Արխիւ
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ*
Ֆրանսիսքոս Ա. Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետի հրամանով՝ 2 փետրուար 2021 թուականին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ընդգրկուեցաւ Լատինական Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ։ Յետ այսու ամէն տարի 27 փետրուարին Կաթոլիկ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Հայ Եկեղեցւոյ այս մեծանուն վարդապետը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Hay Mentee-Mentor» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին բիւր յարգանքով դիպուկ արտայայտութիւններ ունեցաւ:
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ երեք երջանկայիշատակ գահակալներուն՝ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի, Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի եւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմներուն վրայ երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեան շահեկան յօդուածով մը խորհրդածութիւններ ըրաւ առկայ տագնապի վտանգներուն շուրջ եւ առանձնացուց քանի մը հիմնական ուղղութիւններ, որոնց վրայ աշխատանքները պէտք է կեդրոնացուին յառաջիկայ շրջանին, առանց տակաւին երկար յապաղելու:
«Ռազմական գործողութիւններով ստեղծուած կարգավիճակը երբեք հիմք չի կրնար ծառայել տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման համար։ Ինչպէս 1994-ի պատերազմով ստեղծուած կացութիւնը հիմք չծառայեց յաջորդ 25 տարիներու խաղաղութեան համար, այնպէս ալ այս պատերազմով ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար ամուր խաղաղութեան հիմք ըլլալ գալիք տարիներուն համար։ Հայկական կողմը երբեք յաւակնութիւն չէ ունեցած եւ ապագային ալ պիտի չունենայ տարածքներու համար, որոնք իրենը չեն եղած, բայց նախանձախնդիր ու հետեւողական պիտի ըլլայ տէր կանգնելու ուղղութեամբ այն ամէն ինչին, որ արդարացիօրէն իրեն կը պատկանի»:
«Եթէ շարունակուի այս ներքին յամառութիւնը եւ արտաքին անգործութիւնը, ապա ոչ-հեռու ապագային մեզ կը սպառնայ Արցախի մնացորդ մասի նախիջեւանացում, Սիւնիքի հայաթափում ու նոյնիսկ կորուստ»:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Փարիսեցիներէն ոմանք լսեցին» (Յհ 9.40):
Մեկնութիւն. ոմանք, որոնք ամենէն չարերն էին, անոնք էին, որոնք լուսաւորուածին տաճարէն վռնտեցին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հիմա որ ա՛լ հաւատքով արդարացած ենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ։ Քրիստոս Ինք մեզի համար կարելի դարձուց՝ հաւատքով հասնիլ այն շնորհքին, որուն մէջ կ՚ապրինք հիմա եւ կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով». (ՀՌՈՄ. Ե 1-2)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի անիւը անդադար կը դառնայ, ինչպէս ժամանակի անիւը։ Ուստի, մեր ապրած կեանքին ո՞ր մէկ օրը կը նմանի ապրուած ուրիշ օրուան մը։ Մարդ ամէն օր նո՛ր մարդ մըն է կեանքի անիւին մէջ։
Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է «Գարնանային սալոն-2021» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կը համախմբէ գեղարուեստասէրները։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ ձեռնարկը, որու այցելուները արուեստի աւելի քան 200 ինքնատիպ նմոյշի կը ծանօթանան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Պլինքընը շնորհաւորեց՝ այդ պաշտօնը ստանձնած ըլլալու կապակցութեամբ։
Քաղաքական առկայ տագնապի երկարաձգումը օրէ օր կը խորացնէ այն սպառնալիքները, զորս Հայաստան կը դիմագրաւէ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններով:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը շաբաթավերջին հերթական հանրահաւաքը կազմակերպեց: Ընդդիմադիր ցուցարարները կը շարունակեն փակ պահել Երեւանի Բաղրամեան պողոտան:
Մարտի 8-ն է այսօր. Համաշխարհային կանանց օր։ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած եւ անցնող տասնամեակներու ընթացքին աշխարհի չորս ծագերուն՝ իր պատգամով ու խորհրդանշած իմաստով լայն ընդունելութեան արժանացած օր մը… Աշխատաւոր կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար հաստատուած այս աւանդութեան նշանակութիւնը տարիներու հոլովոյթին մէջ զարգացած է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Նագգաշեան մանուկներու տուն» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի մանկավարժներն ու շրջանաւարտները։ Հարկ է նշել, որ այս կեդրոնը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ՝ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման տարելիցն է այսօր։ Երկու տարի առաջ երանաշնորհ պատրիարքը հրաժեշտ առած էր երկրաւոր կեանքէ։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Բանագողութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մակաբուծական արարք մը, որ պատիւ կը բերէ ոչ թէ բանագողին, այլ անոր «երանելի» թիրախին: Մին կերակուրը կ՚եփէ-կը պատրաստէ, իսկ միւսը լորձնաշուրթ կ՚ուտէ զայն՝ բոլորովին մոռնալով, որ եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը կոկորդէն պիտի հանեն իր կերածը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակը այնքան արագ կ՚ընթանայ, որ այլեւս ոչինչ զարմանալի կը թուի։ Բայց անցեալը կը մնայ նոյնպէս եւ մենք կը զարմանանք՝ տեսնելով ապագայի մասին գրի առնուած վէպերը։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Դիմատետրի էջ-հաշիւ չունիմ բայց կը հետեւիմ անոր բովանդակութեան տիկնոջս անձնական էջին միջոցաւ։ Յատկապէս արցախեան քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք, դիմատետրի էջերու վրայ կը հեղեղուին յօդուածներ, վերլուծումներ, անձնական տպաւորութիւններ, յուզումնախառն տրամադրութիւններ, պոռթկումներ եւ անմակարդակ ու գռեհիկ արտայայտութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն կողմէ դարձեալ հրապարակ կը հանուէր Պոլսոյ մէջ, բաւական մութ պայմաններու տակ սպաննուած սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ճեմալ Քաշըքճիի սպանութեան հարցը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապին մէջ միշտ զգալի է սահմանադրութեան հաւատարիմ մնալու խնդիրը, թէեւ կացութիւնը բաւական բարդ է։ Այսօրուայ պայմաններով Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ կառավարութիւնը ձեւով մը տարբեր ճամբարներու մէջ են եւ ընդդիմութիւնն ալ դիրք գրաւած է զինեալ ուժերու կողքին։
Kadasetli Patrik Hazretleri Sahak II özel davetle, diğer azınlık dini önderleri ve cemaat temsilcileriyle 2 Mart 2021, Salı günü, Ankara Beştepe Millet Kongre ve Kültür Merkezi’nde, “İnsan Hakları Eylem Planı Tanıtım Toplantısı”na katılmışlardır. Toplantıda Sayın Cumhurbaşkanı Recep Tayyip Erdoğan, söz konusu planın tanıtımını bizzat yapmıştır.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Քաղաքավարական այս այցելութեամբ դիւանագէտները փափաքած էին առաւել ծանօթանալ հայ համայնքին։