Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Զատկական Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի ժամերէն սկսեալ զիրար կ՚ողջունենք Սուրբ Յարութեան աւետիսով։ Ծանօթ է բոլորիս, թէ այս տարի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարը ստիպուեցանք տօնել մեր ընտանեկան յարկերէն ներս, ֆիզիքապէս հեռու՝ մեր տաճարներէն, մնալով անհաղորդ՝ Փրկչի Սուրբ Մարմնոյն եւ Արեան հետ։ Սակայն գոհութիւն Աստուծոյ գիտութեան ընձեռած միջոցներով գոնէ կրցինք բարոյապէս փոխադրուիլ Տիրոջ Ս. Սեղանին առջեւ, հետեւելով մատուցուած Սուրբ Պատարագին։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020

ԱՐՇԱԿ ՊԱՒՈՒԿԵԱՆ

Թերեւս ոմանք հարց տան, թէ Մարքսի այս տողերը ի՞նչ առընչութիւն ունին քորոնաժահրին հետ: Յստակացնեմ միտքս եւ խօսիմ օրինակներով:
Պատմութեան վաղ օրերէն ի վեր աշխարհն ու մարդկութիւնը ապրած են շարք մը փուլեր, որոնք կը նկատուին սարսափելի, հետեւաբար՝ ահ ու դողի մատնած են աշխարհը:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020

Համաշխարհայնացումը (globalization) մեր դարու նոր երեւոյթն է, որ իրար մօտեցուցած է ցամաքամասներն ու ժողովուրդները: Համաշխարհայնացումը բարիք մը նկատուած է մարդկութեան, իրարմէ կախեալ դարձնելով ժողովուրդները:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատ հաւանաբար, քորոնան լոկ սկիզբ մըն է. սկիզբ մը՝ ո՛չ միայն փորձութիւններու տեսակէտէն, այլեւ՝ ամբողջ մարդութեան առջեւ դրուած հիմնահարցերը լաւապէս քննելու, նաեւ այդ խնդիրներու լուծումը ժամ առաջ ապահովելու մասին մտածելու առումով։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան մասին դարերու ընթացքին շա՜տ շատեր խօսած ու գրած են: Ներքեւ ներկայացուածը այդ գրութիւններէն հատուած մըն է, որ կը պատկանի 9-րդ դարուն ապրած ու գործած Թէոփիլոս անունով եկեղեցականի մը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Աշխարհէն կը հասնին լաւ լուրեր։ Դանիան Եւրոպայի տարածքին առաջին երկիրն է, որ կը վերաբանայ դպրոցները։ Այսպէս, Դանիան Եւրոպայի մէջ առաջին երկիրն է, որ քորոնաժահրի սահամանափակումներ դնելէ յետոյ կը բանայ դպրոցներն ու մանկապարտէզները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս, դժբախտաբար, զոհերու շարքին կը գտնուին հայեր։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ նախընթաց օր Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ազատուհի Սինանեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Հայաստան կը շարունակէ ստանալ արտասահմանեան օժանդակութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ մը ունին Չինաստանի կողմէ Հայաստան ուղարկուած օժանդակութիւնները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Ան այս առթիւ վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը միանալու համաշխարհային հրադադարի կոչին, որով վերջին շրջանին հանդէս եկաւ ընդհանուր քարտուղարը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու թիւը բարձրացաւ 1643-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ ներկայացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Հայաստանի նախագահը Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Արցախի նորընտիր ղեկավարը:
Սարգսեան եւ Յարութիւնեան անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման ծրագրերուն:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ուսումնասիրութեան յանձնաժողովը լսեց Սերժ Սարգսեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահը երէկ Ազգային ժողովի մէջ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ ծագած բանավէճի մթնոլորտին մէջ:
Տարակուսելի է, որ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի դէմ մեղադրանքը կը յաջորդէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ վերջին օրերուն հրապարակուած յայտնի տեսակէտներուն:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ մեր համայնքը այս շրջանին ցաւ կ՚ապրի՝ իր շարքերէն տխուր կորուստներով։ Համընդհանուր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ վարակեալներու ընդհանուր վիճակն ու դարմանման ընթացքը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

ԵՐԱՄ

Մօտ կէս ժամ ետք, շտապօգնութեան շարժական կայանի մը մէջ գտաւ ինքզինք Զանան։
Երբ բացաւ աչքերը, դիմացը, վերը, կապոյտ էր դարձեալ։ Բայց ոչ երկնքինը այս անգամ։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Քորոնա վարակին սկիզբը ասուպի նման ամէն կողմէ զուարճախօսութիւններ կը սուրային, կարծես անոնք հետզհետէ խամրիլ սկսան, հարցին լրջութիւնը, արտակարգ դրութեան շարունակութիւնը մարդիկը խորհելու մղեցին. չունեւորը սկսաւ իր օրուան պատառը կիսել՝ խնայել չեղածը, ունեւորը անհաշիւ ծախսերէն սկսաւ ընկալել «տնտեսել» բային իմաստը, հապա սնանկացող ընկերութիւննե՞րը...

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութիւնը իր բոլոր բարիքներով իսկապէս «պարգեւ» մըն է մարդուն տրուած։
Արդարեւ Սուրբ Գիրքն ալ կը հաստատէ այս իրողութիւնը.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2020

Փաշինեան խորհրդարանի մէջ անդրադարձաւ կառավարութեան համավարակի դէմ ռազմավարութեան:
Երեւանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնէն ներս նոր մահ. Հայաստանի մէջ զոհերու թիւը 18-ի բարձրացաւ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2020

Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը շարունակէ ստանալ շնորհաւորականներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երէկ ունեցան առցանց զրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները անդրադարձան քորոնաժահրի համավարակի դէմ Հայաստանէ եւ Վրաստանէ ներս ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն, կանխարգելիչ քայլերուն եւ հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն։

Էջեր