Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

Կարապետեան եւ զօր. Մուրատով կանգ առին Ատրպէյճանի հետ սահմանի առկայ իրադրութեան վրայ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հիւրընկալեց Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան զօրքերու հրամանատարը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան երէկ այցելեց Երեւանի Պետական համալսարան (ԵՊՀ), ուր մէկտեղուեցաւ գիտական խորհուրդի անդամներուն հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահութեան վերջնական ձեւաւորման ճանապարհին երէկ անակնկալ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Խորհրդարանի փոխ-նախագահներու ընտրութեան փուլին անակնկալ վիճակ մը ծագեցաւ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնները կը շարունակուին եւ այս մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը նոր քայլերու կը դիմէ՝ տարածքներու անձեռնմխելիութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Տաւուշի մարզէն ներս, մասնաւորապէս՝ Ոսկէպար գիւղին մէջ, տեղակայուած են ռուս սահմանապահներ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան եւ Սկիւտարի համանուն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջեւ փոխադարձ ըմբռնում՝ համայնքապատկան կալուածի արժեւորման շուրջ: Ատենապետներ Թորոս Ալճան եւ Յովհաննէս Կոպոյեան ստորագրեցին համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ մը:
Մարզադաշտը յառաջիկայ շրջանին պիտի վերաբարեկարգուի թէ՛ վարժարանի սաներու օգտագործման եւ թէ զանազան ձեռնարկներու հիւրընկալման նպատակով:

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Գրէք այնպիսի մի դէպքի մասին, որ անջնջելի հետք է թողել ձեր մտքում:
Թելադրեց ուսուցչուհին պատանի աշակերտներուն: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երիտասարդութեանս, հետաքրքիր եւ պահանջկոտ ակնարկներովս սորված էի, որ իր անկախութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու նախագահներու ամբողջ ցանկին մէջէն, պատմաբանները երեւան հանած էին երկու նախագահներու անուն, որոնք ոչ միայն ունեցած էին միեւնոյն ճակատագիրը, այլ նաեւ՝ իրենց պաշտօնին եւ կեանքին հետ առընչուող զանազան նոյնանման մանրամասնութիւններ եւ երեւոյթներ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յեղյեղուկ ու դիւրափոփոխ խառնուածքի տէր ըլլալը մեր ազգի մեծագոյն մորմոքն է, որովհետեւ մեր այդ բնութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մենք մէկ ծայրայեղութենէ անցնինք այլ ծայրայեղութեան, առանց կարենալու անոնց միջեւ միջին մը ստեղծելու:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Եառոնտա. մարդիկ երբ սեւ սքեմ կը տեսնեն, կը սկսին իրենց ցաւերը, խնդիրներն ու մեղքերը յայտնել մեզի: Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք անոնց հետ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախորդ յօդուածիս մէջ խօսեցանք մեր մէջ տարածուած օտարամոլութեան ախտին մասին, որ սպառնալիք է մեր ինքնութեան ու ազգային դիմագիծին: Սակայն այդ օտարամոլութեան ախտը առանց դադար առնելու կը շարունակէ ներխուժել մեր արեան մէջ՝ մեզ հեռացնելով հայկականէն ու մօտեցնելով օտարին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ այցելեց՝ Արցախի վերջին պատերազմէն յետոյ իր երկրի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս կառուցուած զօրամասերը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Զաքիր Հասանով հրամանատարներէն պահանջեց բարձրացնել զինուորներու մարտունակութեան մակարդակը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ Մոսկուա մատնանշեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կարգաւորման կարեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

Հայաստանի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու նոր վերնախաւի ձեւաւորման գործընթացը գրեթէ հասած է իր աւարտին։ Երէկ, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ ընտրուեցաւ Յակոբ Արշակեան, որ նախորդ շրջանի կառավարութեան նախարարներէն մին էր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

Նախկին պաշտպանութեան նախարար, այժմ ընդդիմադիր երեսփոխան Սէյրան Օհանեան վերապահ է տարածքաշրջանի ապաշրջափակման շուրջ:
«Պիտի գան լեցուին Սիւնիքի մէջ, մեզ տնտեսական ճնշման պիտի ենթարկեն։ Այլ անուններով կալուածներ պիտի գնեն, ինչ որ որեւէ օգուտ պիտի չբերէ մեզի»:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան, ուր կը մասնակցի Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի երդման արարողութեան։ Սա յուլիսի 20-ի արտահերթ ընտրութենէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանի երկրորդ արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցան շարք մը կարեւոր նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, եկեղեցականներու նոր նշանակումները ի զօրու պիտի դառնան 15 օգոստոս 2021 թուականի դրութեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ յատկանշական շնորհանդէս, Հայկ Քիւչիւքեանի վառ յուշերը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնած «Անձայնութեան ձայնը» բանաւոր պատմութեան ծրագրի շրջանակէն ներս լոյս տեսաւ «Գնալըկղզեցի հայերը կը խօսին» շահեկան գիրքը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ ընտանիքը հաւատաւոր է: Մայրս միշտ կ՚ըսէր, թէ կը հաւատայ իր մէջ ապրող Աստուծոյ: Այո՛, առանց Տէրը ճանչնալու, վերջինիս պատգամն ու կամքը կատարելու, առանց եկեղեցի այցելելու, Աստուածաշունչ կարդալու, կը հաւատար Բարձրեալի գոյութեանը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեսուներկու տարի առաջ այս օրը, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց անզուգական գիտնական Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան:
Սիրարփին Պոլիս ծնած ըլլալով, իր հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է Պոլիսէն դուրս:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թենեսի նահանգին մէջ կը գտնուի «Թիթանիքի» թանգարանը, որու պատին վրայ պատկերուած է սառցաբեկոր մը, որ փլուզուած է: Ըստ թանգարանի ֆէյսպուքի էջին, միջադէպի հետեւանքով երեք այցելու տուժած է:

Էջեր