Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նկարչուհի Արմինէ Կալենց իր կեանքի վերջին տարիներուն կորսնցուցած էր տեսողութիւնը: Ամբողջ կեանքին ընթացքին նկարած արուեստագէտը չէր կրնար վար դնել վրձինը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ է իրաւունքը:
-Իրաւունքը աշխարհիկ հասկացողութիւն մըն է: Մարդ ինչքան աշխարհիկ ըլլայ, այդքան իրաւունք կ՚ունենայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել ձայներ՝ որոնք զանազան իմաստներ ունին ըստ ձայնին աղբիւրին։
Դրամի ձայն = հնչիւն. հնչել։
Դրան ձայն = ճռնչիւն. ճռնչել։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կորսնցուց իր հայրը՝ Վովա Փաշինեանը։ Վարչապետի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ հանգուցեալը 80 տարեկան էր ու երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու ամուր խաղաղութեան հաստատման համար։ Ան երէկուան իր հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի խախտման դէպքերուն։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարով հանդերձ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հայ զինուորներու գերեվարման հարցը ներկայիս դարձած է հրատապ օրակարգ։ Շաբաթավերջին հրադադարով հանդերձ դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով Հադրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը անցան Ատրպէյճանի հակակշռին տակ։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին յարմար առիթով տեղի պիտի ունենայ արտահերթ ընտրութիւն, նախագահը պիտի փոխուի:
Արցախի ղեկավարը յետպատերազմեան առկայ պայմաններուն ներքեւ երէկ տեղեկացուց, որ ապագային պիտի հեռանայ քաղաքականութենէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ձայնը, իր ընդհանուր առումով, այն թրթռական շարժումն է, զոր լսողական զգայարանը կ՚ըմբռնէ, որ պարապութեան մէջ կ՚արձակուի։ Ձայն կամ հնչիւն, զոր լսելի կ՚ընեն մարդիկ եւ զանազան կենդանիներ եւ որ յառաջ կու գայ թոքերէն ելած օդին միջոցաւ ձայնական լարերուն թրթռալէն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն աշխարհի տարածքին ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին կամ կրնան ծնիլ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ես կը գտնուէի իմ հայրենիքէն շատ հեռու: Բարեբախտաբար մինչեւ այսօր իմ աչքերը չեն տեսած պատերազմ, որու համար երախտապարտ եմ Բարձրեալին:
Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շախպազովը։ Այս առթիւ երկու նախարարները յուշագիր մը ստորագրեցին՝ Թուրքիայէն դէպի Նախիջեւան բնական կազ մատակարարելու հարցին շուրջ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ գոյացած փոխադարձ ըմբռնումի մասին։
Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններու ամբողջ երկայնքով յետպատերազմեան իրավիճակի սարսափելի քաոսը կը շարունակուի։ Հրադադարի համաձայնութենէն վերջ յառաջացած ծանր մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ աննկարագրելի եւ անհաւատալի տկարութիւններ խնդրոյ առարկայ կը դառնան Հայաստանի կողմէ, ինչ որ միանշանակ կը վերագրուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մատնուած անգործութեան։
Հայաստանի մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Երկիրը կը տառապի Արցախի ծանր պատերազմի հետեւանքով կրած պարտութեան տակ։ Բոլորի համոզումը այն է, որ ձախողումը յաղթահարելու առաջին նախապայմանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հեռանալն է։ Կ՚երեւի այս ուղղութեամբ համամիտ չէ միայն վարչապետ Փաշինեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերը ցոյց կու տան երկու կարեւոր հանգամանք։ Առաջին՝ օրերս կը խմորուի Փաշինեանի հեռացումը «ապահով» կերպով կազմակերպելու համար ծրագիր մը։
Կալաթասարայի «Եափը Քրետի» մշակոյթի եւ գեղարուեստի կեդրոնէն ներս այս օրերուն բացուած է յատկանշական ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Քուլիս. թատերական յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ»։ Թրքահայութեան արդի պատմութեան մէջ հանգուցեալ Յակոբ Այվազ եղած է կարեւոր դէմք մը՝ գեղարուեստի եւ հրատարակչութեան ոլորտներու մէջ ծաւալած գործունէութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նախաձեռնեց ծրագրի մը, որ կը կոչուի «Աջակցինք Արցախին»։ Նորահաստատ այս ծրագրին նպատակն է բացառաբար մարդասիրական հոգատարութիւն ցուցաբերել Արցախէ ներս ծանր կացութեան մատնուած ժողովուրդին եւ պատերազմի հետեւանքով Արցախի գիւղերէն տարհանուելով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած ընտանիքներուն։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Ծառան տան մէջ մնայուն չէ» (Յհ 8.35):
Մեկնութիւն. Չորս է իմացումը. նախ՝ մարմնաւոր ծառաները մնայուն չեն տան մէջ, որովհետեւ իշխանութիւն չունին, այլ՝ սպասաւորելու ու աշխատելու համար կան, իսկ թագաւորներուն որդիները տան մէջ որպէս իշխողներ կան եւ տան ժառանգորդներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուր եւ առողջ մարդկային յարաբերութեան մը համար անհրաժե՛շտ է անկեղծութինը՝ «ջինջ եւ յստակ ծովակ»ի մը նման։ Անշուշտ անկեղծութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ հաւատարմութիւնը՝ որ միութեան մը համար ամենակարեւոր տարրերէն, արժէքներէն մին է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշարի թիւ 4-ը, տպուած Փարիզ, 1931 թուականին, կ՚ամփոփէ նահատակ հեղինակ Գեղամ Բարսեղեանի ամբողջական գործը. հատորը այդպէս ալ կոչուած է. «Ամբողջական գործը. Արձակ էջեր, պատմուածքներ ու զանազանք»: Մտերմիկ ու անուշիկ գրութիւններով յագեցած այս գիրքը մեզի կը ծանօթացնէ ինքնատիպ հեղինակի մը, որ նաեւ խմբագիր ու հրապարակախօս էր:
Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական օժանդակութեան արշաւի ծիրէն ներս շաբաթավերջին Երեւան հասաւ երրորդ ֆրանսական օդանաւը, որ կը փոխադրէր մարդասիրական օժանդակութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս թռիչքով փոխադրուած է «Ազնաւուր» հիմնարկին կողմէ հաւաքուած մարդասիրական նուիրատուութիւնը։