Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իր ներքին գիտակից անցուդարձերուն, գիտակից վիճակով երեք բան կ՚ընէ. կը դիտէ, կը տեսնէ՝ կը զննէ, կը դատէ եւ կը գործէ։ Բանականութեամբ օժտուած մարդ էակին բնական եւ բանական արարքներն են այս երեքը՝ զննել, դատել եւ գործել։
Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատի մէջ գիշերուան ժամերուն տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Այսպէս, հրթիռակոծուեցաւ «Կանաչ գօտի»ն, ուր կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, կարգ մը օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւններ եւ կառավարական շէնքեր։
Եւրոմիութիւն-Չինաստան առցանց գագաթաժողովին ժամանակ քննարկուեցան՝ միջազգային օրակարգի տեսակէտէ ուշագրաւ բազում խնդիրներ:
Եւրոպական կողմը կ՚ընդգծէ, որ միամիտ չէ ու կը գիտակցի Փեքինի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մոտելներու տարբերութեան վերաբերեալ հարցերուն:
Եգիպտոսի Հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Մնացականեան եւ Էլ-Սիսի քննարկեցին տարածքաշրջանային ու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցեր:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այս օրերուն հերթական ահազանգը կը հնչէ Թուրքիոյ ընդհանուր պատկերի լոյսին տակ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ համաճարակի ծաւալման թափը չէ նուազած երկրէն ներս։

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթէն կ՚արտատպենք «My Forest Armenia»ի հիմնադիր Անտրէ Կիւմիւշճեանի հետ Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ կատարուած հարցազրոյցը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ կոչ ուղղեց՝ նախազգուշական միջոցներու մէջ միասնական ըլլալու ուղղութեամբ։ Երէկ երեկոյեան, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
ԱՄՆ Յունական Կիպրոսի հետ պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութիւնը պիտի զարգացնէ:
Նիկոսիա շաբաթավերջին հիւրընկալեց Մայք Փոմփէոյի եւ Նիքոս Անասթասիատիսի բազմակողմանի բանակցութիւնները:
Երեւան եւ Գահիրէ կը ձգտին երկկողմանի բազմաոլորտ օրակարգը զարգացնելու ուղղեալ քայլեր առնել:
Հայաստանի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները շաբաթավերջին ունեցան կարեւոր հանդիպում մը:
Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն քառասուն օր անց ոգեկոչման յուզումնալի արարողութիւն:
Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան նախագահեց Երեւանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կարգին:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց տարուայ հինգ տաղաւարներէն վերջինը՝ Խաչվերացի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ։
ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Մանկութեան յուշերուս մէջ է «Little House on the Prairie» ֆիլմաշարը, երբ իւրաքանչիւր շաբաթ, հեռատեսիլին առջեւ գամուած, անհամբեր կը սպասէինք՝ պատկերային իր յարդարանքով, այնքան սիրալիր դերակատարներով, 1800-ական թուականներու Ինկըլզ ընտանիքի առօրեան պատմող ուշագրաւ պատմութիւնները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներն ու խօսակցութիւնները ցոյց կու տան, թէ արեւմտեան երկիրներ շատ ալ հետաքրքրուած չեն, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ի մի գան եւ սեղանին վրայ դնեն բանակցային այնպիսի գործընթաց մը, որ խաղաղութիւն պիտի բերէ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Քունը ընդհանրապէս դարեր շարունակ մարդոց ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան կիզակէտին գտնուած է։ Քունը կը կազմէ մեր կեանքի մէկ երրորդ մասը եւ անհրաժեշտ է աշխարհի իւրաքանչիւր շնչաւորի առողջ գործունէութեան համար։
Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Խաչվերացի տաղաւարի առթիւ Հսկման արարողութիւն կատարուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։
VICTOR HUGO
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տէ՛ր, ողորմեա՛ մեզ, զի ի Խաչ քո պարծելով պարծեցաք, եւ պահելով պահեսցէ զմեզ յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն. եւ լիցի պահապան ծառայիս Աստուծոյ. ամէն։ Չար իշխանքն հալածին, որք ընդ ծառայս քո մարտնչին. երեւելով նշան Խաչին, աներեւոյթ կործանեսցին»։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Սերպիայի եւ Քոսովայի կառավարութիւնները առաջադրուած են Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի։ Այսպէս, Շուէտի պատգամաւոր Մակնուս Եագոպսոն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Սերպիայի եւ Քոսովայի կառավարութիւնները առաջադրած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ սեպտեմբերի 4-ին ստորագրուած տնտեսական յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրի համար։
Կիւմրիի մէջ ճազի առցանց փառատօն քաղաքի թանգարաններու բակերէն ներս։ Այսպէս, Կիւմրիի մէջ, արդէն երրորդ անգամ «Մանուկեան ընկերութիւն»ը Ճազի հայկական ընկերակցութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ ճազի փառատօն:
Երբ մշակոյթը կը նպաստէ տեղական տնտեսութեան զարգացման, Տաւուշի մէջ կը սկսի «Երեւան ճազ ֆեստ»ը։
Համավարակով պայմանաւորուած երկարատեւ դադարէ յետոյ ճազի սիրահարները կրնան վայելել իրենց սիրելի երաժշտութիւնը «Երեւան ճազ ֆեստ»ի շրջանակներէն ներս, որ տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 13-ին, Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի «Սորաններ» ճեմապարտէզին մէջ: