, Չարլի Մաքվիքըր եւ Լուք Ուոլքըր որոշած են միասին ապրիլ։ Անոնք գիտակցած են, որ չեն կրնար բնակարան մը գնել, կամ բնակարանի վարձ վճարել։
150 միլիոն կտոր եւ երեք տարուայ աշխատանք. Չինաստանի մէջ ստեղծուած է լեկօ-քանդակներու աշխարհի ամենամեծ հաւաքածոն։ Այսպէս, Չինաստանի մէջ երեք տարի շարունակ 50 ձեւագծող, ոգեշնչուելով երեւակայական սեռի անգլիացի գրող Ճոն Ռանըլտ Ռիւել Թոլքինի «Մատանիներու տիրակալը» եռերգութեամբ, 150 միլիոն կտոր լեկոներով ստեղծած են աշխարհի լեկօ-քանդակներու ամենամեծ հաւաքածոն, որ վերջերս ընդգրկուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ:
Ամերիկացի բեմադրիչ Նիքոլ Քեսսըլ գրող Լայմըն Ֆրենք Պաումի «Հրաշագործ Օզը» գիրքի հիման վրայ նոր շարժանկար մը կը նկարահանէ, կը հաղորդէ «Fox News»ը։
«Warner Bros.»ի պատկանող «New Line Cinema» աշխատանոցը որոշած է պաստառաւորել յայտնի գիրքը։
Աշտարակներ, երաժշտական գործիքներ եւ տարատեսակ այլ առարկաներ. ճաբոնցի վարպետը ուշագրաւ քանդակներ կը կերտէ մատիտի միջուկով։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ համացանցի մէջ յայտնի է Շիրոյի անունով, կրնայ սովորական մատիտները վերածել իրական քանդակներու:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Պատկերացուցէք այսպիսի վիճակ մը։ Պաշտպանութեան նախարարութիւն կու գայ գերագոյն հրամանատարը, որ բացարձակապէս ոչինչ կը հասկնայ ռազմական գործէն եւ իր գործողութիւններուն մէջ կ՚առաջնորդուի ո՛չ թէ պետութեան անվտանգութեան շահերով, ոչ ալ նոյնիսկ պարզ տրամաբանութեամբ, այլ միայն՝ սեփական յաւակնութիւններով ու ֆանթազիներով եւ գովազդային (PR) ցոյցեր ընելու ձգտումով։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Թիթով նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի՝ Անդրկովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Անիքա Սիոտերի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի իրավիճակը, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ տագնապին մէջ կը շարունակուին անհաւատալի իրադարձութիւնները։ Նմանաբնոյթ երեւոյթները այս շրջանին, դժբախտաբար, յաճախակի դարձած են նաեւ բանակի պարագային, ինչ որ ակնյայտ ապացոյց մըն է՝ թէ պետականութեան գոյութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները որքան արդար են։
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէէն ներս նիստ:
Կիպրական հիմնախնդրին առընչութեամբ գործընթացներուն մէջ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը ուղղակի դեր պիտի ստանձնէ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ էլ Նահեանի հետ։ Այվազեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ ԱՄԷ, իր պաշտօնակցին հետ հանդիպման ժամանակ վերահաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ առաւել խորացնելու ուղղութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւնները։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս կազմակերպեց առցանց գիտաժողով մը՝ «Կրօն, կրթութիւն եւ խաղաղութիւն» վերնագրով։ Հեռավար այս գիտական ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ Հայկազեանի հետ համագործակցած էր՝ Մինէսոթայի Սենթ Ճոնզ համալսարանի «Ճէյ Ֆիլիփս» միջհաւատքային ուսուցման կեդրոնը։
Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կը ջանան բացուիլ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջան:
«Անգարա կ՚աշխատի կարգաւորելու համար այն տագնապները, որոնք կը սպառնան տարածքաշրջանին՝ ներառեալ Կովկասը»:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով բնորոշուած անցեալ շուրջ միամեայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութեան վերածուեցաւ ընկերային զօրակցութեան շարժումը։ Համայնքէն ներս յանկարծ արտասովոր կարիքներ գոյացան եւ անոնք դարձան հրատապ՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական ծանր խնդիրներուն հետեւանքով։