Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը կը սկսի եւ կը շարունակուի մեծ ակնկալութիւններով եւ յաճախ արգելքներ կը ցցուին մարդուս յոյսերու, ակնկալութիւններու լայն հորիզոնին վրայ. շատ չանցած մարդ ինքզինք կը գտնէ «տառապանքներու խորունկ ձորեր»ուն մէջ։ Կեանքը երբե՛ք չէ՝ ի՛նչ որ մարդ կը փափաքի որ ըլլայ։
Իտալահայ 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչ դիմում ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Իտալիոյ քաղաքացի է ու ծնած՝ 1915 թուականին։
Նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան ներկայիս գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Հայկական եկեղեցիներ» խորագրեալ գծանկարներու շարք մը։ Հետաքրքրական շարք մըն է այս մէկը, որու մաս կը կազմեն հայկական ամենայատկանշական սրբավայրերու գծանկարները, որոնք ամփոփուած են տուփի մը մէջ։
Հանգուցեալ Օննօ Թունչի յիշատակին կազմակերպուած երաժշտական օրերը այսօր կ՚ազրափակուին:
MİAM-ի նախաձեռնած երէկուան մասնագիտական աշխատանոցին ժամանակ քննարկումները վարեց Ահմէտ Ուլուղ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը զուգորդուի բազում հարցականներով:
ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան այս առաւօտ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան աւարտեց դէպի Վրաստան իր աշխատանքային այցելութիւնը։ Ան ուղեւորութեան վերջին փուլին շփումներ ունեցաւ Ախալքալաքի մէջ, ուր մէկտեղուեցաւ տեղւոյն հայութեան հետ։
Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկներու շարքին ծրագիրը ընթացքի մէջ:
Ամերիկահայ յայտնի արուեստագէտ Քլինթ Պաճաքեան երէկ զրուցեց 40 երաժիշտներու հետ:
Կը տեղեկանանք, որ Sosyal Tarih հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս լոյս ընծայած է՝ դիւանագէտ ու պատմաբան Արսէն Աւագեանի կողմէ հեղինակուած գիրքը։ «Karanlıkta Kalmış Bir Eylemci: İttihatçı Komünist Salih Zeki (Kuşarkov)» կը կոչուի այս գիրքը, որ շահեկան ուսումնասիրութեան մը արդիւնքն է։
Թրքահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան վիճակին շուրջ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Մեր բարենպատակ հաստատութիւններու ֆիզիքական ամրութեան երաշխաւորման համար յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ երիցագոյն մետրապոլիտներէն Քոնստանդին Հարիսիատիսը։ Ան ներկայիս ի պաշտօնէ Նիկիոյ մետրապոլիտն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ այն ուխտաւորները, որոնք վերջերս Երուսաղէմ մեկնած էին՝ մասնակցելու համար Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան սանուց միութենէն Վարդան Պալմումճեանն ու Արսէն Գովանը։ Մխիթարեանի ընտանիքի այս երկու ծանօթ անունները փութացած էին բացատրութիւններ տալու համար միութեան վարչութեան մշակութային վերջին կարեւոր նախաձեռնութեան շուրջ։
Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 16 դեկտեմբեր 2019 թուակիր ու 1838 համար հրամանագրով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արքեպս. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրել։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս վերջերս ժողով մը գումարած է Թեմական խորհուրդը, որ հրապարակած է սրտցաւ, ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Մոնրէալի առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Թեմական խորհուրդը քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ ձեռնարկուած կանոնազանց արարքներու պատճառով ստեղծուած ցաւալի իրավիճակը։
ԵՐԱՄ
«Դեռ բան չես տեսել», ներսէս ըսեր էր մտքիս մէջ դրոշմուած Կոնդեցին, եւ քաջալերէր, որ աւելի եւս խորանամ դէպի գողտրիկ ծալքերը Կոնդին։
Ցարական ժամանակաշրջանի բնակելի տան շինութիւնը թողելով ետիս, բարձրացայ փոքր զառիվերն ի վեր, որու ծայրէն բոլորովին այլ տիպի եւ գոյնի Կոնդ մըն էր, որ կը կանչէր։ 

«Ջրային շոու» Երեւանի մէջ. առաջին անգամ Հայաստանի մէջ ելոյթ կունենայ «Waterland»։ 
Ռուսական «Waterland» կրկեսային թատերախումբը առաջին անգամ ներկայացումներով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Բամբասկոտութիւնը ամենէն տգեղ սովորութիւնն է։
-Ո՜հ, ես ալ բնաւ չեմ կրնար հանդուրժել բամբասկոտ մարդոց,- հոգւոյն խորքէն հառաչ քաշելով, դժկամ ու անգոհ դէմքով խօսակցութիւնը պաշտպանեց երկրորդ մը։
Վենետիկի մէջ զբօսաշրջային հոսքի վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկեն։ Այսպէս, Վենետիկը հիւրերու գերաւելցուկ (overtourism) ունեցող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն առաջինն է, որ ճանապարհորդներու հոսքերու վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ ամէն բան՝ որ գեղեցիկ է եւ բարի, անպայմա՛ն իր թշնամին ունի։ Բնութեան մէջ, ամէն ինչ որ ոչ միայն գեղեցիկ է, հապա նաեւ՝ որեւէ կերպով օգտակար է եւ անհրաժեշտ կեանքի պահպանութեան եւ գոյատեւման համար, աւերածութիւններու ենթակայ կ՚ըլլայ։
Պրազիլի մէջ քորոնա ժահրի պատճառով բարեկենդանը չեղարկելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ։ Այսպէս, Պրազիլի Առողջապահութեան նախարարութիւնը անհրաժեշտ չի համարեր քորոնա ժահրի պատճառով չեղարկել նշանաւոր բարեկենդանը, որ պէտք է տեղի ունենայ փետրուարի վերջաւորութեան։