Արխիւ
Խաղաղական ովկիանոսը եւ Արեւելեան չինական ծովը Ճաբոնի ափերու մօտ տաքցած են մինչեւ մրցանիշային մակարդակ։ Խաղաղական ովկիանոսի եւ Արեւելեան չինական ծովի մակերեւոյթը Ճաբոնի շարք մը ափամերձ շրջաններու մէջ վերջերս տաքցած է մինչեւ առաւելագոյն բարձր մակարդակը՝ դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
Աւստրալիոյ մէջ, վիրաւորման պատճառաւ մեկուսացման պայմաններու մէջ կ՚ապրի թեւատ մը, որ ինքզինք առանձին չզգալու համար կը դիտէ թեւատներու մասին ծաղրապատկերներու շարքեր։
Կարգ մը գիտնականներ պարզած են, թէ ո՛ր կենսանիւթը (վիթամին) կրնայ դադրեցնել քորոնաժահրի բազմացումը։
Արքայազն Հերի եւ իր կողակիցը՝ Մեկըն, բազմամեայ համաձայնագիր ստորագրած են Netflix-ի հետ։ Այսպէս, Անգլիոյ արքայազն Հերի եւ իր կինը՝ Մեկըն, որոնք կ՚ապրին Գալիֆորնիայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, երկար տարիներու համաձայնագիր ստորագրած են ժապաւէններու եւ ֆիլմաշարերու արտադրող Netflix ընկերութեան հետ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը մռայլ համայնապատկեր մը պարզեց հանրութեան աչքին առջեւ՝ 2020-2021 վերամուտի սեմին թրքահայ կեանքի առընչութեամբ։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր կրթական համակարգի առանցքին շուրջ կը բիւրեղանան մեր համայնքի մարտահրաւէրները։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, համավարակի պատճառաւ մեր համայնքային վարժարանները եւս կրթական գործընթացը հարկադրաբար կը կատարեն հեռակայ դրութեամբ, որ կ՚ենթադրէ համակարգիչի մը կարիքը։ Իսկ կարգ մը աշակերտներ չունին համակարգիչ մը, որ կարենան օգտագործել սոյն նպատակին համար։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
1997 թուականի սեպտեմբերի 1-ին իմ աչքով տեսայ, որ երբեք մարդամեքենաներ չեն ուսուցիչները, որոնք վերամուտին ընդառաջ քաղաքս կը ժամանեն ուղղաթիռներով, այլ մեզի պէս մարդիկ: Իմ կեանքի մէջ երբեք չէի տեսած ուսուցիչ, այդ իսկ պատճառաւ պատկերացումներս երեւակայական էին:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց հատոր մը, որ կ՚ընդգրկէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ 1951-2019 թուականներու տարեգրութիւնը եւ կենսամատենագիտութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարկեշտութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է, որ անոր կ՚ընկերանան նաեւ պատուախնդրութիւնը եւ ողջամտութիւնը։ Այս առաքինութիւնները կը հաստատուին անձերու մէջ տակաւին մանուկ հասակէն իսկ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Յիշողութիւնս զիս դէպի գերմանական տիրապետութիւն կը տանի, երբ աղքատ երեխաները կորեկէ շինուած հաց կ՚ուտէին, ու անոնց առողջութիւնը լաւ էր եւ կազմը՝ զօրաւոր: Իսկ հարուստ երեխաները, տկարութեամբ ու հիւանդութեամբ կը տառապին, հակառակ այն պարագային, որ հաց ու կարագ կ՚ուտեն:
Արեւելեան Միջերկրականի առկայ բոլոր հարցերուն շուրջ Պաքու անվերապահօրէն կը զօրակցի Անգարայի:
Ատրպէյճան կ՚անհանգստանայ Հայաստան-Յունաստան-Յունական Կիպրոս ռազմական համագործակցութեան բերումով:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կ՚արձանագրուին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Դիլիջանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Անտրէյ Քարթափոլովի հետ։ Այս վերջինը Հայաստան այցելեց «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցոյթի փակման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելու համար։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կարգաւորումով։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Խորհրդակցութեան բարձրագոյն մարմնի ժողովը Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Թուրքիա առաջին անգամ կը հետեւի արտաքին քաղաքականութեան մը՝ սեփական առաջնահերթութիւններու, կարիքներու եւ ծրագրաւորումներու հիման վրայ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն մարդոց կոչ կ՚ընեն, թէ պէտք է ապրիլ սորվիլ քորոնաժահրի հետ, այլ ոչ թէ ապաւինիլ պատուաստանիւթերուն։ Այսպէս, քորոնաժահրի նկատմամբ յաղթանակը տեղի կ՚ունենայ ոչ այն պահուն, երբ բնակչութեան համատարած պատուաստում կատարուի, այլ երբ մարդիկ սովորին ապրիլ ժահրին հետ:
Եւրոպան ահազանգ կը հնչեցնէ՝ քորոնաժահրի հնարաւոր երկրորդ ալիքի կապակցութեամբ։ Այսպէս, ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի «հիւանդութեան երկրորդ ալիքի» վերաբերեալ միասնական կարծիք։
Euronews հեռուստակայնը սկսաւ հեռարձակուիլ նաեւ վրացերէնով։ Կը հաղորդուի, որ օգոստոսի 31-ի դրութեամբ Վրաստանէ ներս իր հեռարձակման սկսած է Euronews հեռուստաալիքի վրացալեզու ծառայութիւնը։
Արցախի Թալիշ համայնքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը։ Անյայտ անձ մը Մարտակերտի շրջանի Թալիշ համայնքէն ներս հրկիզեց առանձնատուներ, կացարաններ եւ ալրաղաց մը։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Անտրէյ Քարթափոլով երէկ ժամանեց Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ։