Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ երբ կ՚աղօթենք, գլխաւոր պատճառը կը դառնանք սատանային դուրս չգալուն բնակուածին մէջէն, որովհետեւ հպարտութեամբ կ՚աղօթենք: Եթէ մեզմէ մէկը մտածեց, ըսելով.
Մահացաւ արժանթինահայ յայտնի երգահան եւ խմբավար Ժան Ալմուխեան: Ան ծնած էր 1932 թուականին, Յունաստան, 1947 թուականին ընտանիքով հաստատուած էր Արժանթին: Ուսած էր Արժանթինի ականաւոր վարպետներուն մօտ:
Արարատեան դաշտի արթեզիէն աւազանի մակարդակը իջած է շուրջ 67 տոկոսով, զանազան համայնքներ կը դիմագրաւեն հարցեր:
Գիտական յառաջադէմ փորձագիտութիւններու օգտագործում եւ ազդեցիկ համագործակցութիւն յանուն պաշարներու համալիր պահպանութեան:
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Արուե՞ստ, թէ գիտութիւն. երեք վերականգնուած կտաւի պատմութիւն. Բաշինջաղեան, Կոջոյեան, Սարեան» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ զուգադիպելով նաեւ Թանգարաններու միջազգային օրուան։
Եւրոխորհրդարանը երէկ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը։ Ըստ Պրիւքսելէ հաղորդուած լուրերուն, այս տեղեկագրին մէջ տասնհինգ տարի վերջ առաջին անգամ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Անգարա 1915 թուականի դէպքերը ճանչնայ՝ որպէս ցեղասպանութիւն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն մին ենթարկուած է ծայրայեղական երիտասարդներու յարձակման։ Երբ ամբողջ աշխարհ Երուսաղէմի արիւնալի իրադարձութիւններուն կը հետեւի, այս լուրն ալ, անշուշտ, կարելի չէ անուշադրութեան մատնել։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Կիրակի օրը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսը յայտ ներկայացուց մասնակցելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Նախ արձանագրեմ, որ 76-ամեայ գործիչը, եթէ ոչ ֆիզիքական, ապա քաղաքական առումով հաստատ «լաւ մարզավիճակի» մէջ է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր ժամադրուած են Ռէյքաւիքի մէջ։ Երբ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ զգալի լարուածութիւն յառաջացած է, նախարարներու մակարդակով այս տեսակցութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ:
Երեւան կը կրկնէ բանակցութիւններէն դրական արդիւնքի ցանկութիւնը՝ խաղաղ լուծման համար:
Հայաստանի սահմանը խախտած Ատրպէյճանի զօրքերուն համար խելամիտ լուծում դարձած է վերադառնալ ելման դիրքեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բոլորս շատ լաւ կը յիշենք Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի (ի դէպ Արթուր Վանեցեան Փաշինեանի իշխանութեան այս տարիներուն եղաւ ԱԱԾ-ի տնօրէնի պաշտօնը ամենարեկար պահած պաշտօնեան) անսպասելի հրաժարականը՝ 2019 թուականին։ Այդ օրերուն Վանեցեանի ստորագրած հրաժարականը կ՚աւարտէր «Պատիւ ունիմ» խորհրդանշական խօսքով։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը նշուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 102-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ, հակառակ համաճարակի մթնոլորտին։
Ս. Ներսէս ընծայարանի սաներէն Ալպերթ սարկաւագ վերանուանուեցաւ Տ. Կիւրեղ Քհնյ. Համբարձումեան:
Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս քահանայական ձեռնադրութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց «Մալաթիա Հայտէր» միութեան վարչութեան ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճին եւ անդամներէն Կարպիս Տուրասլանը, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ Գէորգ Էօզգարակէօզը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան («Հայճար») վարչութենէն ատենապետ Կիւլիւզար Արթուչը, որուն կ՚ընկերանային Գէորգ Էօզգարակէօզ, Եսթէր Հապէշ, Սէրտա Պիրկիւլ եւ Պուրակ Քավաֆեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
ԵՐԱՄ
Այս անգամ զոյգ մը շընկերներ են գրչիս տակ. ամէն մէկուն առանձին անդրադառնալ կարելի չէ, իսկապէս։ Ոչ միայն միասին են շընկերական պարտականութիւններու ժամանակ, այլ նաեւ իրենց ընկերութիւնը կը պարտին այդ պարտականութեանց։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նախաճաշէն վերջ անցան ճաշի: Արցախը բարեյաջող մարսեցին: Կլլելու ընթացքին երբեմն փոքրիկ չորութիւններու կը հանդիպէին, սակայն ումպ մը ջուրով բարեյաջող կը հասցնէին ստամոքս: Մեծաւ մասամբ դէմ էին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շուտով մեր հայրենիքէն ներս տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւն:
Արդ, այս տողերով կ՚ուզեմ դարձեալ կամուրջ մը նետել, կամ ունեցած կամուրջիս վրայով հասնիլ եւ կապուիլ անխտիր բոլոր ընթերցողներուս, որպէսզի օրուան խորհուրդին մէջ փաթթուած, կրկին պարզեմ միտքս:
Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին վաղը կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցը։
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ շահեկան գիրք մը, որ կը կոչուի «Կը խօսին նամակները»։ «Մուղնի» հրատարակչութեան կողմէ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է այս գիրքը, որու հեղինակն է Ասատուր Կիւզելեան։
Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է երախտաշատ ճարտարապետ Յովհաննէս Մարգարեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելեանին։ «Քարի ձայնն ու բոյրը. Յովհաննէս Մարգարեան» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Ալեքսանդր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս։