Արխիւ
Աշխարհին ծանօթ է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկ, որ կը պայքարի աշխարհը պատուհասող բնապահպանական սպառնալիքին դէմ։ Ան իր շուրջ կը հաւաքէ հազարաւոր մարդիկ ու փողոց կ՚իջնէ պայքար մղելու համար։
Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ստեղծագործութիւններու յայտնի ցուցահանդէսի շրջագայութիւնը կը շարունակուի՝ աշխարհի յառաջատար քաղաքներով։ Այս ցուցահանդէսի նոր կանգառը կը հանդիսանայ Հռոմ, ուր Թրասթեւերէի թանգարանէն ներս բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու գլխաւոր հրամանատարը՝ Թատ Ուալթըրզ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր օրուան տեւողութեան հիւրընկալեցին ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատարը։
Կվինտածէ. «Հայաստան ունի լաւ վերահսկուած ու կայուն ելմտական հատուած»:
Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Երեւանի գրասենեակէն ներս:
Արաբական ծոցի երկիրներու Եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Քուէյթի մէջ:
Կիլիկեան Աթոռի ներկայացուցիչներէն Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան նիստերու աւարտին ատենապետ ընտրուեցաւ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Ժընեւի երկօրեայ բանակցութիւնները երէկ եզրափակուեցան։ Նախարարներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շուրջ երեք ժամուան հանդիպում մը ունեցան Քրեմլինի պալատէն ներս։
Այսօր կէս գիշերին Անգլիա պաշտօնապէս դուրս կու գայ Եւրոմիութեան կազմէն եւ այսպէոսվ իրականութիւն կը դառնայ BREXIT-ը, որ երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքական տագնապներու պատճառ կը դառնար։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ԵՄ-ի կազմէն դուրս կու գայ անդամ երկիր մը։ Եւրոմիութիւնը ցայսօր թէեւ զանազան ճգնաժամեր դիմագրաւած էր, սակայն այսօրուանը յարաբերաբար աւելի դառն փորձառութիւն մը կը համարուի, որովհետեւ ան կը կորսնցնէ իր լիիրաւ անդամներէն մին։
«Իսթանպուլի յունական փոքրամասնական վարժարաններէն ներս յունարէնի եւ թրքերէնի օգտագործումը» նիւթին շուրջ ուսումնասիրութիւն:
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը պատուոյ հիւրն էր՝ ասուլիսի ձեւաչափով կազմակերպուած գրքի շնորհանդէսի բազմակողմանի քննարկումներուն:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի, այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած»: (Սաղմոս 42): Եղջերուին հանգիստը, Սաղմոսերգուինը, քուկդ, անորը, իմս անշուշտ իրարմէ կը տարբերին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ահա՛, իմ բախտս բացուեցաւ. ես պիտի երթա՜մ...
Ուրախութեամբ խճողուած վանդակին մէջէն բացագանչեց թութակազգի budgie-ն, որ երիտասարդ յաճախորդին սուլոցին առաջին պատասխանողը եղած էր եւ այդպիսով ուշադրութիւնը որսացած:
Երեւանի Ազգային գրադարանը ստեղծած է Գիրքափոխանակութեան անկիւն մը։ Այսպէս, գիրքի, գրականութեան երկրպագուները, գալով Հայաստանի Ազգային գրադարան, այսուհետեւ կրնան օգտուիլ նաեւ Գիրքափոխանակութեան անիւնէն, որու դարակներուն դրուած են արժէքաւոր հրատարակութիւններ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով գիրքեր, կերպարուեստին վերաբերող գրականութիւն, մատենագիտական հրատարակութիւններ եւ այլն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
25 յունուարին, Չինաստանի մէջ չինական Նոր տարին սկսաւ, սակայն տօնական ձեռնարկներուն մեծ մասը չեղեալ յայտարարուեցան երկրին մէջ առկայ արտակարգ իրավիճակին՝ քորոնա ժահրի տարածման վտանգին պատճառով: Միւս կողմէ, Նոր տարին չինացիներուն ամենասիրած տօներէն է եւ շատեր չդիմացան հանրային վայրեր ելլելու եւ տօնելու գայթակղութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է Շէյքսփիրի «Համլէթ»ը։ Արդարեւ «Համլէթ»ի նախատիպը Ամլէթ անունով սկանտինաւեան առասպելի մը հերոսն է, զոր գրի առած է դանիացի Սաքսոն Կրամադիկոս 12-րդ դարուն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխը։ Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան միջեկեղեցական բնոյթով զանազան հարցեր։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Երուսաղէմը երբեք չի կըր-նար յանձնուիլ Իսրայէլին։
Նախագահ Էրտողան երէկ մեկնաբանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ նախընթաց օր մանրամասնութիւնները հրապարակուած ծրագրին, որ մշակուած է Իսրայէլ-Պաղեստին հիմնախնդրի լուծման համար։ 
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ տեսակցութիւն:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով 2020-ի տարեմուտի քննարկումները կը շարունակեն նաեւ այսօր:
Նորոգ հանգուցեալ կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին ներքեւ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, «Երկաթեայ բռունցք»ի նկատմամբ իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու փութացած էին Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Մուհարրէմ Քասափօղլու, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա եւ մարզական աշխարհէն յայտնի դէմքեր: Յուզումնախառն արարողութեան ընթացքին Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը, որով վեր առաւ ողբացեալի ապահոված նուաճումներն ու բարի համբաւը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր ծանօթ ազգայիններէն Մելքոն Քարաքէօսէն, որ Սամաթիոյ պատուոյ նախագահն է։ Մելքոն Քարաքէօսէ, որ քաղաքավարական այցելութիւնով մը ներկայացած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու իր գործակից ընկերները։ Հիմնարկի վարիչները այս քաղաքավարական այցելութիւնով շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։