Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութիւնը՝ Աստուծոյ ձեռագործն է եւ ուստի «բարի» է ե՛ւ «գեղեցիկ»։ Արդարեւ, գեղեցկութիւնը՝ «անկեղծութիւն» է եւ փոխադարձաբար, անկեղծութիւնը՝ գեղեցկութի՛ւն։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

Տեսչութիւնը յառաջիկայ շրջանին դիմորդներու համար կը կազմակերպէ գրաւոր ու բանաւոր քննութիւն:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը (Աստուածաբանական համալսարան)  կը պատրաստուի 2020-21 ուսումնական տարին դիմաւորելու:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է խօսակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն երէկ twitter-ի վրայ ցաւակցական մը հրապարակեց Յարութիւն Շանլըի մահուան առթիւ։ Ֆահրետտին Ալթունի գրառման մէջ նշուած է հետեւեալը:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝
ՏԻԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ
6 մայիս, չորեքշաբթի առաւօտ իր հոգին աւանդեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը դարմանուէր քորոնաժահրէն վարակուած ըլլալով։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը երէկ յետմիջօրէին յուղարկաւորուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ներկայ գտնուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Յարութիւն Շանլըի թաղման կարգին, որ կատարուեցաւ համաճարակի պարտադրանքներուն համապատասխան:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ցայսօր շուրջ 600 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ միջոցներ յատկացուցած է՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտէն ներս:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ ընկերային, առողջապահութեան եւ կրթական ծրագրերու շուրջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Գիտե՛ս, ընկերուհիս, տղամարդոց համար դիւրին չէ,
Դուն կրնաս զիս քարկոծել։
Դուն կը գծես բարձրահասակ արքայազն…
Որ ըլլայ երիտասարդ, հարուստ ու ամենէն ուրախ։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պէյրութ տպուած «Բժիշկ» ամսագիրը կրցաւ քառորդ դար գոյատեւել եւ կարեւոր հետք մը ձգել հայ բժշկական մամուլի պատմութեան մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Սարկաւագը այս ընթացքին ի՞նչ կը քարոզէ:
Պատասխան.
Աղօթական ձեւով փառք կու տայ Աստուծոյ՝ ժողովուրդին կողմէ ու կ՚ըսէ. 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ահաւասիկ, հետաքրքրական միջադէպ մը՝ երաժշտական աշխարհի մեծագոյն թենորին՝ Էնրիքօ Քարուսոյի կեանքէն, ուր կը յայտնուի հանճարին սղագին արժէքը։
Երգապնակներ պատրաստող երկու ճարտարագէտներ ապշահար եղած են իրենց առջեւ կանգնող մարդուն յանդգնութենէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Հայաստանի Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիք Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց համապատասխան հրամանագիրը, որով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմումին ընդառաջ Էրիք Գրիգորեան ազատուեցաւ նախարարի պաշտօնէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս:
«Ես կ՚ուզեմ արձանագրել, որ Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն»:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Նախագահ Էրտողան. «Եթէ կանոններուն խստագոյնս չհնազանդինք, ապա փոխարժէքը բոլորով կը վճարենք»:
Համաճարակի դէմ պայքարի սահմանափակումներու մեղմացման ճանապարհին միշտ նախազգուշական միջոցներ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ո՛չ պատերազմ տեսած եմ, ոչ ալ ապրած։
Իմ յուշերու մատեանին մէջ ան շատ աղոտ է։ Երբեմն կցկտուր, շարժուն պատկերներ ու դրուագներ կը կենդանանան իմ աչքի առջեւ. հեռուէն՝ մշուշի մէջէն ձայներ կը հասնին իմ ականջներուն։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

​Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

ԵՐԱՄ

Արդէն մտեր էին Թեհրան։
Ֆարզատ քեռիի փրչոտ թեւերուն տակ դարձեր-դարձեր էր խոշոր ղեկը բեռնակառքին, անցեր էին ոլորաններով, իջեր վար բարձրունքներէն, եւ ի վերջոյ մտեր քաղաք։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղ, Թուրինի «Եուվենթուս» խումբի փորթուգալցի յարձակող Քրիստիանօ Ռոնալտօ վերադարձած է Իտալիա: Այս մասին կը գրէ Football Italia-ն: Ռոնալտոյի սեփական ինքնաթիռը ժամանած է Թուրին, մայիսի 4-ին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

Չինաստան բացած է երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղի մը դէպի Եւրոպա։ Այսպէս, Չինաստան-Եւրոպա երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղին, որ կը կապէ չինական Եու քաղաքը Լիթվայի մայրաքաղաքին՝ Վիլնիուսի հետ, բացուած է մայիսի 4-ին:

Էջեր