Արխիւ
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կինը կեցաւ այգիին մէջ։
Վերերէն իրեն կը նայէր դեղին քարով կազմուած լուսին մը։
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութի հերթական նախաձեռնութիւնը երէկ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ համախմբեց ընթերցասէրները:
Խաչիկ Վարդանեան. «Մենք կ՚ուզենք ապրիլ լաւ, կիրթ հասարակութեան մէջ։ Ինչ բանի որ հասած ենք՝ մեծ չափով կը պարտինք գիրքին»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ լիսէներու տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն իրերայաջորդ կը մէկտեղուի պոլսահայ կրթական մշակներու հետ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը։
Բոլորը ուրախութեամբ անդրադարձան այս 22 տարիներու ընթացքին արձանագրուած մեծաթիւ ձեռքբերումներուն՝ երախտագիտութեան պարտքով։
ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԱՆՅԱՅՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում մը.
Ի՞նչ է փարիսեցիներուն եւ սադուկեցիներուն թթխմորը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Բոլորը գիտեն՝ ընտանիքը սրբութիւն է: Սակայն ոչ բոլորը խորիմաստ կ՚ընկալեն իրենց արտայայտած միտքը: Արհեստականօրէն կ՚արտաբերեն բառերու շարան մը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ օրերս մեծարեցին հայ ականաւոր գիտնական, գիւտարար, աշխարհի մէջ առաջին լուսնագնաց եւ մարսագնաց սարքերու ստեղծող՝ անուանի ճարտարագէտ Ալեքսանդր Քէմուրճեանը: Քէմուրճեանի ստեղծած լուսնագնացներն ու մոլորակագնացները Երկիր մոլորակին եւ դրացի մոլորակներուն մակերեւոյթը կտրած, անցած են հարիւրաւոր քիլօմեթրեր՝ մարդկութեան փոխանցելով առաջին անգնահատելի տեղեկութիւնները՝ անծանօթ տիեզերքին մասին:
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ միջնակարգերու տնօրէններուն հետ:
Նորին Ամենապատուութիւնը կրթական մշակներու հետ խորհրդակցեցաւ կրօնի առարկայի դասաւանդման շուրջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Օգտուելով կեցութեան առիթէն Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան։
ԻՒՆԷՍՔՕ որոշեց Մենտելէեւի անունով հաստատուած միջազգային մրցանակը շնորհել երկու գիտնականներու, որոնցմէ մին հայ է։ Անոնք են Եուրի Յովհաննիսեան եւ Վինչենցօ Պալցան։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի, սակայն, դժբախտաբար, իր այցելութիւնը կ՚ուղղորդուի առողջական վերիվայրումներով։ Ճամբորդութեան սկզբնական փուլին Յունաց Պատրիարքը Ուաշինկթընի մէջ հիւանդանոց փոխադրուելով կարճ դարմանումի մը ենթարկուած էր։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հերթական անգամ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու մօտակայքին անհրաժեշտ է անվտանգութեան գօտի ձեւաւորել։
Երէկ, Արման Թաթոյեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երդիքին տակ։
Երեւան ռազմավարական երկխօսութիւն կը վարէ՝ Ուաշինկթընի հետ կապերու զարգացման միտումով:
Փաշինեան Օլսոնի հետ հանդիպման ընթացքին խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման շուրջ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր հարթակի ստեղծումը, բազմակողմանի տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կը բխի տուեալ ձեւաչափի ենթադրեալ բոլոր մասնակիցներու շահերէն։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կողմնակից է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու առաջարկին՝ տարածաշրջանային նմանօրինակ խորհրդատուական դրութիւն մը ստեղծելու շուրջ։
Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Ճիշդ 22 տարի առաջ այսօր ան բազմած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելահիմն գահուն վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որոշ ժամանակ կը կարծէի, թէ օտար ամուսնութեան դէմ պայքարելու հիմնական ու կարեւոր պայքարը միայն սփիւռքի մէջ պէտք է տարուի, նկատի ունենալով, որ սփիւռքի մէջ մեր զաւակները աւելի՛ առիթներ ունին սայթաքելու ու խոտորելու: Սակայն ժամանակ մը ետք համոզուեցայ, որ ինչքա՛ն սփիւռքի, նոյնքան ալ հայրենիքէն ներս սպառնացող աղէտ մըն է օտար ամուսնութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
-Գնա՛, գլխուդ ճարին նայիր...
Գարնանային հաճելի օր մը, երբ դուրսը ուրախ ու զուարթ են տղաքն ու կիները, հին օրերու հմայքը կորսնցուցած պառաւ մը յուղարկաւորութեան մասնակցողի տարտամ քայլերով կ՚երթար անսալո՛վ մարդոց «գնա՛»ին՝ դարձեալ գլխուն ճարին նայիլ փորձելու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ ամէն ինչ սկսած է հասկցուիլ եւ ըմբռնուիլ իր իմաստէն հեռու, յաճախ նոյնիսկ իմաստին հակառակ, եւ շա՜տ յաճախ ըստ հաճոյքի, կամ աւելի ճիշդ՝ ըստ այդ հասկացողութենէն եկած շահին, օգուտին:
Տագնապներու պատճառով, աշխարհի վրայ ներքին տեղահանուած անձերու թիւը հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանիշային ցուցանիշ է, կը հաղորդէ ներքին տեղահանուած անձերու հարցերու ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Հիմենես Տամարի: