Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց «Memleket Meselesi» անուն գիրք մը, որու հեղինակն է յայտնի գրող Մկրտիչ Մարկոսեան։ Այս գիրքը կը բովանդակէ՝ քրտական հարցի վրայ հեղինակի գրութիւնները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019

Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման ուղղեալ աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս առաւօտ Եփրատի արեւելքին ձեռնարկեցին առաջին հերթապահութեան։ Բանակի «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացուի այս հերթապահութիւնը, որու հիման վրայ յայտնի պիտի դառնայ Ռուսաստանի կողմէ տրուած երաշխիքներուն արդիւնքը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ յառաջիկայ օրերուն Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան, իր տիկնոջ՝ Վլասիա Փաւլոփուլոսի հետ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Սիմոնի զոքանչը սաստիկ տաքութիւն ունէր եւ կը տանջուէր անկէ։ Յիսուսի աղաչեցին որ բժշկէ զայն։ Յիսուս անոր մօտ գնաց եւ սաստեց տաքութիւնը։ Տաքութիւնը անցաւ, եւ հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել անոնց» (ՂՈՒԿ. Դ 38-39)։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երազիս մէջ մեր փողոցն էի…
Երկինքն կապոյտ էր ու խաղաղ, ինչպէս մարդոց հոգիները։ Կը դեգերէի մանկութեանս լայնարձակ, քարքարուտ ու խորտուբորտ ճամբաներուն։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հոկտեմբեր ամսուն կը համընկնին Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան (նոր տոմարով 8 հոկտեմբերին) եւ մահուան օրերը: Կոմիտաս մահացաւ 22 հոկտեմբեր (որոշ տուեալներով՝ 20 հոկտեմբեր) 1935 թուականին՝ Փարիզի Վիլժուիֆ հոգեբուժարանին մէջ, ուր փոխադրուած էր 1922 թուականին, որմէ առաջ խնամուած էր նախ Պոլսոյ, ապա՝ Ֆրանսայի ուրիշ հաստատութիւններու մէջ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Գոյութիւն ունի՞ն մեր պահապան հրեշտակները։
Պատասխան.
Այո՛, գոյութիւն ունին անոնք, եւ կարգուած են մեզ պահպանելու համար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Մարտունիի մէջ, Մարտունի շրջանային վարչակազմի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է նուռի փառատօն: Այս փառատօնը երրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացուի՝ տարուէ-տարի ներգրաւելով նոր մասնակիցներ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, թերթիս համակիր ու բարեկամ Հրայր Ճէպէճեանէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 112-րդ հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ երէկ ստացանք շնորհաւորական մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 36-րդ նստաշրջանի նախարարական համաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի մէջ։ Ժողովի մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Քրիստոնէական միջդաւանական խորհրդակցական յանձնախումբի հերթական՝ 4-րդ նիստը Մոսկուայի մէջ:
«Աւետարանի անանց ուժը եւ անոր նշանակութիւնը ժամանակակից հասարակութեան համար» ընդհանուր խորագրին ներքեւ կազմակերպուած քննարկման մասնակցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Երեւանի մէջ այսօր կը սկսի «Ժամանակակից դասականներ» փառատօնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբերի 9-ը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փառատօնի օրերուն Հայաստանի մէջ կը հիւրընկալուին աշխարհի զանազան երկիրներէն մեծանուն երգահաններ, յօրինողներ եւ մենակատարներ, որոնք կը համախմբուին Երեւանի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Ուրբաթ, հոկտեմբերի 11-ի իրիկունը Փարիզի Սեն Ռոք եկեղեցին կը յորդէր բազմութեամբ։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած հայկական բանաձեւի լայն արձագանգները կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ հերթական անգամ լարուածութիւն մը յառաջ եկած է հայկական հարցին հետեւանքով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատեր հարց կրնան տալ, որ Պոլսոյ սրտին մէջ լոյս տեսնող հայկական ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ինչի՞ն է պէտք, որ այսքան մանրազննին կերպով հետեւի փոքրիկ Լիբանանի զարգացումներուն։ Տակաւին շատեր կրնան առարկել, որ կ՚արժէ՞ այսքան մեծ ուշադրութիւն դարձնել ընդամէնը վարչապետի մը հրաժարականի լուրին, որուն քայլը Միջին Արեւելքի մեծ զարգացումներուն մէջ ընդամէնը տողատակի դեր ունի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Դուք իմ բարեկամներս էք» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14)։
Անկեղծ, ճշմարիտ բարեկամը հարստութիւն է, քանի որ այսպիսի բարեկամ մը ունեցողը ինքզինք ապահով կը զգայ՝ գիտնալով որ իր նեղութիւններուն մէջ իր հետ պիտի ունենայ վստահելի անձ մը եւ պիտի օգնէ իրեն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019

Այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուին մանկագիր Մերի Փերի (Սահակեան), բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի (Սուքիասեան) եւ արուեստագէտ Ժան Վարդան։ Բոլորն ալ ներկայիս հաստատուած են Հայաստան եւ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուին եւ մասնակցեցան «Ծիրան» համերգին, որ Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութեան համատեղ նախաձեռնութիւնն է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019

Հոկտեմբերի 29-ի առթիւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթը համախմբեց շուրջ 5 հազար հոգի:
Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան ջերմ շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019

BREXIT-ի գործընթացին վերաբերեալ վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը որոշեց ձեռնարկել կանխահաս ընտրութիւններու։ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի առաջարկին վրայ առնուեցաւ խորհրդարանական վաղաժամկէտ ընտրութեան ձեռնարկելու վերաբերեալ որոշումը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019

Հոկտեմբեր 29-ին, լիբանանեան հեռատեսիլէն ուղղակի հաղորդումով՝ երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարած է, որ հրաժարական կու տայ իր պաշտօնէն եւ որ կը բարձրանայ նախագահական պալատ՝ հրաժարականի դիմումը ներկայացնելու համար նախագահ Միշել Աունին։

Էջեր