ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներու խումբ մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը դրուատեց Հայաստանը ճանչնալու ձգտումը՝ երկրի սրբութիւններուն հաղորդ դառնալով հանդերձ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներու խումբ մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը դրուատեց Հայաստանը ճանչնալու ձգտումը՝ երկրի սրբութիւններուն հաղորդ դառնալով հանդերձ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս յատկանշական յոբելեան եւ արդար մեծարանք:
Ս. Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի համալիրէն ներս փառաշուք տօնակատարութիւն: Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի տեսլականը զինքը բարձրացուց պատուանդանի վրայ՝ բոլորի գնահատանքի եւ անկեղծ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Միքայէլ եւ Կեպրեմարիամ վարդապետները, որոնց ընկերացան Քիւտուս Սերթսու սարկաւագը եւ եթովպական համայնքի գործիչներէն Էլիզապէթ Թատեսսէ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը միշտ գործած է ու կը գործէ օրէնքի սահմաններէն ներս՝ առկայ հալածանքներու եւ ոտնձգութիւններու պայմաններուն ներքեւ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վեհարանի երդիքին տակ խորհրդակցեցաւ խումբ մը հեղինակաւոր իրաւաբաններու, սահմանադրագէտներու եւ իրաւապաշտպաններու հետ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը պահանջէ՝ իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովումն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սահմանադրական ինքնավարութեան նկատմամբ յարգանք:
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունեց Իսրայէլի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Պեքա Տուալը։ Այս վերջինը նոր առաքելութեան կոչուելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց հայոց վանքը։
Ժոզէֆ Աուն եւ ընկերակիցները մխիթարեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ այս շրջանին կը սգայ եղբօր մահը:
Լիբանանի նախագահը Անթիլիաս այցելեց՝ վշտակցութիւն յայտնելու համար ողբ. Աւետիս Քէշիշեանի կորուստին առթիւ:
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Սուրբ Քաղաքի ասորւոց եպիսկոպոսին՝ Անթիմոս Ժաք Եագուպի եւ միաբանակիցներուն այցելութիւնը։ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս դաւանակից եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը դիմաւորուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն խումբ մը վերապատուելիներ, որոնք փութացած էին Մերձաւոր Արեւելքէն:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց՝ մեծանուն ազգային բարերարի տեսլականի շարունակութեան ուղղեալ ջանքերը:
Սպիտակ տան հաւատքի հարցերով գրասենեակի աւագ խորհրդականը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վեհարանի մէջ ընդունեց Փոլա Ուայթ-Քէյնը, որ մասնակցեցաւ նաեւ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագ: Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ հայ հոգեւոր առաջնորդներու վերջերս կազմակերպուած հանդիպման: