ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ. ՆԱՓՈԼԻԻ ՀԱՅՈՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱԾԷՍ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՁԵՌԱՄԲ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութիւնը շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի հայոց Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Այս վերջինը կաթոլիկ եկեղեցի մըն է, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները կը պահուին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ առաւօտ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը տեղի ունեցաւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութեան առթիւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական մը ուղարկեց՝ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանման առթիւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Վայոց Ձորի առաջնորդ Տ. Աբրահամ արք. Մկրտչեան ազատ արձակուեցաւ առաջնորդի պարտականութիւններէն եւ հանգստեան կոչուեցաւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան Մեծ պահոց ներկայ շրջանին մեծ եռանդ ի գործ կը դնէ, որպէսզի եւրոպահայ երիտասարդները առաջնորդուին հոգեւոր ապրումներու։