Արխիւ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Մեներգչուհի Մարալ Այվազ երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Սա Մարալ Այվազի առաջին մենահամերգն էր, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան սկսաւ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Երէկուան դրութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը սկսաւ այցելել մեր եկեղեցիները։ Աւանդութիւն է, որ Պոլսոյ Աթոռի գահակալը պաշտօնի կոչուելէ վերջ հովուապետական այցելութիւններ կը շնորհէ այն եկեղեցիներուն, որոնք Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ կը մնան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

ԵՐԱՄ

Այս օրուան պէս կը յիշեմ։
Աշնանային առաւօտ մըն էր։ Տասներկու տարեկան անմեղ աղջնակ, հօրս ձեռքը բռնած գացած էի դպրոց։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Պարոն Արտաշէսի ճամբուն վրայ կը գտնուի դէպի երկինք խոյացող, շքեղագոյն շինութիւն մը, որ իր իւրայատուկ արտաքինով անտարբեր չի ձգեր անցորդները։ Անկարելի է սա բարձրայարկ սքանչատես կառոյցի քովէն անցնիլ ու չնկատել զայն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բոլոր մարդիկ ներառուած են Ադամին մեղքին մէջ. «Անհնազանդութեամբ մէկ մարդու՝ բազմութիւնը մեղաւոր եղաւ» (ՀՌՈՄ. Ե 19)։ Այստեղ «բազմութիւն» բառը պէտք է հասկնալ՝ «բոլոր մարդիկ»ը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս սկսաւ հայերէնի ուսուցման ծրագիր մը: Դասաւանդութիւնը կը վարէ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Հայաստանի եւ Յորդանանի համագործակցութեան առջեւ կ՚ուրուագծուին նոր հեռանկարներ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ ամենաբարձր արարողակարգով հիւրընկալեց Ապտուլլահ Բ. թագաւորը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

«Եթէ մեր զինուորներուն դոյզն իսկ վտանգ մը հասնի, ապա պիտի հարուածենք վարչախումբի զօրքերը»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ լուրջ ազդարարութիւններ ուղղեց Սուրիոյ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքի՝ երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի տարածքին վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, տարածքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան, որու համար Վատիկանի կողմէ առաքելական կառավարիչ նշանակուած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ «Մարթին Պոսեր» սեմինարի վերատեսուչ Փրոֆ. Թոմաս Քինքէրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի։ Յանուն համոյթի ընտանիքին, անոնք շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Սա առաջին խումբն է, որու հետ կը ճաշեմ», ըսաւ երէկ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները հիւրընկալելու ժամանակ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Իսկապէս բծախնդիր հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր մեր մամլոյ սպասաւորներուն համար։ Արարողակարգը նրբանկատ էր, սակայն, մթնոլորտն ալ անմիջական։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

Որպէս Պոլսոյ Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը ջանայ աստիճանաբար իր տեսլականին համահունչ հունի մը մէջ դնել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Սա նոր շրջան մըն է՝ բնորոշեալ նոր յոյսերով, նոր սպասումներով, նոր մարտահրաւէրներով ու նոր առաջնահերթութիւններով։ Նորին Ամենապատուութիւնը այդ բոլորին նկատմամբ ուրոյն մօտեցումները սկսած է բանաձեւել սեփական ձեռագրով։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայիս կը ձեռնարկէ հովուապետական այցելութիւններու շարքի մը՝ դէպի մեր բոլոր եկեղեցիները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը մի առ մի պիտի այցելէ այն բոլոր սրբավայրերը, որոնք Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մաս կը կազմեն։ Առաջին հերթին Իսթանպուլի եկեղեցիները պիտի այցելէ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը պատրաստուի այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ սա պիտի ըլլայ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը՝ պատրիարքի կարգավիճակով։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մօտալուտ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ քննարկել եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան նիւթ մը, ինչ որ էական նշանակութիւն ունի Պոլսոյ Աթոռին տեսակէտէ եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի օրակարգի վրայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ

Արուեստագործութիւնը կարեւոր մաս կը կազմէ լիբանանեան պատմութեան ու ինքնութեան, որ օգնած է ձեւաւորելու շատ մը գիւղերու եւ քաղաքներու կառուցուածքը ու օժանդակած՝ ապրուստ հայթայթելու անհատներու եւ ընտանիքներու:

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար առակով կը խօսէր:
Պատասխան.
Հինգ պատճառով, նախ՝ որպէսզի կատարուի խօսքը. «Առակով պիտի բանամ Իմ բերանս» (Սղ 78.2), եւ այլն: 

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ընթերցողին սեղանին Կոստան Զարեանէն նոր գիրք մը կայ՝ «Լեզուն եւ արիւնը. Յօդուածներ ու էսսէներ» խորագրով, որ հրատարակուած է գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի աշխատասիրութեամբ:
Զարեանի բազմաժանր գրականութեան մէջ իրենց պատուաւոր տեղը ունին իր գրած յօդուածներն ու էսսէները: 

Էջեր