Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ընթրիքը պատրաստ, սեղանը լի ձուկով, գինիով ու հացով, իրենց Ուսուցիչին շուրջը խմբուած են տասներկուքը, կը ճաշակեն հրամցուածը եւ կը զրուցեն անցուդարձերու, եղածներու, ըլլալիքներու մասին ու յանկարծ Ուսուցիչին արտաբերած «մատնութեան» մասին արտայայտութիւնը կը քարացնէ բոլորը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Արագ քայլերով ընթացող մարդկութեան ճանապարհին ցցուած պատի մը նման յայտնուեցաւ քորոնաժահրը եւ իր հետ բերաւ նոր երեւոյթներ. աշխարհ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ համաճարակի նախորդածին նման։ Այս բոլորով հանդերձ, համաճարակի ծաւալման պատճառ եղաւ մարդ արարածը…

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ մեծ բերկրանքով կը տօնենք Սուրբ Յարութեան տօնը մենք՝ երկրաւորներս, անշուշտ պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ ննջեցեալները՝ որոնք կ՚ապրին հոգեպէս եւ մուտք են գործած Տիրոջ յաւիտենական կեանքին։ Ուստի պէտք է մասնակից ընել ննջեցեալները մեր երկրային ուրախութիւններուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Առաւօտ կանուխ, երբ տակաւին բոլորը իրենց տեղերուն մէջ կը քնանային հանգստանալով նախորդ օրուան յոգնութենէն, խումբ մը կիներ սակայն, գլխաւորութեամբ Մարիամ Մագդաղենացիին, Յովհաննային ու Յակոբոսի մօր՝ Մարիամին, նախքան արեւուն ծագիլը, թախծոտ դէմքերով ու արտասուալից աչքերով կը շտապէին դէպի գերեզմաններ, ուր երեք օր առաջ ժայռափոր նոր գերեզմանի մը մէջ թաղած էին իրենց ա՛յնքան Սիրելի Վարդապետը:

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Յաճախ բառերը կը դաւաճանեն, իսկ մտածումները կը խորշին մեզմէ։ Դժուար օրերու մէջ ենք բոլորս։ Մեծ հարցումներ կը պտտին ու յաճախ այդ հարցումներու ծայրերը երիզուած են սեւ պսակներու ժապաւէններով։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

Սուրբ Յարութեան անանց աւետիսի հոգեւոր հրճուանքը ահա՛ դարձեալ համակած է մեր էութիւնը։ Քրիստոնեայ աշխարհն համայն վերստին կ՚ամրապնդուի իր հաւատքի ճանապարհին։ Սուրբ գերեզմանէն ճառագած լոյսը կը շողայ երկնակամարին վրայ։
Զատկուան մեծ ուրախութիւնը այս տարի կը զուգորդուի համաճարակի սարսափով։ Համատարած տխրութիւն, մտահոգութիւն կը տիրէ երկրագունդի վրայ։ Յոռետեսութեան, յուսալքութեան եւ ապագայի հանդէպ թերահաւատութեան ճիրաններուն մէջ են մարդիկ ամէնուրեք։ Համավարակը գերեվարած է աշխարհը։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաղը Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան առթիւ պիտի տայ իր Հայրապետական պատգամը համայն հայութեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

«Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ըսածիս»։ (Յովհ. 11։25-26)

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Վախի եւ անդոհանքի մատնուած էին առաքեալները, երբ տեսան ուրուական մը, որ լիճին վրայէն քալելով՝ իրենց քով կու գար, յանկարծ սկսան պոռալ։ Այդ ենթադրեալ «ուրուական»ը Քրիստոս Ի՛նքն էր, որ այդ վայրկեանին առաքեալներուն դառնալով՝ կ՚ըսէ. «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք» (Մտ 14.27)։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Քրիստոնեայ աշխարհը Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը այս տարի մեծ անակնկալով մը կը դիմաւորէ, քորոնա կոչուած տարօրինակ ախտի մը հետեւանքով։
Բոլոր աղօթատեղիներու նման եկեղեցիներ եւս թէեւ իրենց դռները բաց, բայց կոչ ուղղած են իրենց հաւատացեալներուն, որպէսզի տուները մնան եւ շարունակեն աղօթել բարձրեալն Աստուծոյ՝ մանաւանդ այս սուրբ օրերուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Զատիկ է այսօր։ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարը։ Տաղաւար մը՝ որ տօնակատարութիւնն է Աստուածային յաղթանակին, տարուած ծանր քարի ետեւի վիմափոր գերեզմանի մահաբոյր ներկայութեան դէմ։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Արդէն եղաւ մօտաւորապէս մէկ ամիս, որ նստած եմ տուն՝ Քուէյթ, եւ չեմ ճամբորդեր։ Երեւի իմ աւելի քան երեսուն երկար տարիներու ճամբորդական աշխատանքիս մէջ ամենէն երկար ժամանակն է, որ տունը կը մնամ եւ սկսայ տեսնել, թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել «տան կալանաւորում», որ երբեմն կը վճռեն դատարաններ՝ կարգ մը մեղադրեալներու, որպէս պատիժ։ Բայց մինակս չեմ այս մեղադրեալներու շարքին։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝ իրեն հետ ալ պիտի ապրինք։ Եթէ համբերենք՝ իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք։ Եթէ զԻնք ուրացանք՝ Ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ։ Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝ Ինք հաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինքին հակասել» (Բ ՏԻՄ. Բ 11-13)։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

«Փա՜ռք յա­րու­թեան Քո, Տէ՛ր. 
Ես ոչ դա­դա­րե­ցայց, Փրկիչ, փա­ռա­ւո­րել զքեզ 
զա­մե­նայն ա­ւուրս կեն­դա­նու­թեան ի­մո­յ»:
(Ժա­մա­գիրք)

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Զա­տի­կը ե­կաւ շատ ու­րա­խա­լի
Բե­րե­լով հաւ­կիթ­ներ կո­ղով­նե­րով լի,
Կար­կան­դակ­նե­րը շատ հա­մով-­հո­տով
Կը պատ­րաս­տէ մեր մայ­րի­կը սի­րով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020

Forbes պարբերականը վերջին օրերուն հրապարակեց աշխարհի ամենէն հարուստ անձերու 2020-ի ցուցակը: Այս տարի ցանկին վրայ կան միայն երկու հայեր՝ երկուքն ալ Ռուսաստանէն:

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020

The National ազդեցիկ պարբերականը, որ լոյս կը տեսնէ Ապու Տապիի մէջ, «Տեսակէտ» խորագրին ներքեւ վերջին օրերուն ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մտորումները։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ արհեստական բանականութիւնն ու մարդիկ պիտի գոյակցին, պիտի չմրցին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու թիւը հասաւ 908-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին կատարուած է 28 հազար 578 քննութիւն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւագ ուրբաթ օրը կը խորհրդանշէ արարչութեան վեցերորդ օրը։ Աւագ ուրբաթ, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան եւ թաղման յիշատակութեան օրն է նաեւ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020

ԵՐԱՄ

Ուրիշ, նոր Պամի մը մէջ պիտի բանար աչքերը Զանան։
Բայց աչքերէն առաջ, ոտքն էր։
Անկէ դուրս պայթող, վեր՝ դէպի սիրտ մագլցող տաք ու ահաւոր ցաւ մը բացաւ կոպերը Զանային։ 

Էջեր