Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս դէպքը պատահած է 2018 թուականի դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ալապամա նահանգի Պիրմինկհըմ քաղաքի մօտերը գտնուող խանութի մը առջեւ։ Հինգ ամսը-ւան յղի Մարշա Ճոնսը (տես նկարը) թիրախ կը հանդիսանայ ատրճանաձգութեան մը, որուն դժբախտաբար զոհ կ՚երթայ իր արգանդի սաղմը։
ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ
1960-ական թուականներուն, երբ լիբանանահայ Ատիս Հարմանտեանը մուտք կը գործէր սփիւռքահայ երգարուեստի աշխարհ, գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի ունենար անթիւ-անհամար երկրպագուներ: Գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի դառնար իր երգերը անդադար կրկնող, անոնցմով սէր ապրող ու կարօտ արտայայտող ոչ միայն նորելուկ սիրահարներու, այլ նաեւ ամէն տարիքի կիներու կուռքը, շատ անգամներ տղամարդոց նախանձը անգամ գրգռելով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ յատկապէս «տաք գօտիներ»ուն մէջ համեմատաբար խաղաղ իրավիճակ մը արձանագրուեցաւ։ Մինչ Իտլիպի ծայրամասային ամենակարեւոր գաւառակներէն Խան շէխունը կ՚անցնէր Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ, վերլուծողներէն շատեր կը յանգէին այն եզրակացութեան, թէ Սուրիոյ բանակը անխախտ կերպով պիտի շարունակէ իր յառաջընթացը, սակայն այդպէս չէր ըլլար։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Իրեն կ՚ընկերանար մեր համայնքի համակրելի երիտասարդներէն, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ բաժանմունքի աշխատակից Արաս Աշըք։
Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ յուշանուէրներ յանձնեց խումբ մը երիտասարդներու:
Կրօնական ժողովի ատենապետը վերամուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ մեր համայնքէն համալսարանականներու հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի մէջ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոսնա-Հերսէքը։ «Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի J խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ մրցումը։
Ե. դարուն կառուցուած սրբավայրը վերանորոգուեցաւ նախկին պոլսահայ բարերարներու աջակցութեամբ:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան նախագահեց Սուրբ Կարմիր Կիրակի եկեղեցւոյ օծման եւ անդրանիկ Սուրբ Պատարագին:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Վան:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ առաւօտ պատարագեց եւ քարոզեց Աղթամարի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները դարձեալ պիտի տեսակցին շուտով:
«Մեր կառավարութիւնը շատ յստակ արտայայտած է լրջութիւնը՝ աշխոյժ աշխատելու համար կարգաւորման ուղղութեամբ»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացումին։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ պատուիրանը կը դատապարտէ անկրօնութեան գլխաւոր մեղքերը՝ խօսքով կամ գործով Աստուած փորձելը, սրբապղծութիւնը եւ սիմոնականութիւնը։
Այս գլխաւոր մեղքերու կարգին «սիմոնականութիւն»ը յատուկ տեղ մը կը գրաւէ մանաւանդ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Տխրահռչակ այս դէպքը վերջերս պատահած է Փորթօ Ռիքոյի մայրաքաղաքը՝ Սեն Ուանի նաւահանգիստին մէջ, ուր խարսխուած էր Royal Caribbean Cruise Line-ի հսկայական Freedom of the Seas (տես նկարը) զբօսաշրջութեան նաւը։ Պէտք է նշել, որ Փորթօ Ռիքոն կիսանկախ երկիր (unincorporated Territory) մըն է՝ որ կը պատկանի Միացեալ Նահանգներուն։ Անոր բնակիչները կ՚ուզեն միանալ Միացեալ Նահանգներուն որպէս 51-րդ նահանգ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իմ սիւնակի ընթերցողներս արդէն իրազեկուած էին, թէ ինչ ծանր պահեր ապրած էր Լիբանանը անցեալ կիրակի օր։ Խօսքը կը վերաբերի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի հարաւային գաւառները հրթիռակոծելու, ինչպէս նաեւ այդ հրթիռարձակումներուն ի պատասխան «Հիզպուլլահ»ի հարուածները իսրայէլեան «Աւեւիմ» շրջանէն անցնող զրահապատ կառքի մը, որուն մէջ (ըստ իրանեան աղբիւրներու) կային ութ զինուորականներ։
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գերմանացի նշանաւոր քնարերգակ, բանաստեղծ, վիպասան, դրամատուրգ, ինքնակենսագիր, ասացուածքներու հեղինակ, գրականագէտ, Աստուածաբան, փիլիսոփայ, իրաւաբան, դիւանագէտ, փաստաբան, քաղաքական գործիչ, պետական գործիչ, թատերագէտ, երաժշտահան, երաժշտական քննադատ, մշակութային քննադատ, նկարիչ, գրադարանավար, բուսաբան, կենդանաբան, բնագէտ, հանքաբան…
Վերամուտ է կրկին:
Դպրոցական տարին վերսկսաւ ջերմ խանդավառութեամբ, յուզումներով ու անուշ եռուզեռով: Մարտահրաւէրը նոյնն է միշտ. կարողանալ աւանդել սերունդէ սերունդ մեր մարդկայինն ու ազգային արժէքները՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, տոհմային ինքնութիւն եւ բարոյականութիւն, որպէսզի ապահովուի մեր գոյութիւնը պատմութեան դժնդակ ուղիներուն վրայ:
Հայաստանի ներկայացուցիչ, միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան նշանակուեցաւ ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 9 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր, ռուսական Խանթի Մանսիյսք քաղաքին մէջ:
Խումբ մը հայ գործարարներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Հայ ձեռներէցներու ընկերակցութիւն» անուանեալ հասարակական կազմակերպութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ընկերակցութեան արձանագրումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի առաջին նախաձեռնութիւնը Հայկական Ծաղկասայլն էր՝ որ շուրջ քառասուն այլ ծաղկասայլերու հետ մասնակցեցաւ Փասատինայի Վարդերու փառատօնին, 1 յունուար 2015-ին։
Հայկական առաջին ծաղկասայլը՝ «Քաղաքակրթութեան օրրան» բնաբանով (Cradle of Civilization), շահեցաւ «Նախագահ»ին պատուաբեր մրցանակը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աս թռչուն է, աս ծառ, տերեւ, արեւ, ամպ, երկինք, կապոյտ...
Զամբիւղը ձեռքը բռնած կը պտտի ուսուցիչը տասնեակ մը կազմող պատանիները գլխաւորելով. բացօթեայ դաս մըն է տեղի ունեցածը:
Գարեգին Բ. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ ժողովուրդը մշտապէս առաջնորդած է փրկութեան ուղիով»։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալեց Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները։