Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արար երրորդ. Պայքար աղքատութեան դէմ:
Հակառակ «Աստուածատուր» ու «առաքինասէր» ՄԱԿ-ի անխախտ ներկայութեան, հակառակ անոր աւելի քան 75 տարիներու «կենդանութեան», այսօր աշխարհի վրայ ինչքա՜ն մարդիկ կան, որ ցայսօր անօթի կը պառկին ամէ՛ն գիշեր եւ գուցէ սովահար մայթի մը անկիւնը աննշմար ձեւով կ՚անհետին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ տուտուկահարին ի յիշատակ ձեռնարկ մը Գնալը կղզիի մէջ:
Ճիվան Գասպարեանի կեանքին ու գործին մասին արտայայտուեցան՝ Բագրատ Էսդուգեան, Օսման Քէօքէր եւ Յակոբ Մամիկոնեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 40 տարիներ առաջ՝ 1981-ին գրող, գրականագէտ, բանաստեղծ եւ արձակագիր Պէպօ Սիմոնեան կ՚ըսէր. «Ի՜նչ ՄԱԿ, ի՜նչ ապահովութիւն, ի՜նչ մարդկային իրաւունք՝ երբ մարդկային իրաւանց օր հաստատող աշխարհի մեծերը կը հրահրեն պատերազմի վառօդը...»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դուռը բացաւ: Դատարկ սենեակներուն մէջ վերջին շրջանը ըրաւ:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը 2020-2021 ուսումնական տարուայ աւարտին ունեցաւ տասնչորս շրջանաւարտ։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով դասաւանդութիւնները ընդհանրապէս հեռավար դրութեամբ տեղի ունեցան, սակայն դպրոցը յաջողեցաւ անխափան ձեւով տարի մը եւս հասցնել աւարտին, մինչ այս տարուայ ընթացաւարտներն ալ մեկնեցան Հայաստան, ուր պիտի շարունակեն իրենց ուսումը։
Բարձր փորձագիտութիւնները՝ մասնաւորապէս տեղեկատուութեան փորձագիտութիւնները հետզհետէ աւելի գերակշիռ տեղ մը զբաղեցնել սկսած են մարդկութեան առօրեային մէջ։ Զուգահեռաբար՝ ուսումնական հաստատութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ ալ տեղ կը գտնեն համապատասխան առարկաներ, որպէսզի նոր սերունդը տակաւին դպրոցական տարիներէն սկսեալ զինուած ըլլայ այս ուղղութեամբ։
Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութիւնով ու ջանքերով՝ այս տարի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է աղօթքի եւ ուխտի շաբաթ մը։ Երէկ, այս ծիրէն ներս կղզիի վրայ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան համար մշակութային շրջապտոյտ մը։
Ամերիկեան «Mattel» ընկերութիւնը ներկայացուցած է «Պարպի» տիկնիկներու «քովիտային» շարքը։ Այսպէս, «Mattel» ընկերութիւնը, որ կ՚արտադրէ աշխարհի ամենայայտնի «Պարպի» տիկնիկները, ներկայացուցած է նոր շարք մը՝ քորոնաժահրի համավարակի նիւթով։
Ամերիկեան հեռուստատեսութեան պատմութեան «ամենաերկարակեաց» մանկական գծաֆիլմաշարը 25 տարի վերջ կ՚աւարտուի։ Այսպէս, «Արթուր» կոչուող մանկական գծաֆիլմաշարը, որ յայտնի էր 1990-ական թուականներուն, մեկնարկէն 25 տարի վերջ կ՚աւարտի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազաններու դասի վաստակաշատ ու երախտաշատ անդամներէն՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայիս թեւակոխած է իր ծննդեան 70-ամեակի յոբելենական փուլը։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ յուլիսի 4-ին դարձած է 70 տարեկան։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ չպատուաստուած քաղաքացիներու թիւը իջած է 19 միլիոնի։
Մինչ կը մօտենայ 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտը, քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ վիճակագրութիւնները վերստին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքին կողմէ։
Թուրքիա վերջին շրջանին մեծ ոստում մը կատարած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս ու կը պատրաստուի իր արտադրանքը միջազգային բեմահարթակի վրայ ներկայացնել 15-րդ Միջազգային պաշտպանական արդիւնաբերութեան տօնավաճառին (IDEF 2021) ժամանակ, 17-20 օգոստոս թուականներուն։
Գերմանական օդային ընկերութիւնը որոշած է երկար ընդհատումէ վերջ Հայաստանի շուկայ վերադառնալ:
Lufthansa ամրան շրջանին ամէն շաբաթ մինչեւ 16 թռիչք պիտի կատարէ Երեւանի եւ Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն միջեւ:
Երեւան պատրաստ բանակցութիւններու ներգրաւուելու Պաքուի հետ ու կը սպասէ յստակ առաջարկներու:
Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան կը ձգտի բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել հարեւան երկիրներու հետ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախի մէջ օրը կը սկսի աքաղաղականչով:
Երկինքը պարզկայ է: Խաղաղ արցախեան երկնքի մէջ կը թռին թռչուններ ու կը ծլվլան ծիտիկներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սիւնիքի մարզի Տոլորս գիւղը յիշատակուած է տակաւին հայ պատմաբան, Սիւնիքի մետրապոլիտ եւ Սիսական աշխարհի պատմագիր Ստեփանոս Օրբելեանի կողմէ: Պատմաբանը գիւղը Տոլորք կոչած է իր գրութիւններուն մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ասֆաղմանօ վանքին մէջ տակաւին նորեկ էի, երբ մէկը եկաւ վանական դառնալու: Որոշ ժամանակ մը անցաւ եւ իր մտածումները սկսան զինք տրամադրել վանքէն հեռանալու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թատրերգութիւնը, իր բոլոր ձեւերով, կը շարունակէ դրսեւորել արուեստի եւ մշակոյթի կարեւորութիւնը, սակայն ի տարբերութիւն միւս դարերուն, մենք ունինք բախտաւորութիւնը ականատես ըլլալու անոնցմէ մեծագոյններուն:
2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Այս նիւթը պիտի ծեծուի նաեւ յառաջիկայ երկուշաբթի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախատեսուած կառավարութեան ժողովին ժամանակ։